Զահրումար (Վէպ)
| Հեղինակ | Րաֆֆի |
|---|---|
| Լեզու | հայերեն |
«Զահրումար», Րաֆֆիի 1871 թուականի գրած վէպն է։ Վէպին մէջ պատկերած է առեւտրական պուրժուազիայի կենցաղն ու բարքերը։ Առանձին գիրքով հրատարակուած է 1895 թուականին։
Ստեղծման պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Զահրումարի» գրութեան պատմութեան շուրջը ծաւալուն մանրամասներ յայտնի չեն։ Վէպի առաջաբանին մէջ հեղինակը ուղղակիօրէն կ՚ըսէ «Զահրումարը» գրած է 1871 թուականին, Թիֆլիսի մէջ, ուր իր գործերուն պատճառով ստիպուած եղած է տարի եւ կէս մնալ։
Վէպը տպագրելու առաջին փորձը Րաֆֆին կը ձեռնարկէ 1873 թուականի սկիզբը։ «Մշակի» 1873 թուականի 10 Մայիսին՝ 17-րդ համարոին մէջմ, խմբագրութիւնը հեղինակի անունէն կ՚ըսէ այնպիսի յայտարարութիւն մը. «Եթէ հայկական գրականութիւն սիրողները իրենց նիւթական օգնութեամբ կնպաստեն մէզ «Փունջի» տպագրութեանը, այնուհետեւ խմբագրութիւնս նպատակ ունի ի լոյս ածել Րաֆֆիի եւ միւս բանաստեղծութիւնքը, որպիսիք են՝ «Խլվլիկ» վիպասանութիւը երեք հատորով Պարսկաստանի կեանքից առնուած եւ «Զահրումար» ռոմանը երկու հատորով Թիֆլիսի կեանքից առնուած...»: Չստանալով նիւթական համապատասխան օժանդակութիւն, Րաֆֆիի այս նպատակադրումը կը մնայ անկատար։ Մէկ տարի ետք, երբ Րաֆֆին «Փունջի» առաջին գիրքին մէջ կը հրատարակէ իր ստեղծագործութիւնները տասը հատորով տպագրելու ծրագիրը, չորրորդ հատորին մէջ տեղ կը յատկացնէ նաեւ «Զահրումար» վէպի առաջին եւ երկրորդ մասերուն։ Ինչպէս յայտնի է, Րաֆֆին հնարաւորութիւն չունենար առաջին եւ երկրորդ հատորներիէն յետոյ շարունակելու տպագրութիւնը, ուստի «Զահրումարի» հրատարակութիւնը այս անգամ եւս չիրագործուիրմ։
Րաֆֆիի «Զահրումարի» տպագրութեան առիթով Հ. Առաքելեանը «Մշակի» 1895 թ. N7–ի մէջ գրած է, թէ իբր յիշեալ ստեղծագործութեան երկար տարիներ անտիպ մնալու պատճառը «Մշակի» գաղափարական գծիծէն շեղուելը եղած է։
Րաֆֆին այս վէպի վերջը աւելցուցած է չափածոյ հատուած մը «Կտակ» վերնագրով։ «Զահրումար»–ի բնագիրը տպագրութեան կը պատրաստէ գրողի այրին՝ Աննա Րաֆֆին։ Ստացուած է այնպէս, որ հրատարակիչները տպագրելէն առաջ կը հանեն այդ չափածոյ հատուածը՝ հարուցելով Աննա Րաֆֆիի դժգոհութիւնը։ Վերջինս կը պահանջէ վերականգնել այն, չխախտել հեղինակային իրաւունքը, սակայն արձագանք չի գտներ։ Յետագային, խորհրդային տարիներուն տպագրուած Րաֆֆիի երկերու ժողովածուին մէջ այդ վերականգնուած է։