Jump to content

Զուիցերիոյ Ազգային Օր

Էլիզապէթ Քոփի ելոյթը Շուիցի մէջ

Զուիցերիոյ ազգային օր (գերմ.՝ Schweizer Bundesfeiertag, ֆր.՝ Fête nationale suisse, իտալ.՝ Festa nazionale svizzera, ռետոռոմաներէն՝ Fiasta naziunala svizra), ազգային տօն Զուիցերիոյ մէջ։ Կը նշուի 1 Օգօստոսին: Զուիցերիոյ Համադաշնութեան հիմնադրումը առաջին անգամ նշուած է 1 Օգոստոս1891-ին, 1899-էն՝ ամէն տարի, իսկ իբրեւ պաշտօնական տօն կը նշուի 1994-էն[1]: Որոշ քաղաքներու մէջ պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ տօնի նախօրէին` 31 Յուլիսին:

Զուիցերական ազգային առասպելի համաձայն 1291-ին Ֆիրուալդշտետ լիճի ափին գտնուող Ռիվտլի բացատին մէջ կը հաւաքուին երեք գաւառներու` Շուիցի, Ուրի եւ Ունտէրվալտէնի ներկայացուցիչները եւ դաշինք կը կնքեն արտաքին յարձակումներէ պաշտպանուելու համար: Այս իրադարձութիւնը հիմք հանդիսացաւ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան կազմաւորման համար: Պաշտօնապէս տօնը սահմանուած է 1891-ին, Զուիեցրիոյ կազմաւորման վեցհարիւրամեակի տարին: Երկար ժամանակ 1 Օգօստոսը գաւառներու մեծ մասին մէջ կը համարուի աշխատանքային օր: 26 Սեպտեմբեր1993-ին կայացած հանրաքուէին ժողովրդական նախաձեռնութեան հաւանութիւն տալէն ետք 1994-էն այն պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ ոչ աշխատանքային օր ամբողջ Զուիցերիոյ տարածքին[2]:

Տօնի աւանդոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տօնի օրը շատ մարդիկ իրենց տուները կը զարդարեն դաշնային եւ թաղապետական դրօշներով: Գաւառներու մեծ մասին մէջ հասարակական շինութիւններու, փողոցներու եւ հրապարակներու զարդարման աւանդոյթը օրինական պահանջ է: Ամէն տարի երկրի նախագահը հանդիսաւոր ելոյթ կ՛ունենայ Ռիվթլի բացատին մէջ[2]: Մութը իյնալուն մէջ փողոց դուրս կու գան բազմաթիւ երեխաներ լապտերներով եւ հրավառութեան միջոցներով: Իսկ բլուրներու եւ լեռներու գագաթներուն կարելի է տեսնել քանի մը մեթր բարձրութեամբ կոնաձեւ խարոյկներ: Այս աւանդոյթը սկիզբ կ՛առնէ միջնադարէն, երբ երկրի տարածքային սահմաններուն երկայնքով բլուրներու կատարներուն կը կազմաւորուէր նմանատիպ համակարգ եւ խարոյկները կը վառուէին թշնամիներու մօտենալու ժամանակ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «1891: Der 1. August wird zum Bundesfeiertag erklärt» [1891: August 1 is declared a federal holiday] (German)։ Swiss Pro Patria Foundation։ արտագրուած է՝ July 31, 2017 
  2. 2,0 2,1 Национальный праздник. Статья с сайта swissworld.org
  3. 1 августа — Национальный праздник Швейцарии.[permanent dead link] Статья с сайта povod.tut.by