Զարկերակաճարպակալում

Զարկերակաճարպակալումը (atherosclerosis) տարածուած հիւանդութիւն մըն է: Անիկա կը յատկանշուի մաղձաճարպէ (cholesterol), ճարպէ եւ կրածինէ կազմուած խեցերու (plaque) կազմութեամբ՝ զարկերակներու ներքին պատերուն վրայ[1][2]:
Անոնք կը կազմուին դանդաղօրէն եւ ժամանակի ընթացքին կը կարծրանան, կը ծաւալին եւ կը յառաջացնեն զարկերակներու մասնակի խցում: Այս պատճառով բնական քանակութեամբ թթուածինով յագեցած արիւն չի հասնիր մարմինի անդամներուն, հիւսկէններուն եւ բջիջներուն: Անիկա ընդհանրապէս կը յառաջանայ մեծ եւ միջակ չափի զարկերակներու մէջ: Զարկերակաճարպակալումը պէտք է զատորոշել զարկերակապնդացումէն (arteriosclerosis): Բոլոր զարկերակաճարպակալում ունեցող անհատները կ'ունենան զարկերակակարծրացում, իսկ զարկերակակարծրացում ունեցող անհատներուն ոչ բոլորը կ'ունենան զարկերակաճարպակալում:
Զարկերակաճարպակալումի հիմնական յարուցիչը անորոշ է, սակայն կան որոշ վտանգաւոր նկատուած ազդակներ (risk factors), որոնց հետեւանքով զարկերակաճարպակալումը կը յայտնուի, ապա կը զարգանայ արագօրէն: Այս ազդակներէն կարեւորագոյններն են՝ ծխախոտի գործածութիւն, վատառողջ սննդականոն, առատ ճարպի սպառում, նստակեաց կեանք եւ անշարժութիւն, ինչպէս նաեւ կենցաղային որոշ վատառողջ սովորութիւններ[3]:
Զարկերակաճարպակալումի ախտաբանական հիմնական փոփոխութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարկերակաճարպակալումի ախտաբանական հիմնական փոփոխութիւնը զարկերակներու ներքին պատերու վնասումն է: Առաջին հերթին ներքին պատերու մակերեսը կը վնասուի, այսինքն՝ կը կորսնցնէ իր բնական կազմուածքը:
Երկրորդ հանգրուանին արեան ցած խտութեամբ ճարպաբնասպիտները (LDL) կը փորձեն ներխուժել վնասուած պատէն ներս: Այս միջոցին արեան ճերմակ գնդիկները կը հասնին եւ կը փորձեն միաձուլուիլ անոնց հետ: Այս գործընթացով տարիներու ընթացքին զարկերակներու ներքին պատին վրայ կը յառաջանան խեցեր, որոնք կը խցեն զարկերակները մասնակիօրէն կամ ամբողջապէս: Խցուած զարկերակները կրնան ֆիզիքապէս վնասուիլ եւ պատճառ դառնալ կոյտերու-խիցերու (clots) կազմութեան:
Զարկերակաճարպակալումով յառաջացած խեցիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարկերակաճարպակալումով յառաջացած խեցիները կ'ունենան տարբեր տարբեր գործընթաց.
1. Անոնք կը ծաւալին, որոշ չափով, առանց խցում յառաջացնելու,
2. Կ'ունենան յառաջընթաց ծաւալում եւ կը պատճառեն որոշ աստիճանի խցում, որուն ախտանշանը կ'ըլլայ տեղային (localized) ցաւ,
3. Ծաւալած խեցերը կը պայթին անակնկալօրէն եւ կը յառաջանան արեան կոյտեր-խիցեր, որոնք պատճառ կը դառնան ուղեղային կամ սիրտի կաթուածի:
Զարկերակաճարպակալումը կը պատահի մարմինի որեւէ մէկ բաժինին մէջ, սակայն ամէնէն մտահոգիչն է՝ սիրտի, ուղեղի, սրունքներու, աչքի, եւ երիկամներու զարկերակաճարպակալումը:
Առողջական հարցեր եւ հիւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարկերակաճարպակալումով կը յառաջանան լուրջ առողջական հարցեր եւ հիւանդութիւններ: Յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւններն են.
Պսակաձեւ զարկերակի հիւանդութիւն (coronary artery disease)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս հիւանդութիւնը թիւ մէկ պատճառն է մարդոց մահուան առանց սեռի խտրութեան: Անիկա կը յառաջանայ, երբ սիրտի պսակաձեւ զարկերակները ախտահարուին զարկերակաճարպակալումով: Այս պարագային, սիրտի մկանները բաւարար չափով արիւն եւ թթուածին չեն ստանար, եւ տեղի կ'ունենայ կրծքավանդակի ցաւ (angina) եւ սիրտի տագնապ (myocardial infarction): Կրծքավանդակի ցաւի ախտանշաններն են՝
- կուրծքի ցաւ, որ կը յայտնուի ընդհանրապէս ֆիզիքական-մարմնական աշխատանքով եւ կը մեղմանայ հանգիստ ընելով, շնչահեղձութիւն (dyspnea), քրտինք, անձկութիւն (anxiety):
- Սիրտի տագնապի ախտանշաններն են՝ կուրծքի եւ բազուկներու ցաւ, փսխունք, մտահոգութիւն, անձկութիւն, ուժասպառութիւն եւ նուաղում:
Քնային զարկերակներու հիւանդութիւն (carotid artery disease)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քնային զարկերակները կը գտնուին վիզին երկու կողմերը եւ անոնք կը մատակարարեն ուղեղը, այսինքն՝ անոնք ուղեղին կը հասցնեն թթուածինով յագեցած արիւն: Անոնց ճարպակալումով կը յառաջանայ ուղեղային կաթուած (stroke), որուն կարեւոր ախտանշաններն են՝[4] շնչահեղձութիւն, գլխացաւ, դէմքի մկաններու տկարութիւն, յոգնածութիւն, մարմնական ընդհանուր տկարութիւն եւ անդամալուծութիւն։
Ծայրամասային զարկերակներու հիւանդութիւն (peripheral vascular disease)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծայրամասային զարկերակներ ըսելով, կը հասկնանք սրունքի, ոտքի, բազուկի, ձեռքի եւ կոնքի (pelvis) զարկերակները: Այս զարկերակներու ճարպակալումով յառաջացած մասնակի խցումով տեղի կ'ունենան տեղային թմրութիւն եւ ցաւ: Այս հիւանդութեան ախտանշաններն են՝ սրունքներու, բազուկներու եւ ոտքերու հերաթափութիւն, տղամարդոց մօտ սեռային յարաբերութեան անկարողութիւն եւ առնանդամի տկար պրկուածութիւն, մորթի գոյնի փոփոխութիւն եւ սրունքներու տկարութիւն:
Երիկամներու մնայուն հիւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիկամներուն արիւն մատակարարող զարկերակներու ճարպակալումով կը յառաջանայ երիկամներու տկարացում եւ երիկամներու փճացում: Անոր հիմնական ախտանշաններն են՝ ախորժակի նուազում, ձեռքերու եւ ոտքերու ջրուռեցք (edema) եւ կեդրոնացումի նուազում:
Զարկերակաճարպակալումի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին՝
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]զարկերակներու գունաւոր նկարում (angiography) եւ արեան որոշ քննութիւններ, մասնաւորապէս՝ մաղձաճարպի եւ ճարպաբնասպիտներու:
Զարկերակաճարպակալումի կանխարգիլում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարկերակաճարպակալումը կարելի է կանխարգիլել հետեւեալ միջոցներու գործադրութեամբ՝ բնաւ չծխել, ալքոլ շատ չգործածել, հակակշռել արեան մաղձաճարպը, ճարպաբնասպիտները եւ շաքարը, նիհարնալ եւ չգիրնալ, հոգեկան եւ զգացական հանգստութիւն ունենալ, ճնշուածութիւն չունենալ, առողջապահական սննդականոնի հետեւիլ, մարզանք ընել, նստակեաց կեանք չունենալ:
Զարկերակաճարպակալումի դարմանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարկերակաճարպակալումի դարմանումը կ'իրականանայ հետեւեալ դարմանամիջոցներով՝
- Որդեգրել կենցաղային սովորութիւններու փոփոխութիւններ:
- Ծխախոտ չգործածել:
- Առողջապահական սննդականոնի հետեւիլ:
- Դեղեր գործածել նուազեցնելու համար արեան մաղձաճարպը, մասնաւորապէս ցած խտութեամբ ճարպաբնասպիտը:
- Օրինաւոր մարզանք ընել:
- Կատարել վիրաբուժական գործողութիւններ, օրինակ՝ երակային պատուաստում (angeoplasty), երակային կապակցութիւն (vascular shunt) եւ շրջանց (by-pass):
Զարկերակաճարպակալումի հետեւանքով կրնայ պատահիլ զարկերակներու պարկաձեւ լայնացում (aneurysm), որուն հետեւանքով զարկերակները կրնան անակնկալօրէն պայթիլ եւ պատճառ դառնալ ներքին մեծ արիւնահոսութեան, ինչպէս նաեւ արիւնակոյտերու կազմութեան: Արիւնակոյտերը կրնան մտնել արեան շրջագայութեան մէջ եւ տեղափոխուիլ մարմինի զանազան բաժինները ու խցել որոշ զարկերակներ: