Jump to content

Էլիզապէթ Պաուէր

Էլիզապէթ Պաուէր
Ծնած է 27 Նոյեմբեր 1948(1948-11-27) (77 տարեկան)
Մասնագիտութիւն հայագէտ, արուեստաբան

Էլիզապէթ Պաուէր (27 Նոյեմբեր 1948(1948-11-27)), աւստրիացի արուեստաբան, հայագէտ։ Վիեննայի ազգագրութեան թանգարանի աշխատակից։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Վիեննայի Արեւելագիտութեան Հիմնարկին մէջ, որակաւորուելով իբրեւ հայագէտ։

Հայոց լեզու ուսումնասիրած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ:

Գիտական մամուլում հրատարակել է բազմաթիվ հետազօտություններ հայոց պատմութեան, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան եւ կերպարուեստի վերաբերեալ։ 1972–1973-ական թուականներուն Վիեննայի համալսարանի պատմագիտական ֆակուլտետին մէջ եւ «Ուրանիայի» մէջ (ժողովրդական բարձրագոյն դպրոց) կարդացեր է հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ դասախօսութիւններու շարք։ Գիտական աշխատանքներու առանցքը Հայաստանի եւ Միջին Եւրոպայի պատմական ու մշակութային կապերու եւ փոխազդեցութիւններու հարցերն են։ Հրատարակած է «Հայ ճարտարապետութիւնը կը ներգործէ Եւրոպայի վրայ» (1971 թուական), « Ստրժիգովսկին կը յայտնաբերէ ճարտարապետութեան հանճարեղ հետազօտող Թորամանեանը» (1972 թուական) յօդուածները, «Հայաստան, պատմութիւնը եւ մշակոյթը» (1975), «Վաղ շրջանի Հայաստանը» (1984) աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ արուեստին նուիրուած յօդուածներ[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։