Երկինքին Գոյնը
Երկինքին գոյնը արդիւնքն է բնական եւ մարդկային երեւոյթներու:
Երկինքին գոյնը կը ծնի անջրպետին մէջ արեւուն արձակած լոյսէն: Այս ճերմակ լոյսը կազմուած է ծիածանին բոլոր գոյներէն:
Լոյսը կ'ընթանայ տարբեր երկարութիւններ ունեցող ալիքներու ձեւին տակ: Իւրաքանչիւր գոյն ունի իր ալիքին յատուկ երկարութիւնը: Այս ալիքները կը յառաջանան ուղիղ գիծով, մինչեւ որ անոնք հանդիպին արգելքի մը: Երբ անոնք երկրագունդին կը մօտենան, անոնք կը դիպչին մեր մոլորակը շրջապատող օդի խաւին` մթնոլորտին:
Այդ պահուն արեւուն ճառագայթները շփման մէջ կը մտնեն օդի մասնիկներուն` մոլեքիւլներուն, ջուրի կաթիլներուն եւ մթնոլորտը կազմող փոշիներուն հետ: Օդի մոլեքիւլները բաւարար մեծութիւնը ունին լոյսին ամէնէն փոքր ալիքները, յատկապէս մանիշակագոյնը կամ կապոյտը սփռելու: Միւս գոյները այս գոյներուն նման դիւրութեամբ չեն սփռուիր եւ, հետեւաբար, անոնք «կը ջնջուին»:
Վերջին տարրը, այս երեւոյթին պարագային, մարդկային աչքն է: Ան շատ աւելի լաւ կը տեսնէ կապոյտ գոյնը, քան` մանիշակագոյնը[1]: