Ըստ 2021-ի մարդահամարին, բնակչութեան թիւ 17 168 է, իսկ արուարձաններով միասին՝ 26 407։ Էդեսա միջ-պատերազմեան շրջանին (1923-1940) ունեցած է ճարտարարուեստի զարգացում։
Էդեսա հիմնուած է Ք․Ա․813-ին Իրաքլիդի Գարանոսին կողմէ եւ եղած է Մակեդոնական թագաւորութեան առաջին մայրաքաղաքը։ Մինչեւ Էղեսի (Վերղինա) յայտնաբերումը, Էդեսա հին Էղեսին հետ կը նոյնացնէին (Մակեդոնական թագաւորութեան առաջին մայրաքաղաքը)։ Այսօրուան քաղաքը կառուցուած է հին Աքրոբոլիսին տեղը։ Մեծն Աղեքսանտր Էդեսա գաղթականներով կը բնակեցնէ։
Հռոմէական շրջանին, Էդեսա կը բարգաւաճի, որովհետեւ կը գտնուէր հին Էղնանտիա ճամբուն վրայ։ Յաջորդող դարերուն, երբ սլաւները Պալքանեան թերակղզին կ՛արշաւեն Էդեսա անունը կը փոխարինուի «Վոդենա» անունով։
Ապա Էդեսա կ՛իյնայ օսմանեան տիրապետութեան տակ, որուն ընթացքին կը դառնայ կարեւոր կեդրոն, ուր մշակոյթն ու գիրը կը զարգանան։ Մակեդոնական պայքարի ժամանակին, Էդեսայի բնակիչներն ալ ազատութեան համար կը պայքարին։
Փոքր Ասիոյ Աղէտէն եւ բնակիչներու փոխանակումէն ետք (1923-1924), Փոքր Ասիայէն եւ Արեւելեան Թրակիայէն մօտաւորապէս 2 500 քրիստոնիայ գաղթականներ Էդեսա կը հաստատուին։ Անոնցմէ շատեր գործարաններ կը բանան, առեւտուրով կը զբաղին։ Միջ-պատերազմեան շրջանին (1923-1940) Էդեսա կը ճանչնայ մշակոյթի (մանաւանդ երաժշտութեան) եւ ճարտարարուեստի բարգաւաճում մը։
Բ․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, գերմանացիները քաղաքը կը հրկիզեն։ Պատերազմէն ետք, Էդեսա կը փորձէ վերագտնել իր անցեալի փառքը, սակայն տնտեսական պահմանները բոլորովին փոխուած էին։
Էդեսային զարգացումին գլխաւոր ազդակն է զբօսաշրջիկութիւնը։ Իր վայրի գեղեցկութեան, տարեկան հերթականութեամբ պատմամշակութային ձեռնարկներուն («Էդեսայի բարեկենդան», «Ծաղիկներու տօն», «Մշակութային ամառ», «Ջուրի ճամբան», եւայլն), ինչպէս նաեւ շրջապատող գեղեցիկ բնութեան շնորհիւ (հարուստ բուսական աշխարհ, գետեր, ջրվէժներ), զբօսաշրջիկութիւնը սկսած է զարգանալ եւ կարեւոր դեր կը խաղայ քաղաքին տնտեսութեան։ Էդեսա ունի հարուստ մարզական կեանք։
Քաղաքը ունի նաեւ իր նուագախումբը՝ վերակենդանացած 2016-ին, որ քաղաքին մշակութային կարեւոր հիմնարկներէն է։
Մակեդոնական պայքար եւ Էդեսա հիմնուած (18-10-2024)։
Ջուրի բացօթեայ թանգարան
Ջուրի բացօթեայ թանգարան․ կը գտնուի Էդեսայի ջրվէժներու պուրակին մէջ։
Կանեփէ չուանաշինութեանգործարան (հիմնուած 1908-ին), Յունաստանի մեծագոյնը, երբ դադրեցուց իր արտադրութիւնը (2000), քաղաքապետութեան որոշումով թանգարանի վերածուեցաւ։
Վարոսիոսի բնակարան-թանգարան․ կը գտնուի հին Աքրոբոլիսին տեղը։ Թանգարանը կը ցուցադրէ նկարներ Էդեսային 3000 տարուան պատմութեան։
Էդեսա․ բնութիւնՀամտեսումի ջաղացք։
Ջուրի ջաղացք։
«Պաթանի»։
Քաղաքապետական բացօթեայ շարժապատկեր։
Շուշմայի գործարան։
Ջրվէժներու պուրակը (100․000քառ․մ․)։ Էդեսային մէջէն չորս գետեր կը հոսին։ Անոնք 12 ջրվէժներ կը կազմեն։ Ամենէն բարձր, Գորանոս, ունի 70 բարձրութիւն։