Jump to content

Էլինոր Ռուզվելթ

Էլինոր Ռուզվելթ
Eleanor Roosevelt
Էլինոր Ռուզվելթ․ Սպիտակ Տան պաշտօնական դիմանկար
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Anna Eleanor Roosevelt[1][2]
Ծնած է 11 Հոկտեմբեր, 1884
Ծննդավայր Նիու Եորք
Մահացած է 7 Նոյեմբեր, 1962
Մահուան վայր Նիու Եորք
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3][4]
Մայրենի լեզու ամերիկեան անգլերէն
Կրօնք Անկլիքըն Եկեղեցի
Ուսումնավայր Նիւ Սքուլ և Ալենսուտի գիշերօթիկ վարժարան
Մասնագիտութիւն դիւանագէտ, գրագէտ, ինքնակենսագիր, քաղաքական գործիչ, կանանց իրավունքների պաշտպան, լրագրող, խաղաղասէր, իրաւապաշտպան, սիւնակագիր և ուսուցիչ
Աշխատավայր Պրենտայս Համալսարան և Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն
Վարած պաշտօններ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողով[5], Ա․Մ․Ն․ Առաջին Տիկին և դեսպան
Անդամութիւն Ամերիկեան յեղափոխութեան դուստրեր և Ալֆա Գաբա Ալֆա
Կուսակցութիւն Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին Ֆրանքլին Տ․ Ռուզվելթ
Ծնողներ հայր՝ Էլիոթ Պուլոկ Ռուզվելթ[5][6], մայր՝ Աննա Հոլ Ռուզվելթ[5][6]
Երեխաներ Էլիոթ Ռուզվելթ[1][6], Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելթ, կրտսեր[6], Ճոն Էսբինուոլ Ռուզվելթ[6], Ճէյմս Ռուզվելթ[1][6], Աննա Ռուզվելթ Հալսթետ[1][6] և Ֆրանքլին Տելնաօ Ռուզվելթ[1][6]
Ստորագրութիւն

Էլինոր Ռուզվելթ (անգլ․՝ Anne Eleanor Roosevelt, 11 Հոկտեմբեր 1884, Մանհաթան, Նիու Եորք7 Նոյեմբեր 1962, Նիու Եորք) ամերիկացի քաղաքական ու հասարակական գործիչ եւ դիւանագէտ։ Եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամէնէն երկար պաշտօնավարած առաջին տիկինը, իր ամուսինին՝ Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթի նախագահութեան չորս շրջաններուն ընթացքին, 1933-էն մինչեւ 1945։

Իր ճամբորդութիւններուն, հանրային ներգրաւման եւ փաստաբանութեան միջոցով, ան մեծ չափով վերասահմանեց «առաջին տիկին»ին դերը: 1945-ին այրի մնալով, ան ծառայեց որպէս Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Ժողովին (1945-էն 1952) եւ առաջնակարգ դեր ստանձնեց Մարդկային Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի յօդուածը մշակելու եւ միջազգային աջակցութիւն շահելու մէջ։ 1948-ին, ժողովը երբ հրչակագիրւ իւրացուց, զայն պատուեց ոտքի ծափահարութեամբ։ Նախագահ Հարի Ս. Թրուման զայն կոչեց «Աշխարհի Առաջին Տիկինը», ի պատիւ մարդկային իրաւունքներու իր ձեռքբերումներուն։

Էլինոր, 1898-ին

Էլինոր, Ռուզվելթ եւ Լիվինկսթոն նշանաւոր եւ հարուստ ընտանիքներու անդամ էր եւ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթի եղբօրորդին։ Ան տխուր մանկութիւն մը ունեցած է․ փոքր տարիքին կորսնցուցած է իր ծնողքը եւ իր եղբայրներէն մէկը:

15 տարեկանին, ան Լոնտոնի Ալենսուտի գիշերօթիկ վարժարանը կը յաճախէ ու խորապէս կ՛ազդուի անոր հիմնադիր եւ տնօրէն Մարի Սուվէսթրէն: Միացեալ Նահանգներ վրադառնալով, ան կ՛ամուսնանայ իր հինգերորդ զարմիկին հետ՝ Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելթին, 1905-ին: 1906 - 1916 ժամանակամիջոցին, ան վեց զաւակ կ՛ունենայ, որոնցմէ մէկը մանուկ հասակին կը մահանայ:

Ֆրանքլին Ռուզվելթ եւ Էլինոր Ռուզվելթ իրենց զաւակներուն հետ, 1919

Ռուզվելթներու ամուսնութիւնը կը բարդանայ, երբ Էլինոր կ՛իմանայ իր ամուսնին սիրային կապը անոր քարտուղարուհիին հետ (1918): Իր կէսուր մօր՝ Սարայի միջամտութեամբ, զոյգին կապը պաշտօնապէս վերջ կը գտնէ։ Ատկէ ետք, երկուքն ալ կը սկսին անկախ օրակարգեր մշակել, եւ Էլինոր կը միանայ Կանանց Գործարանային Միութեան Լիկային ու կը սկսի եռանդուն գործունէութիւն ծաւալել Նիու Եորք նահանգին Ժողովրդավար Կուսակցութեան մէջ։ Ռուզվելթ կարեւոր դեր կը խաղայ իր ամուսինը քաղաքականութեան մէջ մնալու համոզումին, երբ Ֆրանքլին 1921-ին անդամալուծոյծհիւանդութեամբ կը հարուածուի։

Ֆրանքլինի՝ 1928-ին Նիու Եորքի նահանգապետ ընտրուելէն ետք եւ անոր քաղաքական ասպարէզին մնացած ժամանակաշրջանին ընթացքին, Էլինոր անոր անունով յաճախ հրապարակային ելոյթներ կ՛ունենայ։ Իսկ որպէս առաջին տիկին, երբ իր ամուսինը նախագահի պաշտօնը կը վարէ, ան մեծապէս կ՛ազդէ այդ պաշտօնին տեսութեան եւ ապագայ ծիրին։

Ռուզվելթ իր ժամանակին աշխարհի ամենէն շատ հիացած եւ զօրաւոր կիներէն մէկy եղած է։ Այնուամենայնիւ, Սպիտակ Տան իր վաղ տարիներուն, վիճելի եղած են իր ճառախօսութիւնները, յատկապէս ափրիկեցի ամերիկացիներու քաղաքացիական իրաւունքներու իր քարոզարշաւին ընթացքին։

Ան, առաջին նախագահական կինը եղած է որ հերթական մամլոյ ասուլիսներով հանդէս եկած է, օրաթերթի մէջ սիւնակ ունեցած է, ամսաթերթի մէջ յօդուածներ հրատարակած է, ձայնասփիւռի շաբաթական յայտագիր վարած է եւ ազգային կուսակցական համաժողովի մը մէջ ելոյթ ունեցած է:

Էլինոր Ռուզվելթ Մ․Ա․Կ․ մէջ, 1946-1947

Քանի մը առիթներով, ան հրապարակաւ իր ամուսնոյն քաղաքականութիւններուն հանդէպ իր անհամաձայնութիւնը յայտնած է։ Ան Արթըրտէյլի (Արեւմտեան Վիրճինիա) մէջ փորձնական համայնք մը հիմնած է գործազուրկ հանքագործներու ընտանիքներուն համար, որ սակայն աւելի ետք, ձախողութիւն մը նկատուած է։ Ան պաշտպանած է կիները աւելի ընդարձակ դեր ունենան աշխատանքի բնագաւառին մէջ, ափրիկեցի ամերիկացիներու եւ ասիացի ամերիկացիներու քաղաքացիական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի փախստականներու իրաւունքները։

1954, Հայլէ Սելասիէին հետ

Ֆրանքլին Տ․ Ռուզվելթին մահէն ետք 1945-ին, Էլինոր մղեց Միացեալ Նահանգները միանալու եւ պաշտպանելու Միացեալ Ազգերը, ու կազմակերպութեան մարդկային իրաւունքներու հարցերով առաջին պատուիրակը դարձաւ:

Էլինոր Ռուզվելթ, Մարդկային իրաւունքներու Միացեալ Ազգերու յանձնաժողովի առաջին նախագահը եղաւ եւ տնօրինեց Մարդկային Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի մշակումը։ Ապա, ան նախագահեց Ճոն Ֆ. Քենետի վարչակազմի Կնոջ Կարգավիճակին նուիրուած Նախագահական յանձնաժողովին։

Մինչեւ մահը (1962), Ռուզվելթ կը սեպուէր «աշխարհի ամէնէն յարգուած կիներէն մէկը»։ The New York Times անոր մահագրութեան մէջ, զայն անուանած է՝ «գրեթէ համընդհանուր յարգանքի առարկայ»։ 1999-ին, Ռուզվելթ Gallup-ին 20-րդ դարու ամէնէն շատ հիացած մարդոց ցանկին մէջ, կը գրաւէր իններորդ դիրքը եւ պարզուած է, թէ 1948-էն 1961 տարիներուն ընթացքին Gallup-ի՝ տասներեք տարբեր տարիներու մէջ, տարեկան ամէնէն շատ հիացած կնոջ հարցումին, ամէնէն շատ հիացած կինւ եղած է։ Սիենայի համալսարանի հետազօտական հիմնարկին կողմէ կատարուած ժամանակաշրջանային հարցումները յարատեւ կերպով ցոյց տուած են թէ պատմաբանները Ռուզվելթ կը գնահատեն իբրեւ Ամերիկացի մեծագոյն առաջին տիկինը։

Էլինոր Ռուզվելթ մահացաւ 7 Նոյեմբեր, 1962-ին, իր բնակարանին մէջ, Մանհաթան, Նիու Եորք:

[7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 Lundy D. R. The Peerage
  2. Ward G. C. Roosevelt, Eleanor (11 October 1884–07 November 1962), first lady of the United States, social reformer, politician, diplomat // American National Biography Online / S. Ware[New York]: Oxford University Press, 2017. — ISSN 1470-6229doi:10.1093/ANB/9780198606697.ARTICLE.1500580
  3. http://www.bbc.co.uk/radio4/history/greatlives/index_series7.shtml
  4. LIBRISՇուէտի Ազգային Գրադարան, 2004.
  5. 1 2 3 Blain V., Grundy I., Clements P. The Feminist Companion to Literature in English: Women Writers from the Middle Ages to the Present — 1990. — P. 920.
  6. 1 2 3 4 5 6 7 8 Kindred Britain
  7. My Day (Իմ օրը), 9 Յունուար 1954, Էլինոր Ռուզվելթ(անգլերէն)
  8. Բրիտանական հանրագիտարան․ Էլինոր Ռուզվելթ,14-Ապրիլ 2026(անգլերէն)
  9. Էլինոր Ռուզվելթ ազգային պուրակ(անգլերէն)
  10. FDR Library & Museum-Էլինոր Ռուզվելթ, կենսագրական(անգլերէն)