Երկրաշարժ
Երկրաշարժ (անգլերէն՝ earthquake) ստորգետնեայ ցնցում, որ տեղի կ'ունենայ երկրակեղեւին որոշ զանգուածին կուտակուած ուժին կտրուկ լիցքաթափման իբրեւ արդիւնք[1]։
Երկրաշարժի Բնագիտութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրաշարժերու հիմնական պատճառը այն է, որ երկրագունդին կեղեւը միահամուռ եւ կայուն չէ: Կազմուած է մեծ ու փոքր «կերտուածական սալ»երէ (tectonic plate), որոնք յարատեւ շարժումի մէջ են:
Շուրջ 200 միլիոն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած է մէկ համատեղ երկրամաս, որ կը կոչուի «Pangea»:
Երկար ժամկէտի առումով, երկրաշարժերը մեծապէս օգտակար եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ են երկրագունդին վրայ կեանքի պահպանման համար: Կը գոյացնեն լեռներ, որոնք ոչ միայն ըմպելի ջուրի շտեմարան են, այլեւ` կենսոլորտի հարստութեան աղբիւր: Ընդերքէն դուրս կը բերեն պարարտ հող եւ հազուագիւտ ծանր մետաղներ (ինչպէս` ոսկի եւ իւրանիոմ): Կը նորոգեն ծովերու քիմիական բաղադրութիւնը եւ այլն:
Առանց սալերու տեղաշարժին` մայր ցամաքամաս «Կէա»ն պիտի պարփակէր հոյածաւալ անապատ մը:
Երկրագունդին կեղեւին կազմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրագունդին կեղեւը, որ կազմուած է մեծ ու փոքր սալերէ, որոնք կը ծփան հեղուկ լաւայի շերտի մը վրայ, որ կը կոչուի «ծածկոյթ» (Mantle): Լաւային բաղադրութեան մէջ գերիշխող են երկաթը եւ երկաթի նման «միջին» զանգուածի հիւլէներ, որոնք կայուն են: Երկրագունդին կորիզը (Core) կազմուած է ծանր հիւլէներէ, որոնք ընկղմած են դէպի ձգողութեան կեդրոն:
Ծանր հիւլէներ, ինչպէս` իւրանիոմ, ընդհանրապէս անկայուն են եւ շողարձակումի միջոցով ժամանակի ընթացքին կը վերածուին կայուն հիւլէներու: Այդ շողարձակումն է, որ ջերմուժ կ'արտադրէ եւ կորիզը կը պահէ շուրջ հինգ հազար աստիճան տաքութեան վրայ, որ, ի դէպ, մօտ է արեւու մակերեսի ջերմաստիճանին:
Կորիզը հաստատուն է, որովհետեւ ենթակայ է ահռելի ճնշումի (չորս հազար թոն իւրաքանչիւր քառակուսի սանթիմեթրի վրայ): Հեղուկ ծածկը նման է տաքցուող ջուրի: Տաք յատակին հպած ջուրը կ'ընդլայնի, կը նօսրանայ եւ կը բարձրանայ վեր, ուր կը պաղի, կը խտանայ եւ կը սուզուի դէպի յատակ:
Կը կազմուին քանի մը շրջանաձեւ հոսանքներ, որոնք կը կոչուին «փոխադրական» (convective), որովհետեւ նիւթը ինքն է, որ իրեն հետ «կը փոխադրէ» ջերմուժը:
Ծածկոյթին վրայ ծփացող տարբեր ձեւի եւ տարածութեան սալերը կը շարժին հեղուկ ծածկի մակերեսին հորիզոնական փոխադրական հոսանքներուն հետ, որոնք ի հարկէ զուգահեռ չեն: Տեղի կ'ունենայ անխուսափելի հրմշտուք, որ սահուն չ'ընթանար, որովհետեւ հպումի սահմանագիծերը, որոնք կը կոչուին «խզուածք» (fault, faille), ողորկ չեն:
Կործանարար ուժը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վիճակագրական առումով, երկրաշարժեր կը պատահին տարին շուրջ 4 անգամ: Անոնց մեծ մասը`ովկիանոսներու յատակին եւ կամ ամայի վայրերու մէջ: Թուաբանական տարազի առումով, յարաբերութիւնը նման է երկնաքարերու զանգուած-յաճախականութիւն խոտոր (inverse) յարաբերութեան:
7,8 ռիխթըր ուժգնութեան երկրաշարժ մը միջին հաշուով կ'արձակէ շուրջ 7,5 հազար քիլոթոն TNT պայթուցիկի համազօր ուժ: Հիրոշիման ածխացուցած կորիզային ռումբը համազօր էր լոկ 16 քիլոթոն պայթուցիկի: Երկրաշարժը համազօր է շուրջ հինգ հարիւր նման ռումբի:
Երկրաշարժեր կը պատահին միջին հաշուով 50 քմ խորութեան վրայ: Մակերեսին շուրջ երեք անգամ աւելի մօտ ըլլալու հանգամանքը աւերը կը բազմապատկէ (3×3 = 9 անգամ):
