Էլթըն Ճոն
| Էլթըն Ճոն անգլերէն՝ Elton Hercules John | |
|---|---|
|
| |
| Ծննդեան անուն | անգլերէն՝ Reginald Kenneth Dwight |
| Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Elton John |
| Ծնած է | 25 Մարտ 1947[1][1][2][…] (79 տարեկան) |
| Ծննդավայր | Փիններ, Միդլեքս |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Մայրենի լեզու | անգլերէն |
| Ուսումնավայր | Երաժշտության թագավորական ակադեմիա?, Լոնտոնի Համալսարան և St. Thomas Aquinas High School? |
| Երկեր/Գլխաւոր գործ | Billy Elliot the Musical?, Goodbye Yellow Brick Road?[3], Your Song (երգ, Էլթոն Ջոն)?[4] և Tiny Dancer?[5] |
| Տեսակ | ռոք, Փոփ ռոք, գլեմ ռոք?, սոֆթ ռոք? և Ռիթմ եւ «Պլուզ» |
| Մասնագիտութիւն | երգիչ, երգահան, Շարժապատկերի դերասանուհի, դաշնակահար, ստուդիական երաժիշտ, ՁԻԱՀ ակտիվիստ, երաժիշտ և երգերու հեղինակ |
| Ամուսին | Renate Blauel? և Դեյվիդ Ֆերնիշ? |
| Ծնողներ | հայր՝ Stanley Dwight?[6], մայր՝ Sheila Eileen Farebrother?[6] |
| Երեխաներ | Zachary Furnish-John? |
| Կայքէջ | eltonjohn.com(անգլերէն) |
|
Ստորագրութիւն | |
Էլթըն Ճոն (անգլերէն՝ Elton Hercules John, 25 Մարտ 1947[1][1][2][…], Փիններ, Միդլեքս), բրիտանացի հանրայայտ երգիչ, երգահան եւ դաշնակահար։ Ժողովրդական մշակոյթի (popular culture) մէջ ազդեցիկ դէմք մը՝ ան ծանօթ է իր ցուցամոլ նորաձեւութեամբ, բեմական ներկայացումներով (showmanship) եւ երգահան Պըրնի Թօփինի (Bernie Taupin) հետ երգերու հեղինակային գործընկերութեամբ։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան 300 միլիոն ձայնապնակ վաճառած ըլլալով՝ ան բոլոր ժամանակներու ամէնաշատ վաճառուած երաժշտական արուեստագէտներէն մէկն է[7]։ Իբրեւ «EGOT»-ի (Էմմի, Կրեմմի, Օսքար, Թոնի) դափնեկիր, Ճոնի պարգեւները կը ներառեն հինգ «Կրեմմի» (Grammy Awards), երկու «Օսքար» (Academy Awards), մէկ «Փրայմթայմ Էմմի» (Primetime Emmy Award), մէկ «Թոնի» (Tony Award), երկու «Ոսկէ Կլոպուս» (Golden Globe Awards), մէկ «Լօրընս Օլիվիէ» (Laurence Olivier Award) եւ «Քենետի Սենթըրի» պատուոյ մրցանակը (Kennedy Center Honors)։
Ճոն կանուխ տարիքէն սորված է դաշնամուր նուագել՝ կրթաթոշակ շահելով Երաժշտութեան Թագաւորական Ակադեմիային մէջ (Royal Academy of Music)։ 1960-ականներուն ան կազմեց «Bluesology» պլուզ խումբը, Թօփինի հետ միասին երգեր գրեց այլ արուեստագէտներու համար եւ աշխատեցաւ իբրեւ նուագակցող երաժիշտ (session musician), նախքան իր առաջին ալպոմի՝ «Empty Sky»-ի (1969) հրապարակումը։ Յաջորդ վեց տասնամեակներու ընթացքին, Ճոն ամրապնդեց մշակութային տիպարի (cultural icon) իր դիրքը 32 стуդիական ալպոմներով, որոնցմէ են՝ «Honky Château» (1972), «Goodbye Yellow Brick Road» (1973), «Rock of the Westies» (1975), «Sleeping with the Past» (1989), «The One» (1992), «Songs from the West Coast» (2001), «The Diving Board» (2013) եւ «The Lockdown Sessions» (2021)։ Ան նաեւ յաջողութիւններ արձանագրած է երաժշտական ֆիլմերու եւ թատրոնի մէջ՝ երաժշտութիւն յօրինելով «Առիւծ Արքան» (The Lion King, 1994), «Աիտա» (Aida, 2000) եւ «Պիլի Էլիոթ» երաժշտախաղի (Billy Elliot the Musical, 2005) համար։ Ճոնի վերջին համերգաշարքը՝ «Farewell Yellow Brick Road»-ը (2018–2023), այդ ժամանակաշրջանին դարձաւ պատմութեան մէջ ամէնաբարձր հասոյթ ապահոված համերգաշարքը։ Անոր կեանքն ու գործունէութիւնը վերածուեցան պատմագրական ֆիլմի 2019-ի «Rocketman» կենսագրական ժապաւէնին մէջ։
Ճոն ՄԻԱՒ/ՁԻԱՀ-ի (HIV/AIDS) բարեգործական հանգանակութիւններու կազմակերպիչ է եւ 1980-ականներու վերջաւորութենէն ի վեր ներգրաւուած է ՁԻԱՀ-ի դէմ պայքարին մէջ[8][9][10]։ 1992-ին ան հիմնեց «Էլթըն Ճոնի ՁԻԱՀ-ի Հիմնադրամը» (Elton John AIDS Foundation), որ իր ստեղծումէն ի վեր հաւաքած է աւելի քան 300 միլիոն անգլիական լիրա, իսկ տարի մը ետք ան սկսաւ հիւրընկալել իր ամէնամեայ «ՁԻԱՀ-ի Հիմնադրամի Օսքարի Երեկոյթը», որ այնուհետեւ դարձաւ Հոլիվուտի ֆիլմերու արտադրութեան ամէնամեծ ու հեղինակաւոր Օսքարեան երեկոյթներէն մէկը[11]։ Ճոն եղած է «Ուաթֆորտ» ֆութպոլի ակումբի (Watford Football Club) նախագահն ու տնօրէնը 1976-1987 թուականներուն, ապա դարձեալ՝ 1997-2002 թուականներուն, եւ ակումբի ցմահ պատուաւոր նախագահն է։ 1970-ականներու վերջաւորութենէն մինչեւ 1980-ականներու վերջաւորութիւնը, Ճոն ունեցած է թմրեցուցիչներու եւ ալքոհոլի ծանր կախուածութիւն, բայց 1990 թուականէն ի վեր մաքուր ու սթափ է[12]։ 2005-ին ան քաղաքացիական գործընկերութեան (civil partnership) մէջ մտաւ իր երկարամեայ ընկերոջ՝ քանատացի ֆիլմերու արտադրիչ Տէյվիտ Ֆըրնիշի (David Furnish) հետ։ Անոնք ամուսնացան 2014-ին, երբ նոյնասեռական ամուսնութիւնները օրինականացուեցան Անգլիոյ եւ Ուէյլսի մէջ[13]։
Ճոն ունեցած է առաջին հորիզոնականը գրաւող ինը մեներգ (single) Մեծն Բրիտանիոյ մեներգներու հիթ-շարքին (UK singles chart) եւ ամերիկեան «Billboard Hot 100»-ի մէջ, ինչպէս նաեւ եօթը յաջորդական առաջին հորիզոնականի ալպոմներ ամերիկեան «Billboard 200»-ի մէջ։ Ան ամերիկեան «Billboard»-ի հիթ-շարքերու պատմութեան ամէնայաջողակ մեներգիչն է եւ առաջին մեներգիչն էր, որ ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ լաւագոյն տասնեակին (top 10) մէջ ներառուած մեներգներ վեց տասնամեակներու ընթացքին։ Ուէյլսի Իշխանուհի Տայանային նուիրուած իր յարգանքի մեներգը՝ «Candle in the Wind 1997»-ը, որ իր 1974-ի մեներգի վերագրուած տարբերակն է, բոլոր ժամանակներու ամէնաշատ վաճառուած հիթ-շարքի մեներգն է[14][15]։ Ճոն ընդունուած է Երգահաններու Փառքի Սրահ (Songwriters Hall of Fame) եւ Ռոք էն Ռոլի Փառքի Սրահ (Rock and Roll Hall of Fame), ինչպէս նաեւ «The Ivors Academy»-ի անդամ է։ Ան երաժշտութեան եւ բարեգործութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար 1998-ին արժանացած է Ասպետի կոչման (Knight Bachelor), իսկ 2020-ին նշանակուած է Պատուոյ Ասպետներու Շքանշանի (Order of the Companions of Honour) անդամ։ «Rolling Stone» ամսագիրը զինք դասած է բոլոր ժամանակներու մեծագոյն արուեստագէտներու, մեծագոյն երգիչներու եւ մեծագոյն երգահաններու շարքին[16][17]:
Կանուխ կեանք եւ կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռեճինալտ Քենեթ Տուայթ ծնած է 25 Մարտ 1947-ին՝ Փինըր, Միտըլսեքս (Pinner, Middlesex - ներկայիս Լոնտոնի Հարօու թաղամասի մաս կը կազմէ)։ Ան Սթենլի Տուայթի (1925–1991) անդրանիկ զաւակն էր եւ Շիլա Այլինի (ծնեալ՝ Հարիս, 1925–2017) միակ զաւակը, որոնք ամուսնացած էին 1945-ին[18][19][20]։ Ան մեծցած է Փինըրի տան մը մէջ, ուր կը բնակէին իր մօրենական մեծ հայրն ու մեծ մայրը[21]։ Երբ ան վեց տարեկան էր, ընտանիքը տեղափոխուեցաւ մօտակայ կիսակից տուն մը[22][23][24]։ Ան ուսում ստացած է «Pinner Wood Junior School», «Reddiford School» եւ «Pinner County Grammar School» դպրոցներուն մէջ մինչեւ 17 տարեկան, երբ լքեց դպրոցը՝ «A-Level»-ի աւարտական քննութիւններէն անմիջապէս առաջ, որպէսզի հետապնդէ երաժշտական ասպարէզ մը[25]։
Երբ Ճոն սկսաւ լրջօրէն մտածել երաժշտական ասպարէզի մասին, անոր հայրը, որ կը ծառայէր Թագաւորական Օդուժին (Royal Air Force) մէջ, փորձեց զինք առաջնորդել դէպի աւելի սովորական ասպարէզ մը, ինչպէս՝ դրամատնային գործը։ Ճոն ըսած է, որ իր բեմական վայրի հագուստներն ու կատարումները իր ձեւն էին ազատագրուելու իր սահմանափակումներով լեցուն մանկութենէն ետք։ Անոր ծնողքը երկուքն ալ հակում ունէին դէպի երաժշտութիւնը. հայրը շեփորահար էր «Bob Millar Band»-ի մէջ, որ կիսարհեստավարժ big band մըն էր եւ կը նուագէր զինուորական պարահանդէսներու ընթացքին։ Տուայթ ընտանիքը ձայնապնակներու մեծ գնորդ էր, ինչ որ Ճոնը ծանօթացուց ժամանակի ժողովրդական երգիչներուն եւ երաժիշտներուն։ Ճոն դեռ պզտիկ տղայ սկսած էր նուագել իր մեծ մօր դաշնամուրը, եւ մէկ տարուան ընթացքին մայրը լսեց, թէ ինչպէս ան միայն լսողութեամբ կը նուագէր Էմիլ Վալտթէօֆելի «Չմշկորդներու վալսը» (The Skater's Waltz)։ Խնճոյքներու եւ ընտանեկան հաւաքոյթներու ընթացքին նուագելէ ետք, եօթը տարեկանին, ան սկսաւ դաշնամուրի կանոնաւոր դասերու հետեւիլ։ Ան դպրոցին մէջ երաժշտական ձիրք ցոյց տուաւ, ներառեալ եղանակներ յօրինելու կարողութիւնը, եւ ուշադրութիւն գրաւեց դպրոցական հանդէսներու ընթացքին Ճերի Լի Լուիսի նման նուագելուն համար։ 11 տարեկանին ան կրտսեր կրթաթոշակ շահեցաւ Երաժշտութիւն Թագաւորական Ակադեմիային մէջ (Royal Academy of Music)։ Ըստ իր հրահանգիչներէն մէկուն, Ճոն, Ճորճ Ֆրիտրիխ Հենտելի չորս էջնոց ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ լսելէ ետք, անմիջապէս նուագեց զայն նոյնութեամբ՝ «ձայնապնակի» պէս[26]։
Յաջորդ հինգ տարիներուն Ճոն կը հետեւէր Շաբաթ օրուան դասընթացքներուն Լոնտոնի կեդրոնը գտնուող ակադեմիային մէջ։ Ան ըսած է, թէ հաճոյքով կը նուագէր Ֆրետերիք Շոփեն եւ Եոհան Սեպասթիան Պախ, ինչպէս նաեւ կ'երգէր երգչախումբին մէջ Շաբաթ օրուան դասերուն ընթացքին, բայց այլապէս ան պարտաճանաչ դասական ուսանող մը չէր։ «Ես որոշ չափով կը դժկամէի Ակադեմիա երթալ», ըսած է ան. «Ես այն տղոցմէ էի, որոնք կրնային առանց փորձ ընելու սպրդիլ ու քննութիւնները անցնիլ, հազիւ նիշեր ապահովելով»։ Ան նաեւ պատմած է, որ երբեմն դասերէն կը փախչէր եւ Լոնտոնի մեթրոյով կը պտըտէր։ Քանի մը դասախօսներ վկայած են, որ ան «օրինակելի ուսանող» էր, եւ վերջին քանի մը տարիներուն, ակադեմիայի դասերէն բացի, ան դասեր կ'առնէր նաեւ մասնաւոր փորձավարէ մը։ Ան լքեց ակադեմիան նախքան աւարտական քննութիւնները տալը[27]։
Ճոնի մայրը, թէեւ խիստ էր իր զաւկին հանդէպ, սակայն աւելի շփուող էր, քան իր ամուսինը, եւ որոշ չափով ազատատենչ ոգի ունէր։ Քանի որ Սթենլի Տուայթը հետաքրքրուած չէր իր զաւկով եւ յաճախ բացակայ էր, Ճոն հիմնականին մէջ մեծցաւ մօր եւ մօրենական մեծ մօր խնամքով։ Երբ հայրը տունն էր, Տուայթները կատաղի վէճեր կ'ունենային, ինչ որ մեծապէս կը տագնապեցնէր Ճոնը։ Երբ ան 14 տարեկան էր, անոնք ամուսնալուծուեցան։ Անկէ ետք մայրը ամուսնացաւ տեղացի ներկարար Ֆրետ Ֆէյրպրատըրի հետ, որ հոգատար ու քաջալերող խորթ հայր մըն էր, եւ որուն Ճոն սիրով կը կոչէր «Տերֆ» (Derf՝ Ֆրետ անունը հակառակ կարդացուած)։ Անոնք տեղափոխուեցան Frome Court կոչուող ութ բնակարաննոց շէնքի թիւ 3A բնակարանը, որ հեռու չէր նախորդ երկու տուներէն։ Հոն Ճոն գրեց այն երգերը, որոնք սկիզբ տուին ռոք աստղի իր ասպարէզին։ Ան հոն բնակեցաւ մինչեւ այն ատեն, երբ միաժամանակ չորս ալպոմներ ունեցաւ ամերիկեան «Top 40» հիթ-շարքին մէջ[28]։
Ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1962–1969. Փապի դաշնակահարէն մինչեւ երգերու հաստիքային հեղինակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]15 տարեկանին, մօրն ու խորթ հօր օգնութեամբ, Ճոն աշխատանքի կ'ընդունուի իբրեւ դաշնակահար մօտակայ փապի մը մէջ՝ «Northwood Hills Hotel»-ը, նուագելով Հինգշաբթիէն Կիրակի գիշերները։ Ճանչցուած պարզապէս իբրեւ «Ռեճի», ան կատարած է շարք մը ժողովրդականացած երգեր, ներառեալ՝ Ճիմ Ռիվզի եւ Րէյ Չարլզի երգերէն, ինչպէս նաեւ իր սեփական յօրինումները։ «The Corvettes» կոչուող կարճատեւ խումբի մը հետ աշխատանքը ամբողջացուցած է այս ժամանակաշրջանը։ Թէեւ պատանի տարիքին ունէր բնական տեսողութիւն, Ճոն սկսաւ եղջերեայ շրջանակով ակնոց կրել՝ Պատի Հոլիին նմանակելու համար[29]։
1962-ին, Ճոն եւ քանի մը ընկերներ հիմնեցին «Bluesology» անունով նուագախումբ մը։ Ցերեկները ան յանձնարարութիւններ կը կատարէր երաժշտական հրատարակչատան մը համար, իսկ գիշերները իր ժամանակը կը բաժնէր Լոնտոնի պանդոկի մը սրահին մէջ ելոյթներուն եւ «Bluesology»-ի հետ աշխատանքին միջեւ։ 1960-ականներու կէսերուն, «Bluesology»-ն կ'ընկերակցէր շրջագայութեան մէջ գտնուող ամերիկեան soul եւ R&B երաժիշտներուն, ինչպէս՝ The Isley Brothers-ին, Մէյճըր Լենսին (Major Lance) եւ Patti LaBelle and the Bluebelles-ին։ 1966-ին նուագախումբը դարձաւ Լոնկ Ճոն Պոլտրիի (Long John Baldry) ուղեկցող խումբը եւ 16 անգամ ելոյթ ունեցաւ «Marquee Club»-ի մէջ[30]։
1967-ին, Ճոն արձագանգեց բրիտանական «New Musical Express» երաժշտական թերթի յայտարարութեան մը, որ տեղադրած էր Րէյ Ուիլիամզը, որ այդ ժամանակ «Liberty Records»-ի A&R (տաղանդներու յայտնաբերման) տնօրէնն էր։ Իրենց առաջին հանդիպման ժամանակ, Ուիլիամզ Ճոնին փոխանցեց Պըրնի Թոփինի (Bernie Taupin) գրած երգի խոսքերով չբացուած ծրար մը, որ արձագանգած էր նոյն յայտարարութեան։ Ճոն երաժշտութիւն գրեց այդ խօսքերուն համար եւ ուղարկեց Թոփինին․ այսպիսով սկսաւ անոնց տասնամեակներ տեւած գործակցութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Երբ երկուքը առաջին անգամ հանդիպեցան 1967-ին, անոնք ձայնագրեցին Ճոն/Թոփին առաջին երգը՝ «Scarecrow»-ն։ Վեց ամիս ետք, Ճոն սկսաւ հանդէս գալ Էլթըն Ճոն (Elton John) անունով՝ ի պատիւ «Bluesology»-ի երկու անդամներու՝ սաքսոֆոնահար Էլթըն Տինի (Elton Dean) եւ երգիչ Լոնկ Ճոն Պոլտրիի։ Ան օրինականօրէն իր անունը փոխեց Էլթըն Հերքուլես Ճոնի (Elton Hercules John) 1972 Յունուար 7-ին։ «Հերքուլես» անունը առնուած էր բրիտանական «Steptoe and Son» կատակերգական հեռուստաշարքի ձիու մը անունէն, որուն մեծ երկրպագուն էր Ճոն[31]։
Ճոնի եւ Թոփինի երկեակը 1968-ին միացաւ Տիք Ճէյմսի (Dick James) «DJM Records»-ին՝ իբրեւ երգերու հաստիքային հեղինակներ, եւ յաջորդ երկու տարիներու ընթացքին երգեր գրեցին տարբեր արուեստագէտներու համար, որոնցմէ են՝ Ռոճըր Քուքը (Roger Cook) եւ Լուլուն (Lulu)։ Թոփինը երգի խօսքերու խմբաքանակ մը կը գրէր մէկ ժամէն պակաս ժամանակի մէջ եւ կը փոխանցէր Ճոնին, որ իւրաքանչիւրին համար երաժշտութիւն կը յօրինէր կէս ժամուան ընթացքին՝ հրաժարելով այն խօսքերէն, որոնց համար չէր կրնար արագօրէն որեւէ գաղափար յղանալ։ Երկու տարի շարունակ անոնք թեթեւ ունկնդրութեան երաժշտութիւն գրեցին, որպէսզի Ճէյմսը վաճառէ երգիչներուն։ Անոնց վաղ շրջանի արտադրանքը կը ներառէր «Eurovision» երգի մրցոյթի (1969) Մեծն Բրիտանիոյ թեկնածու երգ մը Լուլուի համար՝ «I Can't Go On (Living Without You)» խորագրով։ Այն գրաւեց վեցերորդ տեղը՝ վեց երգերու մէջ։ 1969-ին, Ճոն դաշնամուրի ընկերակցութիւն ապահովեց Ռոճըր Հոտճսոնի առաջին թողարկուած մենակատարման համար՝ «Argosy» քառեակի «Mr. Boyd» երգին մէջ, որուն կազմը կ'ամբողջացնէին Քէյլըպ Քուէյն եւ Նայճըլ Օլսընը[32][33]։
1969–1973․ «Empty Sky»-էն մինչեւ «Goodbye Yellow Brick Road»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երաժշտական հրատարակիչ Սթիւ Պրաունի (Steve Brown) խորհուրդով, Ճոն եւ Թոփին սկսան աւելի բարդ երգեր գրել, որպէսզի Ճոն ձայնագրէ զանոնք «DJM»-ի համար։ Առաջինը «I've Been Loving You» (1968) մինակատարումն էր, որուն արտադրիչը (producer) «Bluesology»-ի նախկին կիթառահար Քէյլըպ Քուէյն էր։ 1969-ին, Քուէյի, թմբկահար Ռոճըր Փոփի (Roger Pope) եւ պաս-կիթառահար Թոնի Մարէյի (Tony Murray) հետ, Ճոն ձայնագրեց մէկ այլ մինակատարում՝ «Lady Samantha»-ն, եւ «Empty Sky» ալպոմը։ Իրենց յաջորդ՝ «Elton John» ալպոմին համար, Ճոն եւ Թոփին հրաւիրեցին Կաս Տաճընը (Gus Dudgeon) իբրեւ արտադրիչ, իսկ Փոլ Պաքմասթըրը՝ իբրեւ երաժշտական դաշնաւորող[34]։
«Elton John» ալպոմը թողարկուեցաւ 1970 Ապրիլին՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ «DJM Records/Pye Records»-ի, իսկ ԱՄՆ-ի մէջ՝ «Uni Records»-ի կողմէ, եւ հիմք դրաւ յաջորդող ալպոմներու բանաձեւին՝ կոսփելային (gospel) աքորտներով ռոք երգեր եւ ազդեցիկ քնարական երգեր։ Ալպոմի առաջին մինակատարումը՝ «Border Song»-ը, «Billboard Hot 100»-ի մէջ բարձրացաւ մինչեւ 92-րդ դիրք։ Երկրորդը՝ «Your Song»-ը, բրիտանական մինակատարումներու հիթ-շարքին մէջ գրաւեց եօթներորդ տեղը, իսկ ԱՄՆ-ի մէջ՝ ութերորդը՝ դառնալով Ճոնի առաջին յաջողած մինակատարումը իբրեւ երգիչ։ Ալպոմը շուտով դարձաւ իր առաջին յաջողած ձայնասկաւառակը՝ ԱՄՆ-ի «Billboard 200»-ի մէջ հասնելով չորրորդ դիրքի, իսկ բրիտանական ալպոմներու հիթ-շարքին մէջ՝ հինգերորդի[35]։
«Spencer Davis Group»-ի նախկին կշռոյթի բաժնի (rhythm section)՝ թմբկահար Նայճըլ Օլսընի եւ պաս-կիթառահար Տի Մարէյի (Dee Murray) ընկերակցութեամբ, Ճոնի ամերիկեան առաջին համերգը տեղի ունեցաւ 1970 Օգոստոս 25-ին, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքի «Troubadour» ակումբին մէջ եւ ունեցաւ մեծ յաջողութիւն։ «Tumbleweed Connection» թեմաթիք ալպոմը (concept album) թողարկուեցաւ 1970 Հոկտեմբերին եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ գրաւեց երկրորդ տեղը, իսկ ԱՄՆ-ի մէջ՝ հինգերորդը։ «17-11-70» կենդանի ձայնագրութեամբ ալպոմը (ԱՄՆ-ի մէջ խորագրուած՝ «11–17–70») ձայնագրուած էր Նիւ Եորքի «WABC-FM» ձայնասփիւռով հեռարձակուող «A&R Studios»-ի համերգի ընթացքին։ ԱՄՆ-ի մէջ այս ալպոմի վաճառքը տուժեց, քանի որ արեւելեան ափի անօրինական ձայնագրող մը հրապարակած էր ելոյթը պաշտօնական թողարկումէն քանի մը շաբաթ առաջ՝ ներառելով հեռարձակման ամբողջ 60 վայրկեանը, եւ ոչ թէ միայն «Dick James Music»-ի ընտրած 40 վայրկեանը[36]։
Ճոն եւ Թոփին գրեցին 1971-ի «Friends» ֆիլմի երաժշտութիւնը (soundtrack), ինչպէս նաեւ «Madman Across the Water» ալպոմը, որ ԱՄՆ-ի մէջ հասաւ ութերորդ դիրքի եւ կը ներառէր «Levon» հիթը ու ալպոմի բացման երգը՝ «Tiny Dancer»-ը։ 1972-ին, Տէյվի Ճոնսթոնը միացաւ «Elton John Band»-ին՝ իբրեւ կիթառահար եւ պեք-վոքալիստ։ 1972-ին թողարկուած «Honky Château»-ն դարձաւ Ճոնի առաջին ալպոմը, որ ԱՄՆ-ի մէջ գրաւեց առաջին տեղը՝ հինգ շաբաթ մնալով «Billboard 200»-ի գագաթնակէտին, եւ սկիզբ դրաւ ԱՄՆ-ի մէջ յաջորդաբար առաջին տեղը գրաւած եօթը ալպոմներու շարքին։ Ալպոմը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հասաւ երկրորդ դիրքի եւ ծնունդ տուաւ «Rocket Man» եւ «Honky Cat» յաջողած մինակատարումներուն։
1972-ին, Ճոն ելոյթ ունեցաւ «Royal Variety Performance»-ի ընթացքին, ուր իր վրայէն ուշադրութիւնը խլեց «Bonzo Dog Doo-Dah Band»-ի թմբկահար Լերի Սմիթի (Larry Smith) պարը։ Սմիթը հրաւիրուեցաւ միանալու Ճոնի ամերիկեան երկրորդ շրջագայութեան։ Սմիթը աւելի ուշ պատմած է. «Ես առաջարկեցի աւելցնել այլ տարօրինակ տարրեր, օրինակ՝ ես կատարեցի երգի ու պարի համար նախատեսուած "Singin' in the Rain"-ը, երբ Էլթընը դաշնամուր կը նուագէր։ Քուպրիքի "A Clockwork Orange" (Լարովի նարինջ) ֆիլմին մէջ վերջերս հնչած էր այդ երգը։ Բացի այդ, ես նախագծեցի խենթ, չափազանցուած տարազներ եւ բեմական հսկայական յարդարանքներ, որոնք յայտնի էին իբրեւ "Legstravaganzas"։ Էլթընը հիացած էր այդ բոլորով»[37]։
«Don't Shoot Me I'm Only the Piano Player» փոփ ալպոմը լոյս տեսաւ 1973-ի սկիզբը եւ առաջին տեղը գրաւեց Մեծն Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։ Ալպոմը տուաւ «Crocodile Rock» հիթը, որ դարձաւ ԱՄՆ-ի «Billboard Hot 100»-ի իր առաջին բացարձակ առաջատարը (number one), եւ «Daniel» երգը, որ ԱՄՆ-ի մէջ հասաւ երկրորդ տեղի, իսկ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ՝ չորրորդ։ Այս ալպոմը եւ «Crocodile Rock»-ը համապատասխանաբար առաջին ձայնասկաւառակն ու մինակատարումն էին ԱՄՆ-ի մէջ նոր միաւորուած «MCA Records» պիտակին (label) տակ՝ փոխարինելով MCA-ի միւս պիտակները, ներառեալ՝ «Uni»-ն[38]։
1973 Հոկտեմբերին թողարկուած «Goodbye Yellow Brick Road» երկպնակ (double album) ալպոմը անմիջապէս արժանացաւ քննադատներու բարձր գնահատանքին եւ գլխաւորեց հիթ-շարքերը Ատլանտեան ովկիանոսի երկու կողմերուն մէջ՝ առաջին տեղը մնալով երկու ամիս։ Այն նաեւ ժամանակաւորապէս հաստատեց Ճոնի դիրքը իբրեւ կլեմ ռոքի (glam rock) աստղ։ Ալպոմը կը ներառէր ԱՄՆ-ի մէջ առաջին տեղը գրաւած «Bennie and the Jets» երգը, ինչպէս նաեւ «Goodbye Yellow Brick Road», «Candle in the Wind» եւ «Saturday Night's Alright for Fighting» հիթերը, եւ համերգներու սիրուած երգեր դարձած «Funeral for a Friend/Love Lies Bleeding» ու «Harmony» ստեղծագործութիւնները։
1974–1980. «The Rocket Record Company»-էն մինչեւ «21 at 33»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճոն հիմնեց իր սեփական ձայնագրութեան ընկերութիւնը՝ «The Rocket Record Company»-ն (որ ԱՄՆ-ի մէջ կը տարածուէր «MCA»-ի, իսկ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ սկզբնապէս «Island»-ի կողմէ), եւ պայմանագրութիւններ կնքեց արուեստագէտներու հետ, որոնցմէ յատկանշական են Նիլ Սետաքան (Ճոնը երգած է Սետաքայի «Bad Blood» երգի ետնաբեմի ձայնակցութիւնները) եւ Քիքի Տին, որուն հանդէպ ան անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Իր սեփական ձայնապնակները «The Rocket Record Company»-ի միջոցով թողարկելու փոխարէն, Ճոն 8 միլիոն ԱՄՆ տոլարի պայմանագիր մը ստորագրեց «MCA Records»-ի հետ։ 1974-ին պայմանագիրի ստորագրման ժամանակ, ըստ տեղեկութիւններու, «MCA»-ն 25 միլիոն տոլարի կեանքի ապահովագրութիւն մը ձեռք բերած է անոր համար։ 1974-ին «MCA»-ն թողարկեց «Elton John's Greatest Hits»-ը, որ Մեծն Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի մէջ առաջին դիրքը գրաւեց եւ Ամերիկայի Ձայնագրութեան Արդիւնաբերութեան Ասոցիացիային (RIAA) կողմէ արժանացաւ «Ադամանդէ» վաւերացման՝ ԱՄՆ-ի մէջ 17 միլիոն օրինակի վաճառքին համար[39][40]։
1974-ին Ճոն համագործակցեցաւ Ճոն Լենընի հետ՝ Պիթըլզի «Lucy in the Sky with Diamonds» երգի վերակատարման վրայ, որուն B-կողմը (ձայնապնակի հակառակ կողմը) Լենընի «One Day at a Time» երգն էր։ Այն երկու շաբաթ շարունակ առաջին դիրքը գրաւեց ԱՄՆ-ի մէջ։ Փոխադարձաբար, Ճոնը հիւրընկալուեցաւ Լենընի «Walls and Bridges» ալպոմի «Whatever Gets You Thru the Night» երգին մէջ։ Նոյն տարուան վերջը, Լենընի վերջին մեծ համերգային ելոյթին ընթացքին, զոյգը կատարեց այս երկու առաջնակարգ հիթերը, ինչպէս նաեւ Պիթըլզի «I Saw Her Standing There» երգը՝ Նիւ Եորքի «Madison Square Garden»-ի մէջ։ Լենընը հազուադէպ պատահող այս բեմական ելոյթը ունեցաւ Ճոնի եւ անոր նուագախումբին հետ՝ յարգելու համար իր տուած խոստումը, ըստ որուն՝ ան բեմ պիտի բարձրանար անոր հետ, եթէ «Whatever Gets You Thru The Night»-ը ԱՄՆ-ի մէջ առաջին դիրքը գրաւող մենակատարում դառնար։ 1974-ին թողարկուեցաւ «Caribou» ալպոմը, որ դարձաւ Ճոնի երրորդ առաջնակարգ ալպոմը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ եւ գլխաւորեց ցուցակները ԱՄՆ-ի, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Ըստ տեղեկութիւններու, այն ձայնագրուած է երկու շաբթուան ընթացքին՝ համերգային ելոյթներու միջեւ, եւ կը ներառէր «The Bitch Is Back» ու «Don't Let the Sun Go Down on Me» երգերը։ «Step into Christmas»-ը թողարկուեցաւ որպէս առանձին մենակատարում 1973-ի Նոյեմբերին, եւ յայտնուեցաւ ալպոմի 1995-ի վերամշակուած հրատարակութեան մէջ[41]։
«The Who» խումբէն Փիթ Թաունշենտը խնդրեց Ճոնէն մարմնաւորել «Local Lad»-ի դերը «Tommy» ռոք-օփերայի 1975-ի ֆիլմի վերածման մէջ եւ կատարել «Pinball Wizard» երգը։ Հիմնուելով հզօր աքորտներու վրայ՝ Ճոնի տարբերակը ձայնագրուեցաւ եւ օգտագործուեցաւ ֆիլմին մէջ։ Երգը գրաւեց 7-րդ դիրքը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ Ճոն, որ բեմի վրայ որդեգրած էր գլեմ գեղագիտութիւնը, ուշագրաւօրէն յայտնած է, որ գլեմ-րոքի խորհրդանիշ Մարք Պոլանը «մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ»[42]։
1975-ի ինքնակենսագրական «Captain Fantastic and the Brown Dirt Cowboy» ալպոմը ԱՄՆ-ի մէջ առաջին դիրքով հանդէս եկաւ՝ ըլլալով առաջին ալպոմը, որ նման յաջողութիւն արձանագրեց, եւ հոն մնաց եօթը շաբաթ։ Ճոն այս ալպոմին մէջ բացայայտեց իր նախապէս երկիմաստ անհատականութիւնը, ուր Թոփինի քնարերգութիւնը կը նկարագրէր Լոնտոնի մէջ իբրեւ պայքարող երգահաններ եւ երաժիշտներ իրենց վաղ շրջանի օրերը։ Երգի բնագիրները եւ կից լուսանկարներու գրքոյկը տոգորուած են տեղի եւ ժամանակի յատուկ զգացումով մը, որ այլապէս հազուադէպ է անոր երաժշտութեան մէջ։ Այս ալպոմի հիթային մենակատարումը՝ «Someone Saved My Life Tonight»-ը, պատկերեց Ճոնի կեանքի վաղ շրջանի շրջադարձային կէտ մը։ Ալպոմի թողարկումը ազդարարեց «Elton John Band»-ի աւարտը, երբ դժգօհ եւ գերյոգնած Ճոնը արձակեց Օլսընն ու Մարրէյը[43]։
Ըստ «Circus» ամսագիրի՝ Ճոնի տնօրէն Ճոն Ռիտի խօսնակը ըսած է, որ որոշումը կայացուած է փոխադարձ համաձայնութեամբ՝ հեռախօսով, մինչ Ճոն Աւստրալիոյ մէջ էր՝ գովազդելու համար «Tommy» ֆիլմը։ Տէյվի Ճոնսթոնն ու Ռէյ Քուփըրը պահուեցան, Քուէյն ու Ռոճըր Փոփը վերադարձան, իսկ նոր պաս-կիթառահարը դարձաւ Քենի Փասարելին․ այս կշռոյթի բաժինը ապահովեց աւելի ծանր հարուածային յետնախորժ։ Ճէյմս Նիւթըն Հաուըրտ միացաւ խումբին՝ սթուտիոյի մէջ դասաւորումներ ընելու եւ ստեղնաշարային գործիքներ նուագելու համար։ 1975-ի Յունիսին, Ճոն ներկայացուց նոր կազմը Լոնտոնի «Wembley Stadium»-ի մէջ[44][45]։
Ռոք ուղղուածութիւն ունեցող «Rock of the Westies» ալպոմը ԱՄՆ-ի հիթ-շարքեր մուտք գործեց անմիջապէս առաջին դիրքով, ինչպէս որ եղած էր «Captain Fantastic and the Brown Dirt Cowboy»-ի պարագային․ սա նախապէս երբեք չնուաճուած իրագործում մըն էր։ Ճոնի բեմական զգեստապահարանը այժմ կը ներառէր ջայլամի փետուրներ, 5,000 տոլարնոց ակնոցներ, որոնք լոյսերով կը գրէին իր անունը, եւ այնպիսի տարազներ, ինչպէս՝ Ազատութեան արձանը, Տոնալտ Տաքը (Donald Duck) եւ Վոլֆկանգ Ամատէուս Մոցարթը։ 1975-ին ան աստղ մը ստացաւ Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին (Hollywood Walk of Fame) վրայ։ Ալպոմը կը ներառէր ԱՄՆ-ի մէջ իր հինգերորդ առաջնակարգ մենակատարումը՝ «Island Girl»-ը։ Նշելու համար իր առաջին ելոյթէն ի վեր անցած հինգ տարիները, 1975-ին Ճոն երկու գիշերուան ընթացքին չորս համերգ տուաւ «The Troubadour»-ի մէջ։ Քանի որ նստատեղերը սահմանափակ էին (իւրաքանչիւր համերգի համար 500 հոգիէն պակաս), տոմսերը բաժնուեցան բացիկներու վիճակահանութեան դրութեամբ, ուր ընտրուած իւրաքանչիւր անձ իրաւունք կը ստանար երկու տոմս գնելու։ Բոլոր ներկաները ստացան կոշտ կազմով «տարեգիրք» մը, որ կը վաւերագրէր նուագախումբին պատմութիւնը։ Նոյն տարին, ան նաեւ դաշնամուր նուագեց Քեւին Այըրզի (Kevin Ayers) «Sweet Deceiver» ալպոմին մէջ եւ եղաւ առաջին ու սակաւաթիւ սպիտակամորթ արուեստագէտներէն մէկը, որ ելոյթ ունեցաւ ափրօ-ամերիկեան «Soul Train» պատկերասփիւռի հաղորդաշարքին մէջ[46][47]։
1975-ի Օգոստոս 9-ին, Քալիֆորնիոյ Սանթա Մոնիքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ռոք երաժշտութեան առաջին ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան (Rock Music Awards) ժամանակ, Ճոն ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյն ռոք անհատականութիւնը։ 1976-ի Մայիսին թողարկուեցաւ «Here and There» կենդանի ձայնագրութեամբ ալպոմը, որուն հոկտեմբերին յաջորդեց «Blue Moves» ալպոմը․ վերջինս կը պարունակէր «Sorry Seems to Be the Hardest Word» մենակատարումը։ 1976-ին անոր ամենամեծ յաջողութիւնը «Don't Go Breaking My Heart»-ն էր՝ զուգերգ մը Քիքի Տիի հետ, որ գլխաւորեց շարք մը հիթ-շարքեր, ներառեալ՝ Մեծն Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի եւ Քանատայի մէջ[48]։
Բացի անկէ, որ այս շրջանը Ճոնի ասպարէզի ամենաշահութաբեր ժամանակաշրջանն էր, 1970-էն 1976 թուականները ընդհանուր առմամբ կը համարուին նաեւ անոր քննադատական գնահատանքի գագաթնակէտը։ 1972-էն 1975 թուականներու միջեւ ան ԱՄՆ-ի մէջ յաջորդաբար նուաճեց եօթը առաջնակարգ ալպոմ, ինչ որ նախապէս չէր տեսնուած։ «Rolling Stone» ամսագիրի 2003-ի «Բոլոր ժամանակներու 500 լաւագոյն ալպոմներ»-ու ցանկին մէջ տեղ գտած անոր վեց ալպոմներն ալ այս շրջանէն են, որոնցմէ ամենաբարձր դիրքը գրաւած է «Goodbye Yellow Brick Road»-ը՝ 91-րդ տեղով։ 1972-էն 1976 թուականներու միջեւ ան նաեւ ունեցաւ վեց մենակատարումներ, որոնք բարձրացան «Billboard Hot 100»-ի առաջին հորիզոնականը[49]։
1977-ի Նոյեմբերին, Ճոն յայտարարեց բեմական ելոյթներէն հեռանալու (հանգստեան կոչուելու) իր որոշման մասին, իսկ Թոփինը սկսաւ համագործակցիլ այլոց հետ։ Այժմ տարեկան միայն մէկ ալպոմ արտադրելով՝ Ճոն 1978-ին թողարկեց «A Single Man»-ը՝ նոր երգահան-քնարերգակ Կերի Օզպորնի հետ․ ալպոմէն ոչ մէկ մենակատարում տեղ գտաւ ԱՄՆ-ի լաւագոյն 20-նեակին մէջ, սակայն Մեծն Բրիտանիոյ մէջ թողարկուած երկու մենակատարումները՝ «Part-Time Love»-ը եւ «Song for Guy»-ը, երկուքն ալ հոն լաւագոյն 20-նեակին մէջ յայտնուեցան, ընդ որում՝ վերջինս հասաւ լաւագոյն 5-նեակին։ 1979-ին, ընկերակցութեամբ Ռէյ Քուփըրի, Ճոն դարձաւ արեւմտեան առաջին արուեստագէտներէն մէկը, որ համերգային շրջագայութիւն ունեցաւ Խորհրդային Միութեան (ԽՍՀՄ) եւ Իսրայէլի մէջ։ Ճոն վերադարձաւ ԱՄՆ-ի լաւագոյն տասնեակ՝ «Mama Can't Buy You Love» երգով (9-րդ դիրք)․ երգ մը, որ «MCA»-ն մերժած էր 1977-ին, եւ որ ձայնագրուած էր ամերիկեան սօուլ (soul) երաժշտութեան արտադրիչ Թոմ Պելի հետ։ Ճոն ըսած է, որ Պելն առաջին անձն էր, որ իրեն ձայնամարզութեան դասեր տուաւ եւ քաջալերեց զինք երգելու աւելի ցած ձայնաբաժինով[50]։
1981–1989. «The Fox»-էն մինչեւ «Sleeping with the Past»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճոնի 1981-ի «The Fox» ալպոմը ձայնագրուեցաւ «21 at 33»-ի միեւնոյն ձայնագրութեան շրջաններուն (սեսիաներուն) ընթացքին եւ կը ներառէր համագործակցութիւններ Թոմ Ռոպինսընի եւ Ճուտի Ծուկէի հետ։ 1980-ի Սեպտեմբեր 13-ին, երբ Օլսընն ու Մարրէյը վերադարձած էին «Elton John Band», եւ նորեկներ՝ Ռիչի Զիթոն (առաջատար կիթառ), Թիմ Ռենուիքը (կշռոյթի կիթառ) ու Ճէյմս Նիւթըն Հաուըրտը (ստեղնաշարային գործիքներ) միացած էին իրենց, Ճոն ձրի համերգ մը տուաւ Նիւ Եորքի «Central Park»-ի «The Great Lawn»-ին վրայ, որուն, ըստ հաշուարկներու, ներկայ գտնուեցաւ 400,000 երկրպագու։ Ան յայտագիրին մէկ մասը կատարեց Տոնալտ Տաքի (Donald Duck) տարազով։ 1982-ին թողարկուեցաւ «Jump Up!» ալպոմը, որուն ամենամեծ հիթը «Blue Eyes»-ն էր։ Այդ ալպոմին մէջ տեղ գտած է նաեւ «Empty Garden (Hey Hey Johnny)» երգը, որ գրուած էր 1980-ին Ճոն Լենընի սպանութեան ազդեցութեամբ[51]։
Խումբի սկզբնական անդամներուն՝ Ճոնսթոնի, Մարրէյի եւ Օլսընի վերամիացումով, Ճոն վերադարձաւ հիթ-շարքեր 1983-ի «Too Low for Zero» ալպոմով, որ կը ներառէր «I'm Still Standing» (Մեծն Բրիտանիոյ մէջ 4-րդ դիրք) եւ «I Guess That's Why They Call It the Blues» մենակատարումները․ վերջինիս մէջ Սթիւի Ուանտըրը հարմոնիքա (շրթնահարմոն) կը նուագէր, եւ այն հասաւ 4-րդ դիրքի ԱՄՆ-ի ու 5-րդ դիրքի՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ 1983-ի Հոկտեմբերին, Ճոն հակասութիւններու տեղի տուաւ, երբ խախտեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մշակութային պոյքոթը ափարթէյտի (ցեղային խտրականութեան) շրջանի Հարաւային Ափրիկէի դէմ՝ ելոյթ ունենալով «Sun City»-ի մէջ։ 1984-ի Սուրբ Վալենթինի օրը ան ամուսնացաւ իր մտերիմ բարեկամուհիին եւ ձայնային ճարտարագէտ Ռենաթէ Պլաուելի հետ․ ամուսնութիւնը տեւեց երեք տարի։ 1984-ին ան թողարկեց «Breaking Hearts»-ը, որ կը ներառէր «Sad Songs (Say So Much)» երգը՝ 5-րդ հիթը ԱՄՆ-ի եւ 7-րդը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ[52]։
1985-ին, Ճոն բազմաթիւ արուեստագէտներէն մէկն էր, որոնք ելոյթ ունեցան «Live Aid» բարեգործական մեծ համերգին, որ տեղի ունեցաւ «Wembley Stadium»-ի մէջ։ Ճոն կատարեց «Bennie and the Jets» ու «Rocket Man» երգերը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ Քիքի Տիի հետ՝ առաջին անգամ ըլլալով 1982-էն ի վեր։ Ան ելոյթը աւարտեց ներկայացնելով Ճորճ Մայքըլը (այն ատեն «Wham!» խումբէն)՝ «Don't Let the Sun Go Down on Me» երգի կատարման համար։ Ճոն նաեւ երգեր ձայնագրեց Միլլի Ճեքսընի հետ 1985-ին։ Տարուան վերջաւորութեան, Ճոն թողարկեց «Ice on Fire» ալպոմի «Nikita» երգը, որուն տեսահոլովակը ղեկավարած էր Քեն Ռասելը։ Երգը հասաւ 3-րդ դիրքի Մեծն Բրիտանիոյ եւ 7-րդ դիրքի՝ ԱՄՆ-ի մէջ։
Տասնամեակի ընթացքին Ճոնի ամենաբարձր դիրք գրաւած մենակատարումը համագործակցութիւն մըն էր Տիոն Ուորուիքի, Կլատիս Նայթի եւ Սթիւի Ուանտըրի հետ, որ կը կոչուէր «That's What Friends Are For»։ Այն 1986-ի սկիզբը գրաւեց առաջին դիրքը ԱՄՆ-ի մէջ․ թողարկուած «Dionne and Friends» անուան տակ՝ երգը հասոյթ հաւաքեց ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի (HIV/AIDS) հետազօտութիւններու համար։ Նոյն տարին, «Candle in the Wind» երգի կենդանի նուագախմբային տարբերակը հասաւ 6-րդ դիրքի ԱՄՆ-ի մէջ։ Ան նաեւ դաշնամուր նուագեց հեւի-մեթալ (heavy metal) ոճի «Saxon» խումբի «Rock the Nations» ալպոմի երկու երգերուն մէջ[53]։
1988-ին, Ճոն հինգ ամբողջութեամբ վաճառուած համերգներ տուաւ Նիւ Եորքի «Madison Square Garden»-ի մէջ, ինչ որ իր ասպարէզի ընթացքին այդ սրահին մէջ անոր 26-րդ ելոյթն էր։ Աւելի քան 20 միլիոն տոլարի մաքուր հասոյթով՝ Ճոնի անձնական յուշանուէրներէն 2,000 առարկայ աճուրդի հանուեցաւ Լոնտոնի «Sotheby's» աճուրդի տան մէջ։ Ան նաեւ թողարկեց «Reg Strikes Back» ալպոմի «I Don't Wanna Go On with You Like That» երգը, որ 1988-ին ԱՄՆ-ի մէջ բարձրացաւ հիթ-շարքերու 2-րդ դիրքը։ Անոր ալպոմները շարունակեցին լաւ վաճառուիլ, բայց 1980-ականներու երկրորդ կէսին թողարկուածներէն միայն «Reg Strikes Back»-ը (16-րդ դիրք, 1988) կրցաւ տեղ գտնել ԱՄՆ-ի լաւագոյն քսանեակին մէջ[54]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 3 4 Internet Broadway Database — 2000.
- 1 2 Internet Speculative Fiction Database — 1995.
- ↑ (unspecified title) — 2001.
- ↑ http://www.acclaimedmusic.net/song/S852.htm
- ↑ http://www.acclaimedmusic.net/song/S1551.htm
- 1 2 Geni — 2006.
- ↑ Savage, Mark (24 January 2018). "BBC: Elton John to make statement on future". BBC News. Archived from the original on 11 August 2019. Retrieved 15 January 2020.
- ↑ "Elton John AIDS Foundation". Ejaf.org. Archived from the original on 8 December 2019. Retrieved 6 August 2010.
- ↑ "Elton John: About: All About Elton: Charities". 25 July 2010. Archived from the original on 25 July 2010. Retrieved 26 January 2022.
- ↑ "Our mission". Elton John AIDS Foundation. Archived from the original on 13 December 2021. Retrieved 26 January 2022.
- ↑ Butterworth, Benjamin (22 June 2019). "Sir Elton John emotional as he is awarded France's Legion d'Honneur for HIV Aids work". i News. Archived from the original on 8 July 2019. Retrieved 8 July 2019.
- ↑ "Elton John's Past Struggles With Drugs and Alcohol". Biography. 14 July 2020. Retrieved 31 December 2025.
- ↑ Corey, Irwin (21 December 2020). "The Day Elton John Married David Furnish". Ultimate Classic Rock. Archived from the original on 15 December 2023. Retrieved 26 January 2022.
- ↑ "RIAA News Room – The American Recording Industry Announces its Artists of the Century". Recording Industry Association of America website. Recording Industry Association of America. 10 November 1999. Archived from the original on 6 October 2014. Retrieved 8 February 2010.
'Candle in the Wind 1997' soon surpassed Bing Crosby's 'White Christmas' to become the best-selling single of all time.
- ↑ See also: Guinness World Records, 2009 Edition, pp. 14, 15 & 169 [1] Archived 26 February 2013 at the Wayback Machine.
- ↑ (անգլերեն) Elton John, 2026-06-29, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Elton_John&oldid=1361743132, վերցված է 2026-06-30
- ↑ «Elton John Offical Charts»։ officialcharts.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ փետրվարի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ հունվարի 18
- ↑ Barratt, Nick (24 November 2006). "Family detective: Elton John". The Daily Telegraph. London, England. Archived from the original on 11 October 2007. Retrieved 22 July 2025.
- ↑ "Sir Elton John 'in shock' after his mother dies aged 92". BBC News. 4 December 2017. Archived from the original on 11 November 2018. Retrieved 12 November 2018.
- ↑ "Sir Elton John's father didn't approve of his career path". The New Zealand Herald. Archived from the original on 13 November 2018. Retrieved 12 November 2018.
- ↑ "55 Pinner Hill Road". On This Very Spot. 25 March 1947. Archived from the original on 15 January 2009. Retrieved 25 February 2009.
- ↑ "55 Pinner Hill Road". On This Very Spot. 25 March 1947. Archived from the original on 15 January 2009. Retrieved 25 February 2009.
- ↑ "Sir Elton John 'in shock' after his mother dies aged 92". BBC News. 4 December 2017. Archived from the original on 11 November 2018. Retrieved 12 November 2018.
- ↑ "Sir Elton John's father didn't approve of his career path". The New Zealand Herald. Archived from the original on 13 November 2018. Retrieved 12 November 2018.
- ↑ Norman, Philip (1991). Elton John. Fireside. ISBN 0-671-79729-8.
- ↑ Elizabeth Rosenthal, His Song: The Musical Journey of Elton John, Billboard Books, 2001.
- ↑ "Sixty things for Sir Elton's 60th". BBC News. 23 March 2007. Archived from the original on 26 January 2009. Retrieved 20 September 2019.
- ↑ "Elton John Lived Here". The Shady Old Lady's Guide to London. 3 April 2007. Archived from the original on 28 July 2020. Retrieved 27 July 2020.
- ↑ Goldrosen, John (1979). The Buddy Holly Story. p. 8. Quick Fox.
- ↑ "The Marquee Club: Long John Baldry – Biography". themarqueeclub.net. Archived from the original on 4 July 2010. Retrieved 25 May 2010.
- ↑ "Elton John: five things you may not know about the singer". The Week. 28 May 2019. Retrieved 12 September 2024.
- ↑ Joynson, Vernon (1995). The Tapestry of Delights Archived 30 November 2011 at the Wayback Machine . London: Borderline Books. See entry on "Argosy".
- ↑ "Roger Hodgson of Supertramp". CTV News. Archived from the original on 20 January 2012. Retrieved 27 September 2014.
- ↑ "Elton John: UK Chart History" Archived 14 February 2015 at the Wayback Machine. Official Charts Company. Retrieved 3 December 2014.
- ↑ "Elton John: UK Chart History" Archived 14 February 2015 at the Wayback Machine. Official Charts Company. Retrieved 3 December 2014.
- ↑ Heylin, Clinton (1996). Bootleg: The Secret History of the Other Recording Industry. New York City: St. Martin's Griffin. p. 66. ISBN 0-312-14289-7.
- ↑ Dent-Robinson, Nick. "'Legs' Larry Smith – Interview 2010". pennyblackmusic.co.uk. Archived from the original on 8 March 2022. Retrieved 27 March 2022.
- ↑ Holden, S. (15 March 1973). "Don't Shoot Me I'm Only The Piano Player". Rolling Stone. Archived from the original on 14 December 2014. Retrieved 12 December 2014.
- ↑ "Elton John: UK Chart History" Archived 14 February 2015 at the Wayback Machine. Official Charts Company. Retrieved 3 December 2014.
- ↑ "RIAA – Diamond Awards" (PHP). Record Industry Association of America. Archived from the original on 20 July 2012. Retrieved 5 January 2015.
- ↑ Stephen Thomas Erlewine "Caribou" Archived 15 January 2016 at the Wayback Machine. AllMusic. Retrieved 10 December 2014.
- ↑ Petridis, Alex (4 September 2020). "Why Marc Bolan was 'the perfect pop star', by Elton John, U2 and more". The Guardian. Retrieved 1 July 2022.
- ↑ Jean-Pierre Hombach. "Elton John". pp. 431–439. Lulu.
- ↑ "Elton John Band Archives" Archived 6 March 2016 at the Wayback Machine. EltonJohn.com. Retrieved 14 December 2014.
- ↑ Redbeard (2009). "Elton John – Goodbye Yellow Brick Road". In the Studio With Redbeard, Interviews With Famous Musicians. Barbarosa Ltd. Production. pp. Studio Interview with Elton John. Archived from the original on 8 February 2014. Retrieved 13 September 2009.
- ↑ "Elton John: UK Chart History" Archived 14 February 2015 at the Wayback Machine. Official Charts Company. Retrieved 3 December 2014.
- ↑ "Elton John Billboard Chart History" Archived 30 November 2016 at the Wayback Machine. Billboard. Retrieved 10 December 2014.
- ↑ "Elton John Billboard Chart History". Billboard. Archived from the original on 28 July 2022. Retrieved 10 December 2021.
- ↑ Bernardin, Claude; Stanton, Tom (1996). Rocket Man: Elton John From A – Z (Paperback ed.). Praeger. pp. 7–8. ISBN 978-0-275-95698-1. Archived from the original on 16 August 2021. Retrieved 30 October 2020.
- ↑ "France Gall et Elton John : l'histoire d'une rencontre exceptionnelle". nostalgie.fr (in French). 18 March 2019. Archived from the original on 11 July 2020. Retrieved 11 July 2020.
- ↑ "Neither 'Rocket Man' Nor 'Tiny Dancer' Is Elton John's Best Song". Esquire. 29 May 2019. Retrieved 1 February 2026.
- ↑ "Elton John: UK Chart History" Archived 14 February 2015 at the Wayback Machine. Official Charts Company. Retrieved 3 December 2014.
- ↑ Rivadavia, Eduardo. "Saxon Rock the Nations". AllMusic. Archived from the original on 6 November 2021. Retrieved 20 June 2011.
- ↑ "Elton John Billboard Chart History" Archived 30 November 2016 at the Wayback Machine. Billboard. Retrieved 10 December 2014.