Զբօսաշրջիկութիւնը Յունաստանի մէջ

Փոքրիկ Իտրա նաւահանգստային քաղաք-կղզին

Յունաստան (յուն․՝ Ελλάδα), պետութիւնը կը գտնուի Հարաւային Եւրոպայի մէջ: Հիւսիսէն սահմանակից է Ալպանիոյ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութեան եւ Պուլկարիոյ, իսկ արեւելքէն՝ Թուրքիոյ։ Յունաստանի արեւելքը կը գտնուի Էգէական ծովը, արեւմուտքէն՝ Յոնիական ծովը, իսկ հարաւէն՝ Միջերկրական ծովը։

Յունաստանը ըստ ջրափնեայ գիծի երկարութեան (13.676 քմ) 11-րդն է աշխարհի մէջ։

Ունի մեծ թիւով կղզիներ եւ կղզեակներ (շուրջ 6000, որոնցմէ 227-ը բնակեցուած են), անոնցմէ են՝ Կրետէ[1], Տոտեքանիսա եւ Յոնիական կղզիները։ Յունաստանի տարածքին 80%-ը լեռնոտ է։ Լեռներէն ամէնէն բարձրը Ողիմպոսն է (2917 մ)։

Զբօսաշրջութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունաստանը Եւրոպայի եւ աշխարհի զբօսաշրջային կեդրոններէն մէկն է[2]: Ամէն տարի Յունաստան կ'այցելէ շուրջ 18 միլիոն զբօսաշրջիկ, որ կը կազմէ ամբողջ աշխարհի զբօսաշրջիկներուն 15%-ը։

Յունաստանի մէջ զբօսաշրջիկները կը ներգրաւեն բազմաթիւ հնագոյն յուշարձաններ եւ հրաշալի արեւադարձային կլիմայի համադրութիւնը։

Յունաստանի եկամուտին մեծ մասը կը կազմէ զբօսաշրջութիւնը[3]։

2006-ի տուեալներով ան կը կազմէ երկիրին ամբողջ Համախառն ներքին արդիւնքին 15%-ը։

Բացի ատկէ, այս ոլորտին մէջ կ'աշխատի շուրջ 900 000 մարդ, նաեւ HoReCa ոլորտին մէջ, որ կը կազմէ ընդհանուր բնակչութեան 6,9%-ը։ Այս Եւրոմիութեան երրորդ ցուցանիշն է՝ Մալթայէն եւ Սպանիայէն ետք։

2008-ին Յունաստան ընդունած է 17.5 միլիոն զբօսաշրջիկ[4]։

Նշանաւոր վայրերէն են.

Քնոսոսի պալատը

Ք. Ա. 2500-1000 թուականներուն Կրետէ յունական կղզին ունեցած է փայլուն քաղաքակրթութիւն: Բազմաթիւ պալատներ գոյութիւն ունեցած են Քնոսոսի մէջ: Արքունիքը, որուն աւերակները կարելի է այցելել տակաւին, ունէր մօտաւորապէս 1300 սենեակ, 5 յարկ եւ անհամար անցքեր: Այս պալատին մէկ կողմը Մինոաս Տետալոսին պատուիրրած էր կառուցել «լափիւրինթոս»ը: Ք․Ա․1450-ին մասամբ կը քանդուի, իսկ Ք․Ա․1350-ին պալատը վերջնականապէս կը կործանուի մեծ հրդեհի պատճառով։

Փարթենոնը

Յունաստանի Փարթենոնը շինուած է Աթէնքի առաջնորդ Փերիքլիսի իշխանութեան շրջանին (դասական ոսկեդար), Աքրոփոլիս ժայռին վրայ: Այս տաճարին երկարութիւնը 70 մեթր էր, իսկ լայնքը` 31 մեթր: Ան ծածկուած էր մարմարէ սալաքարերով: Աթինա Փալիատայի արձանը ծածկուած էր ոսկեայ թերթերով եւ փղոսկրով զարդարուած էր: Ան տաճարէն գողցուած եւ տարուած է Կոստանդնուպոլիս, ուր վճարուած է միջին դարերուն: Տաճարը շատ ծանր վնասուած է 1687-ին պայթումի մը պատճառով:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յունաստանի կղզիները
  2. «Զբոսաշրջութիւնը Եւրոպայի մէջ` Յունաստան, աշխարհի զբոսաշրջային կեդրոններէն մէկը»։ Զբոսաշրջիկներու թիւը ամէն տարի։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-10-ին։ արտագրուած է՝ 17 Նոյեմբեր 2015 
  3. «Զբոսաշրջութիւնը Յունաստանի տնտեսութեան գլխաւոր ճիւղ»։ Զբոսաշրջային հարմարութիւնները Յունաստանի մէջ։ արտագրուած է՝ 17 Նոյեմբեր 2015 
  4. Նշանաւոր վայրերէն