Jump to content

Երուսաղէմի Ձեռագրատուն

Երուսաղեմի ձեռագրատուն, հայերէն ձեռագիրներու աշխարհի մէջ երկրորդ հաւաքածոն (Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն յետոյ)։ Կը գտնուի Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքին մէջ։ Ձեռագիրերու թիւը կը հասնի շուրջ 4000-ի (1976 թուականին)։ Հիմնադրման ստոյգ թուականը յայտնի չէ։ Ելլելով որոշ ձեռագիրերու գրութեան թուականներէն՝ կ՚ենթադրուի, որ սկզբնաւորուած է 12-13-րդ դարերուն։ Մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը ձեռագիրերը անխնամ վիճակի մէջ էին։ 1865 թուականին Տ․ Սաւալանեանցը կազմած է անոնց ցանկը։ Յետագային ցանկերու կազման ու հրատարակման ձեռնամուխ եղած է Ա․ Սիւրմեեանը։

Առաջին հատորը լոյս տեսած է 1948 թուականին։ Գործը շարունակած է Ն. Պողարեանը՝ 1953-1960 թուականներուն հրատարակելով 2-5-րդ հատորները։ 1966 թուականին ան ձեռնարկած է «Մայր ցուցակ ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց» ցանկի նոր, շքեղ ու վերափոխուած հրատարակութիւնը։ Մինչեւ 1972 թուականը հրատարակուած է 6 ծաւալուն հատոր, ուր ընդգրկուած է 2000 ձեռագրի նկարագրութիւն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։