Ցնցումային (seismic) ալիքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալիքները կը բաժնուին երկու գլխաւոր դասերու. երկայնական (longitudinal), երբ մեքենական ալիքներու համար մասնիկներու շարժումը զուգահեռ է տարածումի (propagation) ուղղութեան, եւ` լայնակի (transverse), երբ մասնիկներու շարժումը ուղղահայեաց է տարածումին:
Երկրաշարժի պարագային երկայնական ալիքները կը կոչուին «սկզբնական» (P-Primary), որովհետեւ աւելի արագ են եւ ուրեմն կը հասնին աւելի կանուխ: Լայնակի շարժումները կը կոչուին «երկրորդական» (S – Secondary): Երկրաշարժի ընթացքին ոչ ողորկ մակերեսներու միջեւ շփումը տեղի կ'ունենայ խզման գիծի երկայնքին, այսինքն` զուգահեռ: Անոր պատճառած ուժեղ ցնցումները լայնակի են, ուղղահայեաց տարածումի ուղղութեան:
Արագութիւնները կախեալ են տուեալ հողամասի յատկութիւններէն: Միջին հաշուով լայնակի ալիքներու արագութիւնն է 3-4 քմ/երկվ, իսկ երկայնական 7-8 քմ/երկվ, այսինքն` կրկնակի արագ:
Կանուխ հասնող նուազ ուժգին երկայնական ցնցումները կրնան ծառայել իբրեւ ազդանշան:
Գլխաւոր ալիքները մեզի կը հասնին երկրաշարժէն շուրջ 50 երկվայրկեան ետք, իսկ երկրորդական ալիքները` շուրջ 50 երկվայրկեան աւելի ուշ: Կարգ մը անասուններ, որոնք մեզմէ շատ աւելի զգայուն են գետնի թրթռացումներուն, այդ 50 երկվայրկեանի ընթացքին տագնապահար վարմունք կ'ունենան:
Ճիշդ չէ, որ շուները «կը լսեն» երկրաշարժը: Անոնք մեզմէ աւելի զգայուն են բարձր յաճախականութիւն ունեցող ձայներու, իսկ մեզմէ առնուազն երկու անգամ աւելի խուլ` ցած յաճախականութեան, ինչպէս որ երկրաշարժն է: Բացի ատկէ` օդին մէջ ձայնային ալիքները, որոնք կը տարածուին երեք տարածաչափի վրայ (3D), աւելի արագ կը խամրին, քան` երկու տարածաչափային (2D) մակերեսի ալիքները:
Կան այլ, նուազ կարեւորութիւն ունեցող շարժումներ, որոնց գլխաւորն է «Ռէյլի» ալիքը, որ նման է ծովու մակերեսի ալիքներուն: Այդ կը նկատուի կակուղ հողի խորունկ ընդարձակ շերտերու մակերեսին, որուն վրայ հաւանաբար շինութիւններ չկան:
Աւերի մեքանիզմը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդի շինութիւնները կրաձոյլ (reinforced contrete) կմախքներ են, որոնց վրայ կ'աւելնան աղիւս եւ ապակի պատեր, որոնք ամրութեան առումով պարզապէս յաւելեալ բեռ են: Կրաձոյլի մեքենական յատկութիւնը այն է, որ կրնայ դիմանալ մեծ ճնշումի, բայց արագ կը բեկանուի, երբ ենթարկուի ձգումի (tension), այսինքն` երբ հարկ է «նօսրանալ»:
Երկրորդական (S) ալիքներու պարագային, գետնի շարժումը հորիզոնական է, բարձրայարկ շէնքերու հիմերը կը շարժին գետնին հետ, մինչդեռ վերի յարկերը «ետ կը մնան»: Այդ կը նշանակէ, որ շէնքը, իմա` սիւները, հարկ է որ կորանայ: Հոն կրնայ սկսիլ բեկումը եւ փլուզումը: Կրաձոյլին կ'աւելցուին պողպատ ձողեր, եւ կը ստացուի ամրացուած կրաձոլ (reinforced contrete): Այդ ձողերը, սակայն, չեն կրնար արգիլել սիւներու «կորացումը», եթէ զետեղուած չեն ճիշդ ձեւով եւ բաւարար քանակով:
Ցնցումային ալիքներ ի հարկէ կը տարածուին երկիրի ընդերքին մէջ: Այդ կը հետաքրքրէ երկրաբանները, որոնք այդ ցնցումները ուսումնասիրելով` տեղեկութիւն կը ստանան ընդերքի կառոյցին շուրջ:
Ցունամի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոներէնով` նաւահանգիստի ալիք: Երբ ովկիանոսի յատակին իրարու բախող երկու սալերէն մէկը յանկարծ սկսի բարձրանալ միւս սալին վրայ, այդ կը նշանակէ առնուազն 8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Սալը մեծ քանակութեամբ ջուր կը մղէ դէպի վեր: Ալիքի «բլուրը» կը տարածուի ամէն ուղղութեամբ:
