Էլ Նինիօ օդերեւութաբանական երեւոյթ

Էլ Նինիօ օդերեւութաբանական երեւոյթ մը, որ տեղի կ'ունենայ ամէն 5-6 տարին անգամ մը, Կաղանդի շրջանին, հարաւամերիկեան ափերուն մօտակայքը:
Կազմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էլ Նինիօ քամիներու եւ ծովային հոսանքներու հետ կապուած է:
Բնական օդին, հովերը արեւելքէն արեւմուտք կը փչեն Խաղաղական ովկիանոսին վրայ: Անոնք կը տաքցնեն մակերեսի ջուրերը եւ կը հրեն դէպի Ինտոնեզիոյ (Ասիա) ափերը, դէպի արեւելք: Հոն տաք ջուրը կը շոգիանայ եւ ամպեր կը կազմէ: Ասիոյ մէջ անձրեւներու եղանակը կը սկսի: Խորերը գտնուող պաղ ջուրը կը բարձրանայ Հարաւային Ամերիկայի ափերուն մօտ` հետը բերելով չոր օդ, ձուկերուն համար ուտելիք եւ, հետեւաբար, առատ ձուկ եւ յաջող ձկնորսութիւն[1]:
Սակայն երբ Էլ Նինիօ կը յայտնուի, ամէն ինչ կը շրջուի հարաւամերիկեան ափերուն անձրեւներ եւ ողողումներ տեղի կ'ունենան: Խաղաղական ովկիանոսին կեդրոնը, հոն, ուր տաք եւ պաղ ջուրերը իրարու կը հանդիպին, տեղի կ'ունենան փոթորիկներ, ուժեղ պտուտահողմեր[2]: