Զօրայ Ս. Գասապեան
Զօրայ Ս. Գասապեան, հայ ուսուցիչ եւ գրող։ Ան որդին է բազմամեայ ուսուցիչ եւ հեղինակ Սարգիս Մ. Գասապեանի։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Էրզրում, Ակնցի Հօրմէ եւ Ռոտոսթոցի մօրմէ։ Ուսումը ստացած է Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանի եւ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճին մէջ, ապա տարի մըն ալ Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանին մէջ։
Իբր օսմաներէնի եւ անգլերէնի ուսուցիչ պաշտօնավարած է Թուրքիոյ գաւառներէն ներս, եւ Պոլիսի մէջ, մասնաւորապէս Պարտիզակի Ամերիկեան Վարժարանի, Գոնիայի Ճենանեան եւ Մագրի Քէօյի Պէզազեան գոլէճներուն մէջ։
1916-ին անհատական աքսորով Պարտիզակէն Քոնիա բանտէ բանտ եւ հետիոտն կը տարուի:
Գրական վաստակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարիներու զրկումներէ վերջ հրաշքով ազատած ՝ 1918-ին կը գտնուի Պոլիս, ուր եղած է Դաշնակից բանակներու կողմէ Թուրք թերթերու գրաքննիչ:
1921-ին մեկնած է Ամերիկա եւ հաստատուած է Լոս Անճելըսի մէջ: Զբաղած է թարգմանական գործերով եւ աշխատակցած է հայերէն թերթերուն՝ արձակ եւ ոտանաւոր գրութիւններով:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճելըս, Քալիֆոռնիա, 1953։