Երկիր

(Վերայղուած է Երկիր (արեւմտահայերէն)-էն)

Երկիր (Խորհրդանիշ: 🜨), Երկիրը Արեգակնային Դրութեան այն մոլորակն է, ուր բնակուած է մարդու կողմէ: Ան երրորդն է Փայլածուէն եւ Արուսեակէն ետք: Գրեթէ գնդաձեւ է: Տրամագիծն է 12713 քմ. մէկ բեւեռէն միւսը եւ 12756 քմ. հասարակածին վրայ:

Երկրին կազմութիւնը. 4.5 միլիոն տարի առաջ, արեգակնային նախնական միգամածի փոքրիկ մէկ մասը հետզհետէ խտանալով կազմած է երկիրը:

Երկրին Կառուցուածքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրին կառուցուածքը կրնանք նմանցնել սոխի խաւերուն: Ունի համակեդրոն երեք խաւեր.

  • Երկրային կեղեւը, որ 33 քմ. թանձրութիւն ունի ցամաքամասերու տակ եւ 6 քմ. ովկիանոսներու տակ:
  • Մակմայի Վերարկուն 2900 քմ. թանձրութեամբ, որուն տակ ջերմաստիճանը ( 2000°C է աւելի) եւ ճնշումը այնքան բարձր՝ որ նիւթը հաստատուն եւ հեղուկ վիճակներու միջեւ կը գտնուի:
  • Կեդրոնական Կորիզը, բաղկացած հոսանուտ նիւթէ, որ ունի 3400 քմ. շառաւիղ մը եւ որուն 2150 քմ.ը հեղուկ է:

Մթնոլորտ (Եթեր)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկիրը պարուրուած է «Կազային ծածկոց»ի մը մէջ, որ կը կոչուի Մթնոլորտ: Հազար քմ. հաստութեամբ այդ ծածկոցը յատկապէս կազմուած է բորակածինէ եւ թթուածինէ: Առանց մթնոլորտին, Արեւէն ածխացած պիտի ըլլայինք օրուան մը ընթացքին եւ տառացիօրէն սառած՝ գիշերը:

Մթնոլորտը ունի առնուազն չորս խաւեր. թրոփոսֆէրը, որ ծովի մակերեսէն մօտաւորապէս 11 քմ. բարձրացող խաւն է, կը տնօրինէ օդերեւութաբնական երեւոյթները, այսինքն անձրեւը, պայծառ օդը, եւայլն: Մթնոլորտը իր մէջէն դէպի Երկիր անցընել կու տայ արեւուն այն ճառագայթները միայն, որոնք մեզ կը լուսաւորեն եւ կը տաքցնեն: Ան կը ներծծէ անդրմանիշագոյն ճառագայթները, որոնք կը վտանգեն մեր կեանքը: Եթէ այս վերջին ճառագայթներէն մաս մը յաջողի ներթափանցել վերջին խաւերէն, ապա զանոնք կը կասեցնէ եթերի (օզօն) խաւը՝ շուրջ 50 քմ. բարձրութեան վրայ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 14-15։