Jump to content

Զաւէն Նալպանդեան (Զարեւանդ)

Զաւէն Նալպանդեան
Ծննդեան անուն Զաւէն Նալպանդեան
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Անտիոք, Հաթայ, Թուրքիա
Մահացած է 1973
Մահուան վայր Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Հարուըրտ Համալսարան
Քոլումպիա Համալսարան
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, հանրային գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Զաւէն Նալպանդեան (Զարեւանդ, 1890, Անտիոք, Հաթայ, Թուրքիա - 1973, Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), քիմիագէտ, պատմագրող,

Նալպանդեան ծնած է 28 Սեպտեմբեր, 1890-ին, Անտիոք։ Նախակրթութիւնն ու միջնակարգ ուսումը ստացած է Այնթէպի մէջ։

1913-ին անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ստացած է բարձրագոյն կրթութիւն՝ Հարվըրտ եւ Գոլումպիա համալսարաններուն մէջ։ Մասնագիտութեամբ քիմիագէտ է, ան նուիրուած է նաեւ պատմագիտութեան ու գրական աշխատանքի:

Նալպանդեան մահացած է 1 Յունուար, 1973-ին:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1926-ին Զարեւանդ գրչանունով Զաւէն Նալպանդեան ու իր կինը՝ Վարդուհի-Քալանթար Նալպանդեան, Պոսթոնի մէջ հրատարակած են «Միացեալ եւ անկախ Թուրանիա կամ ի՞նչ կը ծրագրեն թուրքերը» պատմաքննական աշխատասիրութիւնը[1], որ 1930-ին նաեւ կը հրատարակուի ռուսերէնով՝ Փարիզ լոյս տեսնող պարբերականի մը մէջ։ 1971-ին, նոյն աշխատասիրութիւնը Վահագն Տատրեանի թարգմանութեամբ անգլերէն կը հրատարակուի Հոլանտայի մէջ:

Զարեւանդի վաստակին մաս կը կազմէ նաեւ թարգմանական աշխատանքը:

  • «Թուրքիան եւ պանթուրքիզմը» (1930),
  • «Միացեալ, Անկախ Թուրանիա», 1926 (1930 - ռուսերէն, 1971 - անգլերէն),
  • «Կրնա՞նք հաշտուիլ թուրքին հետ», 1926[2]։

Զաւէն նալպանդեան - Զարեւանդ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը անգլերէնի թարգմանած է

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
30 տարուան անյաջող փորձերէ ետք, վերջապէս հին ընկերոջ կամքը յաջողութեամբ կատարուած է։ Խօսքը կը վերաբերի ամերիկացի Զաւէն Նալպանդեանի անգլերէն թարգմանութեամբ «Սասունցի Դաւիթ» գիրքի հրատարակումին։ «Զաւէնն ալ Ուաշինկթըն էր, ես ալ, ընկերներ էինք։ Ան ամերիկեան բանակի զինուորական էր, նաեւ բանաստեղծութիւններ կը գրէր։ Դիւցազնավէպը թարգմանած էր անգլերէնի, բայց միջոց չգտաւ տպելու, ինքը մեռաւ, կինը մեռաւ, զաւակ ալ չունէին։ Երբ կտակը բացինք, պարզուեցաւ, որ գիրքի տպագրութիւնը ինծի ձգած էր»,- պատմեց Հրաչ Աբրահամեանը։ Ատիկա 30 տարի առաջ էր, այս ընթացքին ամերիկեան բժշկական համալսարաններէն մէկ փրոֆեսէօր մը չի կրցայ գտնել որպէս մեկենաս, որուն օգնութեամբ պիտի տպագրէր եւ միջազգային հնչեղութիւն տար դասական կամ շեյքսփիրեան անգլերէնով թարգմանուած հայկական դիւցազներգութեան։ Վերջապէս գտաւ, բայց ոչ թէ հարուստ ու բարեկեցիկ «ամերիկաներուն», այլ՝ Հայաստանի մէջ։ «Ես միշտ պատկերացուցած եմ հովանաւոր կոչուածը մարդ մը, որ վեր կանգնած է այդ գործէն եւ միայն դրամ կուտայ, բայց այս գիրքին հովանաւոր Մեսրոպ սրբազան Աշճեանը փոխեց իմ հասկացողութիւններս։ Ան գիրքի ստեղծման պահէն հետը եղած է, ամէն քայլին հետեւելով, ամէն ինչի մասին հոգ տանելով»,- նկատեց Հրաչ Աբրահամեանը։[3]


Ծաօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Մուսալեռցի - Այնճարցի Գրագէտներ»։ mousaleranjar.org (hy-AM)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-11-25-ին։ արտագրուած է՝ 2021-11-26 
  2. «Կրնա՞նք հաշտվիլ թուրքին հետ»։ Husisapail Online / Հյուսիսափայլ / Юсисапайл Онлайн (ru-RU)։ 2010-12-12։ արտագրուած է՝ 2021-11-26 
  3. Էպոս ունենք անգլերէն