Jump to content

Երուանդ Արաբեան

Երուանդ Արաբեան
Ծնած է 1874
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1946
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Երուանդ Արաբեան (Արապեան, 1874, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1946, Պոլիս, Թուրքիա), Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող բժիշկ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս։ Զաւակն է իրաւաբան Անդրանիկ Արաբեանի։ 1897-ին աւարտած է ծննդավայրին Հարպիէ թաղամասի զինուորական բժշկական վարժարանը:

Ամուսնացած է գրագիտուհի տիկին Արմէնուհիի հետ: Անոնք բախտաւորուած են քանի մը զաւակներով:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1897-1907 հարիւրապետի աստիճանով ղրկուած է Պաղտատ, ապա Պասրա, եւ տասը տարի իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած է օսմանեան զանազան զօրամիաւորումներուն մէջ:

1903-ին, 14 ամիս շարունակ պայքարած է Մուսուլէն մինչեւ Տիարպէքիրի շրջաններուն մէջ տարածուած քոլերային դէմ:

1906-ին, Մուսուլի մօտ ծառայած է իբրեւ գլխաւոր բժիշկ, ուր ծայր առած էր յեղափոխութիւն:

1907-ին նշանակուած է Մուսուլի զինուորական հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ եւ քաղաքապետական բժիշկ:

Մուսուլ գտնուած միջոցին, գիտական-բժշկական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է՝ հիմնուելով հիւանդի մը ունեցած «Գերոսկրուց» (Hyperostosis) արտառոց հիւանդութեան մասին: Ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է թրքերէնով եւ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է տեղւոյն բժշկական մարմիններուն մօտ:

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ ծառայած է զինուորական ուսումնարաններու մէջ:

1912-13 հազարապետի աստիճանով մասնակցած է պալքանեան պատերազմին, իբրեւ գլխաւոր բժիշկ: Հոն վիրաւորուած է եւ վերադարձած՝ Պոլիս:

1914-18 մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին: Պարսկական ռազմաճակատին վրայ, դժուարին պայմաններու մէջ յաջողած է մեծ թիւով վիրաւորներ փրկել:

1919-ին փոխադրուած է Պոլիս եւ ծառայած է Չամլըճայի զինուորական առողջարանին մէջ:

Երկար տարիներ ծառայած է օսմանեան կայսրութեան տարբեր քաղաքացիական եւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ եւ մասնաւորապէս արաբական թերակղզիի զինուորական միաւորներուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ, ուր յաջողած է պայքարիլ տարափոխիկ հիւանդութիւններու դէմ, բուժելով հիւանդ եւ վիրաւոր զինուորներ եւ սպաներ:

Ունեցած է հանրային եւ գրական գործունէութիւն: Հեղինակ է յուշագրութիւններու եւ պատմուածքներու:

1909-1911 եղած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամ[1][2]:

Պարգեւատրուած է բազմաթիւ պատուանշաններով: Օսմանեան բանակին իր ծառայութիւններուն համար, արժանացած է փոխգնդապետի կոչման եւ քանի մը շքանշաններու: Ունեցած է հազարապետի աստիճան եւ Պէյի տիտղոս:[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Երուանդ Արաբեան (Արապեան)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2023-09-29։ արտագրուած է՝ 2025-04-25
  2. 1 2 «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Երուանդ Արաբեան»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2025-02-11։ արտագրուած է՝ 2025-04-25