Jump to content

Եփրեմ Ապրոյեան

Եփրեմ Ապրոյեան
Ծնած է 21 Փետրուար 1869(1869-02-21)
Ծննդավայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Յունուար 1935(1935-01-05) (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Կրօնք Կաթոլիկութիւն
Մասնագիտութիւն Կաթոլիկ քահանայ

Եփրեմ Ապրոյեան (21 Փետրուար 1869(1869-02-21), Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Յունուար 1935(1935-01-05), Պոլիս, Թուրքիա), Մխիթարեան միաբան, տնօրէն։

Ապրոյեան ծնած ի Գաղատիա (Անգարա) 1869 փետրուար 21-ին: Նախնական ուսումը Պոլսոյ Լուսաւորչեան եւ Սագըզ Աղաճի Մխիթարեան վարժարաններու մէջ ոտանալէ ետք՝ Վենետկոյ Ս. Ղազարու վանքը ղրկուած է 1884-ին ու աշակերտած Հ. Մկրտիչ Վ .Եանուզեանի ու Հ. Թորոսեանի:

1892-ին Գեր. Իգնատիոս Կիւբեղեան Արքեպ.էն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան: Վանքին մէջ վարած է փոխտնօրէնի եւ տնօրէնի պաշտօններ եւ միաբանութեան ընծայած է քահանայական դաս մը: Ուսումնապետի պաշտօն վարած է Վենետկոյ Մ. Ռափայէլեան վարժարանին մէջ եւ խորհրդական ու քարտուղար վանքի Վարչական Ժողովոյ:

1912-1926 Պոլսոյ Բերայի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն, ու յետոյ մեծաւորի պաշտօն կը վարէ մինչեւ իր մահը՝ որ յանկարծակի տեղի կ՛ունենայ 1935 Յունուար 5-ին: