Զբօսաշրջութիւնը Ֆինլանտայի Մէջ

Ֆինլանտայի Ռուքա լեռնադահուկային առողջավայրը

Զբօսաշրջութիւնը Ֆինլանտայի մէջ (ֆին.՝ Matkailu Suomessa), Ֆինլանտայի Հանրապետութեան տնտեսութեան գլխաւոր եկամուտներէն մէկն է[1]։

Ֆինլանտա կը գտնուի Հիւսիսային Եւրոպայի Սքանտինաւեան թերակղզիին արեւելքը[2][3][4][5]:

Ֆինլանտայի զբօսաշրջութեան պատմութեան գագաթնակէտը կը համարուի 1996 թուականը, երբ այս երկիրը Շէնկէնեան համաձայնութեան անդամ[6][7] կը դառնայ (մէկ տարի առաջ Ֆինլանտա արդէն միացած էր Եւրոպական Միութեան[8]

2011-ին Ֆինլանտա կ'այցելեն 7,3 միլիոն զբօսաշրջիկներ, ինչ որ 17 %-ով կը գերազանցէ 2010-ի ցուցանիշները։ 2013-ի տուեալներով Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Ֆինլանտա այցելելու համար տրուած է աւելի քան 1,5 միլիոն վիզա։ 2014-էն սկսեալ Ֆինլանտա կը սկսի հետաքրքրել ասիական երկիրներու զբօսաշրջիկները, յատկապէս Ճափոնէն, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութենէն եւ Հարաւային Քորէայէն: Ըստ 2014-ի տուեալներուն` Ֆինլանտա այցելող զբօսաշրջիկներուն ամենամեծ զանգուածը (աւելի քան 615 հազար հոգի) եկած է Ռուսաստանէն: Այս ցուցանիշով երկրորդ տեղը կը գտնուի Ֆինլանտայի սքանտինաւեան դրացի Շուէտը (շուրջ 300 հազար հոգի ) եւ երրորդ տեղը՝ Գերմանիան (248 հազար հոգի)։ Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը մեկնին Ֆինլանտա նաեւ Մեծն Բրիտանիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Էսթոնիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լաթվիայէն եւ այլ պետութիւններէ։

Ֆինլանտա կ'ամբողջացնէ զբօսաշրջութեան երկիր մը ըլլալու չափանիշները՝ պալթեան ծովափեր, հիւսիսային ցուրտ եւ մաքուր օդ եւ հիասքանչ գիշերային կեանք։

Վիճակագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստորեւ ներկայացուած է ըստ 2014-ի տուեալներուն Ֆինլանտա ամենաշատ այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը՝ ըստ երկրի[9]:

N Երկիր Զբօսաշրջիկներու քանակ
1 615,116
2 Գերմանիա Գերմանիա 248,308
3 Մեծ Բրիտանիա Մեծ Բրիտանիա 180,562
6 Ամերիկայի Միացյալ Նահանգներ ԱՄՆ 93,69
Ընդհանուր 1,053,355

Ֆինլանտա մուտք գործելու պայմաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996-էն ի վեր Ֆինլանտա Շէնկէնեան համաձայնութեան անդամ պետութիւն է։ Համաձայնութեան անդամ պետութիւններու՝ Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Դանիայի, Էսթոնիոյ, Իսլանտայի, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Լաթվիոյ, Լեհաստանի, Լիթվայի, Լիւքսամպուրկի, Յունաստանի, Հունկարիոյ, Մալթայի, Հոլանտայի, Շուէտի, Չեխիոյ, Փորթուկալի, Սլովաքիոյ, Սլովենիոյ եւ Ֆրանսայի քաղաքացիները Ֆինլանտա կրնան մուտք գործել առանց վիզայի գրանցման[10]:

Բրիտանիոյ, Իրլանտայի, Խորուաթիոյ, Կիպրոսի, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ քաղաքացիները եւս կրնան ազատ մուտք գործել Ֆինլանտայի տարածքը՝ որոշ վերապահութեամբ։

Աշխարհի միւս պետութիւններու քաղաքացիները Ֆինլանտա կրնան մեկնիլ միայն մուտքի վիզայի առկայութեան իրաւունքով։ Որոշակի արտօնութիւններ ունին նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Մեքսիքոյի, Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներու (բացառութեամբ Քուպայի), Վենեզուելլայի, Պրազիլի, Աւստրալիոյ, Նիու Զիլանտայի, Ուրուկուէյի, Չիլիի, Արժանթինի, Սերպիոյ, Ալպանիոյ, Մակեդոնիոյ, Իսրայէլի, Մալիզիոյ, Թայուանի, Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի քաղաքացիները, որոնք 90 օր առանց վիզայի կրնան մնալ Ֆինլանտայի մէջ։

Միւս բոլոր պետութիւններու քաղաքացիութիւն ունեցող զբօսաշրջիկները (ինչպէս՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու զբօսաշրջիկներ) իրաւունք ունին մուտք գործել այս երկիրը միայն վիզայով։ Բացառութիւն կը կազմեն միայն Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, Աֆղանիստանը, Փաքիստանը, Իրաքը, Կանան, Ժողովրդավարական Քոնկոն եւ Սոմալին, որու քաղաքացիները մուտքի իրաւունք կրնան ստանալ յատուկ դէպքերու պարագային՝ բանակցութիւններու միջոցով։

Հայաստանէն Ֆինլանտա մեկնելու հնարաւորութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ զբօսաշրջիկներուն համար Ֆինլանտան այնքան ալ նախընտրելի ուղղութիւն մը չի համարուիր։ Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին Ֆինլանտայի դեսպանատուն չկայ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները Ֆինլանտա կրնան մուտք գործել միայն վիզայով։

Ֆինլանտա մեկնող հայերը կը դիմեն Հայաստանի մէջ Իտալական դեսպանութիւն, ուր անոնք կրնան ստանալ 90-օր Ֆինլանտայի տարածքին մէջ մնալու իրաւունք[11][12]: Այսուհանդերձ, Երեւանի Խանճեան փողոցին մէջ, կը գործէ Ֆինլանտայի պաշտօնական հիւպատոսարանը[13]:

Հայաստանի Հանրապետութեան զբօսաշրջիկ-քաղաքացիները Ֆինլանտա մեկնելու նպատակով կրնան տեղափոխուիլ նաեւ Ռուսաստան, ուրկէ ուղիղ օդանաւային թռիչքով կրնան մեկնիլ Հէլսինքի կամ ֆիննական այլ քաղաքներ։

Զբօսաշրջային կեդրոններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հէլսինքիի մայր տաճարը

Ֆինլանտայի բազմաթիւ քաղաքներ եւ բնակավայրեր ունին զբօսաշրջութեան բարձր ցուցանիշներ։ Ֆինլանտայի մայրաքաղաքը՝ Հէլսինքին, ունի համաեւրոպակական, միջազգային կարեւոր զբօսաշրջային նշանակութիւն եւ Հիւսիսային Եւրոպայի ամէնէն սուղ քաղաքներէն մէկը կը համարուի ։

Ձմրան Ֆինլանտայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ կը վերաբացուին լեռնադահուկային առողջավայրերը, յատկապէս՝ Ռուքի հանրայայտ առողջավայրը։ Ֆինլանտայի մէջ զբօսաշրջային քաղաքներ կը համարուին նաեւ Թուրքուն, Փորվօն եւ Քոքոլը:

Թեմփըլեաքոյի եկեղեցին, ուր տարեկան կէս միլիոն հոգի կ'այցելէ

Մայրաքաղաք Հէլսինքին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հէլսինքիի կեդրոնական թաղամասը կէսօրին

Հէլսինքին Ֆինլանտայի մայրաքաղաքն է. անիկա կը համարուի Հիւսիսային Եւրոպայի եւ Սքանտինաւեան թերակղզիի մեծ քաղաքներէն մէկը եւ կարեւորագոյն ծովային նաւահանգիստը[14]:

Հէլսինքիի երկաթուղային թանգարանը

Տարեկան հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ'այցելեն այս քաղաքը։ Ֆինլանտայի այս քաղաքին մէջ տեղակայուած է երկրի նախագահին նստավայրը եւ խորհրդարանը։ Բացի ատկէ, քաղաքին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ թանգարաններ եւ զբօսայգիներ[15]։

Հէլսինքի քաղաքը հիմնադրուած է միջնադարուն՝ 12 Յուլիս 1550-ին, Շուէտի թագաւոր՝ Կիւսթաւ Ա. Վազայի կողմէ եւ այս ժամանակահատուածին մէջ ալ բուռն զարգացում ապրած է։ [16] Ատկէ ետք, Շուէտի թագաւորութիւնը վերջնականապէս անկախացած է Դանիայէն:

Կլիման բարեխառն է։ Ձմեռը երկար է եւ ձիւնառատ, իսկ ամառը՝ կարճ եւ զով։ Տարուան ցուրտ ամիսներու սովորական երեւոյթներն են սառնամանիքները (ամենացուրտ օրը օդի ջերմաստիճանը կը հասնի -34,3 °C[17])։ Ամրան օդի ջերմաստիճանը 30 °C-ը չի գերազանցեր ։

Նաւով զբօսաշրջութիւն

Առաւելագոյն տեղումները կը գրանցուին ամրան վերջաւորութեան եւ աշնան[18]:

Հէլսինքի քաղաքը ունի ճարտարապետական յատուկ ոճ, որու կարելի է հանդիպիլ հրապարակներուն մէջ։ Երկրին գլխաւոր հրապարակը կը համարուի խորհրդարանի հրապարակը, ուր կը գտնուի Ֆինլանտայի մայր տաճարը, Հէլսինքիի պետական համալսարանը, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր մարմինը ներկայացնող խորհրդարանի շէնքը։

Այս հրապարակը տարուան տարբեր եղանակներուն կը լեցուի տարբեր երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկներով, քանի որ հոն ներկայացուած են ոչ միայն կարեւոր պետական կառոյցներ, այլեւ՝ ճարտարապետական իւրօրինակ կոթողներ եւ արձաններ։

Հրապարակի կեդրոնին վրայ կը գտնուի Ալեքսանտր Բ.-ի արձանը, որ դարձած է հրապարակի խորհրդանիշներէն մէկը։

Դէպի հարաւ կը գտնուի երկիրին գլխաւոր ուսումնական հաստատութիւնը՝ Հէլսինքիի պետական համալսարանը, որ հիմնադրուած է 1640-ին եւ ունի աւելի քան 36.500 ուսանող։ Համալսարանին մաս կը կազմէ նաեւ Ֆինլանտայի ազգային գրադարանը, որ կը համարուի Ֆինլանտայի հիմնական գրապահեստանոցը։

Հէլսինքիի պետական համալսարանը

Ճարտարապետական եւ պետական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի նաեւ Լութֆիկ Էնկելիի կողմէ նախագծուած Հէլսինքիի քաղաքապետարանի շէնքը, ուր կը քննարկուին քաղաքին առնջուող կարեւոր հարցերը։

Իսկ երկրին երկրորդ մեծագոյն շուկային հրապարակին մէջ կը գտնուի նախագահին նստավայրը[19]։

Ֆիննական այլ քաղաքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւվեասքիուլիանի համայնապատկերը

Բացի Հէլսինքիէն, Ֆինլանտայի միւս մեծ քաղաքներն են Թամփերէն, Փորվօն, Փորին, Քոքոլան, Իվեասքիուլիան, Օուլուն եւ Թուրքուն: Ֆինլանտայի գրեթէ բոլոր քաղաքները աւելի զբօսաշրջային են ձմրան՝ Ս.Ծննդեան տօներու նախաշեմին։ Ամէն տարի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը փութան դէպի Հիւսիսային բեւեռի Ռովանիեմի քաղաքը, Ֆինլանտայի հիւսիսային ծայրագոյն Լափլենտ շրջանին մայրաքաղաքը` ապրելու համար «իսկական» Կաղանդ պապան տեսնելու փորձառութիւնը:

Կաղանդ Պապուկին Գիւղը

Սակայն ցանցառ բնակչութեամբ այս տարածքը, որ իր սեփական ծնունդը կը նկատէ Հիւսիսային բեւեռի ամէնէն հռչակաւոր անձնաւորութիւնը, բաւականացած չէ միայն տօնական օրերու առիթով բանալով իր պանդոկները, ժամանցի վայրերը, վաճառատուներն ու ճաշարանները:

Կաղանդ Պապուկին թզուկները

Կաղանդ պապային վաճառքը դիւրացած է` շնորհիւ Հէլսինքիի եւ Ասիոյ միջեւ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով թռիչքներու, զորս հաստատած է երկրին Ֆիննէյր օդանաւային ընկերութիւնը: Միշտ ալ մեծ թիւով այցելուներ ունեցած են Ճափոնէն: Սակայն Չինաստան, Հոնկ Քոնկ, Հարաւային Քորէա եւ Սինկափուր եւս հետզհետէ յատկանշական ներկայութիւն կը դառնան իրենց զբօսաշրջիկներով: Իսկ ռուսերը կը լեցնեն պանդոկները 25 Դեկտեմբերէն ետք, մինչեւ Յունուարի սկիզբը:

Սեարքիաննեմի ժամանցային այգին

Թամփերէ քաղաքը կը գտնուի Ֆինլանտայի հարաւ-արեւմուտքը։ 166 հազար բնակչութիւն ունեցող այս քաղաքը կը համարուի Ֆինլանտայի հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան գլխաւոր կեդրոնը։ Թամփերէն յեղափոխական աւանդոյթներու քաղաք է եւ պատմութեան ընթացքին այստեղ տեղի ունեցած են բազմաթիւ յեղափոխութիւններ։

Գիշերային Օուլու-ի մէջ կանգ առած հեծանիւներ

Թամփերէի գլխաւոր զբօսաշրջային այգին՝ Սեարքիաննեմի ժամանցային այգին է։ Այգիին մուտքը վճարովի է (32 Եւրօ)։ Այգիին տարածքին մէջ կայ նաեւ նկարչական թանգարան մը։

Քաղաքի տարածքին մէջ կան նաեւ այլ թանգարաններ՝ արուեստի թանգարան, բնութեան պատմութեան թանգարան, Լենինի թանգարան, հոքիի պատմութեան թանգարան եւ այլն։

Ֆինլանտայի ամէնէն շատ լիճեր ունեցող քաղաքներէն է Իւվասքուլան, որու զբօսաշրջային յաջողութիւնները կապ ունին իր տարածքին մէջ գտնուող ներքին ջուրերուն հետ։ Բնիկները քաղաքը կ'անուանեն «ֆիննական Աթէնք»՝ որովհետեւ քաղաքը կառուցուած է յունա-հռոմէական ճարտարապետական ոճով։

Իւվասքուլան Ֆինլանտայի բժշկագիտական քաղաքն է եւ ամէն տարի հարիւրաւոր հիւանդներ բուժման նպատակով կը տեղափոխուին այս քաղաքը։ Լճային նաւահանգիստ հանդիսացող Իւվասքուլան հիանալի հնարաւորութիւն կը ստեղծէ նաւերով շրջագայելու համար։

Մեծ քաղաքներէն՝ Փորին Պալթիք ծովու մեծագոյն նաւահանգիստներէն է։

Ֆինլանտայի հրետանիի թանգարանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆինլանտայի հրետանիի թանգարան (ֆին.՝ Suomen Tykistömuseo), զինուորական յատուկ թանգարան մըն է Ֆինլանտայի Համեենլիննա քաղաքին մէջ (քաղաքը կը գտնուի Ֆինլանտայի հարաւը)։ Մինչեւ 2004 անիկա կոչուած է Հրետանային թանգարան, իսկ 18 Մայիս 2013-էն՝Ռազմական թանգարան (ֆին.՝ Museo Militaria

Թանգարանը նուիրուած է հրետանի պատմութեան՝ Ժե. դարէն մինչեւ մեր օրերը։ Թանգարանը հիմնուած է 1977-ին Նիինիսալօ քաղաքի Կանկապա գիւղին մէջ։ Թանգարանը գիւղին մէջ մնացած է մինչեւ 1997, այնուհետեւ տեղափոխուած է Համեենլիննա։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Tourism in Finland - About us» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  2. «Geography of Finland, Landforms - World Atlas»։ www.worldatlas.com։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  3. «5 Countries that Make Up the Scandinavian Region»։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  4. «The Essential Scandinavia Travel Guide»։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  5. Lahermo P. W., Tarvainen T., Tuovinen J.-P. (1994-10-01)։ «Atmospheric sulfur deposition and streamwater quality in Finland»։ Environmental Geology 24: 90–98։ doi:10.1007/BF00767882 
  6. «Schengen Visa Countries List - Schengen Area» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  7. «The countries of the Schengen area | AXA Schengen»։ www.axa-schengen.com։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  8. Anonymous (2016-07-05)։ «Finland - European Union website, the official EU website - European Commission»։ European Union website, the official EU website - European Commission (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  9. «PX-Web - Ընտրել փոփոխականը եւ արժեքները»։ Այցելել Ֆինլանտա։ արտագրուած է՝ մայիսի 21, 2016 
  10. «Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութիւն Երեւան - Տեղեկութիւններ վիզա ստանալու մասին»։ www.eriwan.diplo.de։ արտագրուած է՝ 2016-07-14 
  11. «Ֆինլանտայի Հանրապետութեան դեսպանութիւն - Հէլսինքի, Ֆինլանտա»։ արտագրուած է՝ 2016-07-14 
  12. One Studio։ «Իտալական դեսպանատուն Հայաստանում - Eurotour»։ www.eurotour.am։ արտագրուած է՝ 2016-07-14 
  13. «Դեսպանատներ: Դեսպանություններ, Դեսպանատներ եւ հյուպատոսություններ, ՀՀ գործող դեսպանատներ»։ www.tours.am։ արտագրուած է՝ 2016-07-14 
  14. «Хельсинки — VisitFinland.com» (ru-RU)։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  15. «Музеи в Хельсинки»։ 2014-11-28։ արտագրուած է՝ 2016-08-02 
  16. «Գւոստավ Առաջին Վազայի գործունէութիւնը»։ Tabblo.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 April 2008-ին։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 3, 2008 
  17. «Ֆինլանդիայի կլիմայական տվյալներ. ամենացուրտ օրը Հելսինկիում» (ֆիններեն)։ Ֆինլանդիայի օդերեվութաբանության կազմակերպություն։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ հունիսի 4, 2009-ին։ արտագրուած է՝ հուլիսի 8, 2009 
  18. «Ֆինլանդիայի կլիմայական վիճակագրություն»։ Fmi.fi։ արտագրուած է՝ ապրիլի 13, 2010 
  19. «Kauppatorilla kansanjuhla Lordin kunniaksi»։ արտագրուած է՝ 2016-08-02