«Ռէյլի» ալիքներուն կապակցութեամբ, ջուրի շարժումը ձուաձեւ է, պարզ, որ երբ ջուրի խորութիւնը գրեթէ զերօ ըլլայ, այդ շարժումը գրեթէ անկարելի կ'ըլլայ, ալիքի արագութիւնը կ'իյնայ զերոյի: Ալիքին յառաջամասը, որ նուազ խորութեան վրայ է, աւելի դանդաղ է, քան` յետսամասը, որ կը սկսի մագլցիլ յառաջամասին վրայ: Երեւոյթ, որ ի զօրու է նաեւ բնական ալիքներու պարագային: Թեթեւ թեքութիւն ունեցող հարթ աւազափ ծովեզերքներու վրայ այդ կը ծառայէ «սըրֆ» (surf) կոչուող մարզաձեւին: Ցունամին հաւանական է Միջերկրականի արեւմտեան աւազանին մէջ, ուր Ափրիկեան սալի շարժումը ուղղահայեաց (շեշտակի) է խզուածքի գիծին: Արեւելեան աւազանին մէջ ցունամին անհաւանական է, բայց չէ բացառուած:
551 թուականին ցունամին խլած է շուրջ 30 հազար լիբանանցիի կեանք: Բաց ծովուն վրայ ցունամի ալիքի արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 6 հարիւր քմ-ի:
Լիբանանի լեռնային ծովեզերքը ունի մեծ թեքութիւն: Այդ կը նշանակէ, որ մօտեցող ցունամիի ալիք մը արագ կը կուտակուի, այսինքն՝ կը բարձրանայ:
Երկրաշարժի ուժգնութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երկրաշարժերու ուժգնութեան գնահատման պարզեցուած միջազգային սանդխակ
MSK-64[2] | |||
---|---|---|---|
Երկրաշարժին
բնութագիրը |
Երկրաշարժին հետեւանքները | Երկրաշարժին
ուժգնութիւնը՝ (ըստ Ռիխթըրի սանդխակին) | |
Աննկատ | Սովորաբար զգալի չ'ըլլար, կ'արձանագրեն միայն նուրբ երկրաշարժաչափական սարքերը։ | 1 | |
Շատ թոյլ | Կը զգան անոնք, որոնք կը գտնուին հանգիստ վիճակի մէջ։ | 2-3 | |
Թոյլ | Զգալի է բարձր շէնքերու վերի յարկերուն մէջ։ | 2-3 | |
Չափաւոր | Բնակարաններու մէջ կը նկատուին իրերու թոյլ ցնցումներ, լսելի կ'ըլլան սպասներու եւ պատուհաններու ապակիներու թոյլ զրնգոց։ | 3-4 | |
Բաւական ուժեղ | Շէնքերու ընդհանուր ցնցումներ, կահոյքի տատանումներ, գիշերը մարդիկ քունէն կ'արթննան։ | 3-4 | |
Ուժեղ | Կահոյքը կը շարժի, նկարները պատերէն կ'իյնան, գիրքերը՝ դարակներէն, սպասները կը կոտրտուին, մարդիկ սարսափած դուրս կը փախչին։ | 5 | |
Խիստ ուժեղ | Կահոյքը կը տապալի, ջրաւազաններուն մէջ կը նկատուի ալեկոծութիւն, կը վնասուին քարէ կառոյցները։ | 5 | |
Աւերիչ | Կը նկատուին գետնի ոչ մեծ ճեղքեր, ծառերը կրնան կտրտուիլ, յուշարձանները տեղէն կը շարժին։ Յատուկ նախագիծով կառուցուած շէնքերու պարագային ալ կարելի է թեթեւակի վնասներ յառաջանալ։ | 5-6 | |
Ամայացնող | Զանգուածային փլուզումներու պատճառ կրնայ դառնալ, եթէ շէնքերը յատուկ նախագիծով չեն կառուցուած կամ ամրացած։ | 6 | |
Կործանարար | Գետնին լայն ճեղքեր մինչեւ 1 մեթր լայնքով եւ փլուզումներ։ | 7 | |
Աղէտալի | Գետնին խոր եւ հզօր ճեղքեր, մեծ փլուզումներ, ջրապատնէշները, կամուրջները հիմնովին կը փլչին։ | 8 | |
Խիստ աղէտալի | Երկիրին մակերեւոյթը կը ծածկուի մեծաքանակ ճեղքերով, կը փոխուին գետերու հուները, կը յառաջանան ջրվէժներ եւ լիճեր, բոլոր կառոյցները կը քանդուին։ | 8,5-8,9 |
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բալասանեան Ս., Նազարէթեան Ա. «Սեյսմիկ պաշտպանութիւնը եւ նրա կազմակերպումը», Գիւմրի, 2002
- Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւն, «Անվտանգ ընտանիք», Երեւան, 2014
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ երկրաշարժ
- ↑ Հայաստանի բնաշխարհ հանրագիտարան։ Երևան: Հայկական Հանրագիտարան Հրատարակչություն։ 2006։ էջ 76։ ISBN 5-89700-029-8