Զէրօ (գիրք)
| Հեղինակ | Նորա Պարութճեան |
|---|---|
| Երկիր | Ֆրանսա |
| Լեզու | Հայերէն (Արեւմտահայերէն) |
| Հրատարակուած | Երեւան |
| Հրատարակող | Լուսակն տպարան |
Հրատարակչական թուական | 2022 |
| Էջ | 78 |
Զէրօ կամ Զէր0 գիրք, ֆրանսահայ, բանաստեղծուհի, արձակագիր եւ ուսուցչուհի Նորա Պարութճեանի գրիչով։ Հեղինակին անդրանիկ հրատարակութիւնն է իբրեւ գիրք: Լոյս տեսած է Երեւան, «Լուսակն» հրատարակչատունէն։[1]
Հեղինակի մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարութճեան ծնած է Լիբանան՝ Պուրճ Համուտ, աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Մասնագիտական գործունէութիւնը սկսած է լրագրութեամբ, մաս կազմած է Լիբանանի «Զարթօնք» եւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթերու խմբագրութեան եւ աշխատակցած է սփիւռքահայ քանի մը թերթերու։ 1986-էն ի վեր կ՚ապրի Ֆրանսա։ Ուսուցչուհի է, Փարիզեան արուարձանի մը մէջ գործող Դպրոցասէր վարժարանին մէջ կը դասաւանդէ հայերէն եւ հայոց պատմութիւն։ Կեանքի կոչած է «Ծիծեռնակ» անունով առցանց հարթակ մը (անգլերէն՝ Blog /Web-Log), որ դրուած է հայերէնով արտայայտուող պատանիներու եւ երիտասարդներու տրամադրութեան տակ, ուր կը հրատարակուին անոնց աշխատութիւնները։[2][3]
Գիրքի մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը հաւաքածոյ մըն է առցանց հարթակներու վրայ հրապարակուած Ն. Պարութճեանի գրութիւններէն՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ, որոնք կ’առընչուին ծերանոցային կեանքի իր փորձառութեան: Հեղինակը իր անդրանիկ հատորով մեզի կը ծանօթացնէ մարդը իր վերջալոյսի տարիներուն, աշխատանքային միջավայրը՝ ծերանոցը եւ ծերերուն ընտանիքները: Ան Փարիզեան շրջանի հայկական ծերանոցին մէջ ստանձնած իր պաշտօնին բերումով կը պեղէ մարդուն հոգին եւ մերթ պոռթկումով, մերթ փափկանկատօրէն կ’անդրադառնայ մարդկային յարաբերութեանց թնճուկներուն: Կեանքի երկար փորձառութիւն ձեռք բերած ծերերուն կարծրացած մաշկերուն ետին կ’երեւան իրական արժանիքներ՝ երբեմն թաքուն, երբեմն բացայայտ, երբեմն ցեղասպանութեան հետքեր, որոնք ամբողջ կեանք մը թունաւորած են եւ ազդած անձին էութեան վրայ:
Խորապատկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նորա Պարութճեան վեց տարի աշխատած է ծերանոցի մը մէջ, իբրեւ վերակացու։ Այս փորձառութիւնը անոր համար բացած է բոլորովին տարբեր աշխարհ մը, ուր իրականութիւնը յայտնուած է իր չոր, վայրագ եւ ծանր երեսով՝ «անկէ զատ ամէն ինչ դարձաւ լիւքս», կ’ըսէ ան։ Այդտեղ մարդիկ հաւաքուած էին տառապանքի շուրջ՝ ինչպէս տարիքոտ մարդիկ, այնպէս ալ այդտեղ աշխատողները եւ այդ տառապանքը կը միացնէր բոլորը իրարու։
Ծերանոցը տարեց մարդոց կեանքերու վերջին հանգրուանն է, ուր անոնք կը տառապին ֆիզիքական կամ մտային հիւանդութիւններէ, ընտանեկան, ընկերային եւ հոգեբանական խնդիրներէ։ Ըստ հեղինակին, ծերերուն շուրջ կային երկու տեսակի ծառայողներ. մէկ կողմէն անոնք, որոնք մեծ նուիրումով կը մօտենան իրենց աշխատանքին եւ տարեցներուն հանգիստ կեցութիւնը կ’ապահովեն անոնց նախավերջին կայանին մէջ, իսկ միւս կողմէն՝ անոնք որոնք իրենց «ես»-ին չարութեամբ կը կոխկռտեն միւսները, կը չարաշահեն վիճակները։ Վերջիններս աւելի բազմաթիւ են քան առաջինները։
Այս ծանր միջավայրին մէջ, հեղինակը գրելով գտած է դիմանալու կերպ մը՝ «Քանի որ շատ ծանր միջավայր մըն էր, ես պէտք է դիմանայի ու դիմանալու համար կը գրէի»։ Այս գրութիւնները նախապէս հաւաքուած են անձնական տետրակի մը մէջ, նուիրուելու համար որ յետոյ նուիրուած են ծերանոցի տնօրէնին, որուն հանդէպ ունի մեծ ակնածանք՝ «շատ յարգելի անձնաւորութիւն մը», ինչպէս կ’ըսէ անոր մասին։[4]
Որո՞նք են «Զէր0»-ները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՙԶէր0՚-ները ծերերը չեն, ինչպէս կրնայ սխալմամբ ենթադրուիլ։ Ծերերէն իւրաքանչիւրը իր նկարագրին համաձայն, լաւ կամ վատ ապրած է իր կեանքը։ «Զէր0»-ները անոնց շուրջը դարձող անձերն են։ Մէկ տեսակ ՙզէր0՚ն իր անկարողութեան գիտակցութեամբ ինքզինք զէրօ («Զէր0») կը զգայ եւ կը փորձէ պարկեշտութեամբ մօտենալ կեանքին, միւս տեսակ «Զէր0»-ն ան է, որ իր ծանրակշիռ պարապութեամբ արգելք կ’ըլլայ միւսին իր մարդկութեան մէջ յառաջանալու»։[4]
Գիրքին կողքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Զէր0»-յի կողքին պատկերուած է խնձոր մը, որուն կէսը փտած է եւ որդնոտած, սակայն միւս կէսը կենսունակ է ու կը խորհրդանշէ այն մարդիկը, որոնք կը փորձեն իրենց կեանքը օգտակար դարձնել։[4]
Մէջբերումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]| Հո՛ս մարդերը միսեր են: Հոտերու այս աղբին մէջ կտոր մը իրականութիւն գլուխը կը ցցէ ու զիս կը քերթէ բանաստեղծութենէն: Չեմ դիմանար։ - («Հոս՝ մարդերը...», էջ 22)։ |
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին Յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ծիծեռնակ հարթակի յղումը https://dzidzernag-asso.com/
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2025-04-09
- ↑ «ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ ՆՈՐԱ»։ Pakine (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-04-09
- ↑ Մանճիկեան Վահան «Յառաջ Գարնան Ծիծեռնակ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2024-02-16։ արտագրուած է՝ 2025-04-09
- 1 2 3 CivilNet (2023-03-30)։ ««ԾԻԾԵՌՆԱԿ». հայերէնի ճառագայթ մը ֆրանսահայ դպրոցէն դուրս»։ CIVILNET (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2025-04-09