Երկաթի Դար

Երկաթի դար, մարդկութեան պատմութեան ժամանակաշրջան, որ կը բնորոշուի երկաթի օգտագործմամբ, երկաթէ գործիքներու գործածութեամբ։
Պատմութիւն[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկաթի դարը (Ք.ա. շուրջ 1200 – շուրջ 550) պատմական մետաղներու երեք դարաշրջաններուն վերջինն է՝ Պղինձի եւ Պրոնզի դարերէն ետք: Անիկա նաեւ կը նկատուի երեք դարերու բաժանման եզրափակիչ փուլը, որ կը սկսի նախապատմութեամբ (նախքան արձանագրուած պատմութիւնը) եւ կը յառաջանայ դէպի նախապատմական շրջան (protohistory՝ նախքան գրաւոր պատմութիւնը): Այս իմաստով, անոր կը նախորդեն Քարի դարը (բաժնուած՝ Հին քարի, Միջին քարի եւ Նոր քարի դարաշրջաններու) եւ Պրոնզի դարը: Այս հասկացողութիւնները սկզբնապէս ստեղծուած են նկարագրելու համար Եւրոպայի եւ Հին Մերձաւոր Արեւելքի Երկաթի դարը:
Ամերիկեան ցամաքամասի հնագիտութեան մէջ, փոխարէնը՝ սովորաբար կ'օգտագործուի հինգ շրջաններու համակարգ մը. տեղաբնիկ մշակոյթները նախաքոլոմպոսեան դարաշրջանին երկաթի տնտեսութիւն չեն զարգացուցած, թէեւ ոմանք կը մշակէին պղինձ եւ արծաթ: Տեղաբնիկ մետաղագործութիւնը Աւստրալիա հասաւ եւրոպացիներու հետ շփման միջոցով: Թէեւ երկնաքարային երկաթը հազարամեակներ շարունակ օգտագործուած է բազմաթիւ տարածաշրջաններու մէջ, Երկաթի դարու սկիզբը աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ հնագիտականօրէն կը սահմանուի այն պահով, երբ ձուլուած երկաթի արտադրութիւնը (յատկապէս պողպատէ գործիքներն ու զէնքերը) սովորական գործածութեան մէջ կը փոխարինէ պրոնզէ համարժէքներուն:
Անատոլուի, Կովկասի եւ Հարաւային Եւրոպայի մէջ Երկաթի դարը սկսած է շուրջ Ք.ա. 1300-ին: Հին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այս անցումը տեղի ունեցաւ Պրոնզի դարու վերջին փուլի փլուզման հետ միաժամանակ՝ Ք.ա. 12-րդ դարուն: Արհեստագիտութիւնը շուտով տարածուեցաւ Միջերկրականի աւազանին մէջ եւ Հարաւային Ասիա՝ Ք.ա. 12-րդ եւ 11-րդ դարերու միջեւ: Անոր յետագայ տարածումը դէպի Կեդրոնական Ասիա, Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպա քիչ մը ուշացաւ, իսկ Հիւսիսային Եւրոպա հասաւ միայն շուրջ Ք.ա. 5-րդ դարուն:
Հնդկաստանի Երկաթի դարը կը համարուի սկսած երկաթագործական «Նկարազարդ մոխրագոյն խեցեղէնի» մշակոյթով, որ կը թուագրուի շուրջ Ք.ա. 1200-էն մինչեւ Աշոքա թագաւորի գահակալութիւնը՝ Ք.ա. 3-րդ դարուն: Ափրիկէն չունեցաւ համընդհանուր «Պրոնզի դար», եւ շատ մը շրջաններ անմիջապէս քարէն անցան երկաթի: Որոշ հնագետներ կը հաւատան, որ երկաթի մետաղագործութիւնը ենթասահարեան Ափրիկէի մէջ զարգացած է Եւրասիայէն անկախ՝ դեռ Ք.ա. 2000 թուականին[2]:
Երկաթի դարու աւարտը գրաւոր պատմագրութեան սկիզբով սահմանելու գաղափարը միշտ չէ, որ կիրառելի է, քանի որ գրաւոր լեզուն եւ պողպատի գործածութիւնը տարբեր վայրերու մէջ զարգացած են տարբեր ժամանակներու: Օրինակ՝ Չինաստանի մէջ գրաւոր պատմութիւնը սկսած է նախքան երկաթի ձուլումը: Միջագետքի մէջ գրաւոր պատմութիւնը հարիւրաւոր տարիներով կը նախորդէ երկաթի ձուլման: Հին Մերձաւոր Արեւելքի համար՝ Աքեմենեան կայսրութեան հիմնադրումը (շուրջ Ք.ա. 550) աւանդաբար կը նկատուի որպէս աւարտի թուական: Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Հռոմէական կայսրութեան նուաճումները (Ք.ա. 1-ին դար) կը նշեն Երկաթի դարու վերջը, իսկ Սկանտինաւիոյ մէջ այն կը համարուի աւարտած շուրջ Ք.ե. 800-ին՝ Վիքինկներու դարաշրջանի սկիզբով:
Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ եղած է բազմաթիւ երկաթի հանքավայրերով։ Այդ պատճառով ալ Ուրարտուն եղած է առաջին երկիրներէն, ուր սկսած են օգտագործել երկաթ։
Երկաթէ դարը կը համընկնի վաղ դասակարգային յարաբերութիւններու ծագման։ Անիկա կը յաջորդէ պրոնզէ դարուն։ «Երկաթէ դար» եզրը գիտութեան մէջ մտցուցած է դանիացի հնագէտ Կ․ Յու․ Թոմսէնը, 19-րդ դարու կիսուն։ Տարբեր ժամանակներու մէջ երկաթի արտադրութեան նախնական շրջան ունեցած են բոլոր ժողովուրդները, սակայն «Երկաթէ դար» եզրը սովորաբար կը վերաբերի միայն նէոլիթ եւ պրոնզէ դարուն մէջ առաջացած քաղաքակիրթ ստրկատիրական պետութիւններու (Եգիպտոս, Յունաստան, Հնդկաստան, Չինաստան եւ այլն) տարածքէն դուրս բնակուող նախնադարեան ցեղերուն։ Քանի որ երկաթը այժմ ալ շատ օգտագործուող մետաղ է, հնագիտութեան մէջ ընդունուած է նաեւ վաղ Երկաթէ դար արտայայտութիւնը։
Երկաթէ դարը նախնադարեան հասարակութեան կեանքի նախորդ փուլերու՝ քարէ դարու եւ պրոնզէ դարու համեմատ, խիստ կարճ տեւած է. հիմնական ժամանակագրական սահմանները Ն․Ք․ 9-7-րդ դարերն են, երբ Եւրոպայի եւ Ասիոյ նախնադարեան շատ ցեղեր ունեցած են երկաթի սեփական արտադրութիւն։ Հիմք դրուած է դասակարգային հասարակութեան ու պետութեան։
Որոշ գիտնականներ երկաթէ դարու վերջը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ կը համարեն Ն․Ք․ 1-ին առաջին դարը, երբ ի յայտ եկած են հռոմէական գրաւոր յուշարձանները, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդեն արեւմտաեւրոպական ցեղերու մասին։ Առաջին երկաթէ առարկաներու հումք ծառայեր է երկնաքարային երկաթը, որմէ պատրաստուած զարդարանքներ գտնուած են Ն․Ք․ 3-րդ հազարամեակի եգիպտական դամբարաններուն մէջ։ Ըստ աւելի հաւանական ենթադրութիւններէն մէկուն՝ հանքային երկաթը առաջին անգամ օգտագործուած է Հայկական լեռնաշխարհի մէջ (Անտիտաւրոս) Ն․Ք․ 15-րդ դարուն։ Ն․Ք․ 11-րդ դարէն Փոքր Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ լայնօրէն կը տարածուին երկաթէ գործիքներն ու զէնքերը։ Հարաւային Եւրոպայի, Արեւելեան Եւրոպայի, Միջագետքի մէջ երկաթի արտադրութեամբ զբաղուած են Ն․Ք․ 8-7-րդ դարերուն, Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Խաղաղ ովկիանոսի շատ կղզիներու մէջ՝ 16-17-րդ դարերուն՝ եւրոպացիներու միջոցով։
Հայաստանի մէջ երկաթի արտադրութեան թուագրման համար առանցքային նշանակութիւն ունին Թեյշեբաինիի մէջ (Կարմիր բլուր) գտնուած դարբնոցային արհեստանոցը եւ Լճաշէնի մէջ պեղուած ձուլարանը (Ն․Ք․ 13-12-րդ դարեր)։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ երկաթի մշակոյթը առաւելաբար զարգացած է ուրարտական ժամանակաշրջանին․ գտնուած են բազմաթիւ երկաթէ առարկաներ (գութանի խոփեր, բրիչի ծայրակալներ, մանգաղներ, մուրճեր, կացիններ, դռներու փականքներու օղակներ, նիզակներու ու նետերու ծայրապանակներ, երկաթէ սուրեր, թերթաւոր զրահներ եւ այլ)։ Երկաթի մշակոյթի զարգացման համար Ուրարտուն ապահովուած էր տեղական հումքով, հարուստ էին Մուշի, Պիթլիսի, Վանի, Ուրմիոյ լիճի շրջակայքի, Աղձնիքի, Բարձր Հայքի եւ այլ վայրերու հանքերը։ 19-րդ դարու վերջին Կարմիր վանքի, Թազաքէնդի, Ռեդկին–լագէրի, Լոռիի մէջ եւ այլուր յայտնաբերուած են Ն․Ք․ Ա. հազարամեակի սկիզբի երկաթէ նիզակներ, դանակներ, սուրեր, որոնց վաղ շրջանի նմուշները ունին պրոնզէ բռնակներ։ Մեծամօրի մէջ, Ն․Ք․ Ա. հազարամեակի սկիզբին վերաբերող շերտերէն գտնուած են հեմատիտէ թիթեղիկներ եւ խարամի կտորներ, որոնց որոշ հատուածներուն մէջ կան հեմատիտէ բիւրեղիկներու խումբեր։ Կ՛ենթադրուի, որ երկաթահումքը բերուած է Հրազդանի եւ Մարմարիկի երկաթահանքերէն։ Խրտանոցի, Աստղի բլուրի, Գոլովինոյի, Լենինականի, Կուրթանի, Ջարխեջի, Նոյեմբերեանի, Շամշադինի ու շատ այլ վայրերու հին դամբարաններուն մէջ գտնուած են Ն․Ք․ 8-7-րդ դարերու մեծ քանակութեամբ երկաթէ առարկաներ։
Երկաթէ գործիքները բնութեան դէմ պայքարելու, արտադրողական ուժերու եւ արտադրական յարաբերութիւններու զարգացման լայն կարելիութիւններ ընձեռեցին։ Երկաթը մեծ դեր ունեցաւ նաեւ ռազմական գործին մէջ, քարէ եւ պրոնզէ զէնքերը հետզհետէ դուրս եկան ասպարէզէն։ Աշխատանքի արտադրողականութեան բարձրացման շնորհիւ աւելցաւ մթերքներու արտադրութիւնը, որ իր հերթին նախադրեալներ ստեղծեց մարդու կողմէ մարդու շահագործման համար։ Աստիճանաբար վերացան ցեղային միութիւնները, յստակացաւ դասակարգային շերտաւորումը, արտադրութեան միջոցները դարձան մասնաւոր սեփականութիւն, անջատուեցաւ ցեղային աւագանին, միջցեղային կռիւները անխուսափելի դարձան։
Հասկացողութեան պատմութիւնը[3]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քարի, Պրոնզի եւ Երկաթի դարերու երեք դարաշրջաններու համակարգը առաջին անգամ օգտագործուած է Եւրոպայի հնագիտութեան համար 19-րդ դարու առաջին կիսուն. իսկ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն այն արդէն տարածուած էր Հին Մերձաւոր Արեւելքի հնագիտութեան վրայ: Անոր անուանումը կը յիշեցնէ Հեսիոդոսի առասպելական «Մարդկութեան դարաշրջանները»:
Որպէս հնագիտական դարաշրջան՝ անիկա առաջին անգամ ներկայացուած է Սկանտինաւիոյ մէջ Քրիստիան Եուրկենսէն Թոմսենի կողմէ 1830-ական թուականներուն: 1860-ականներուն այն արդէն ընդունուած էր որպէս «մարդկութեան վաղագոյն պատմութեան» ընդհանուր եւ օգտակար բաժանում մը ու սկսաւ կիրառուիլ Ասորագիտութեան (Assyriology) մէջ: Հին Մերձաւոր Արեւելքի հնագիտութեան այժմու սովորական դարձած ժամանակաշրջաններու բաժանումը մշակուած է 1920-ական եւ 1930-ական թուականներուն[4]:
«Երկաթ»ի սահմանումը[5]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիլամեթ երկնաքարը, որ աշխարհի 13-րդ մեծագոյն երկնաքարն է, երկաթ-նիքելային երկնաքար մըն է՝ գտնուած ԱՄՆ-ի մէջ։
Երկնաքարային երկաթը, որ բնական երկաթ-նիքելային համաձուլուածք մըն է, օգտագործուած է զանազան հին ժողովուրդներու կողմէ Երկաթի դարէն հազարաւոր տարիներ առաջ։ Երկնաքարային երկաթէ պատրաստուած ամենավաղ ծանօթ առարկաները ինը փոքր ուլունքներ են՝ թուագրուած Ք․ա․ 3200-ին, որոնք գտնուած են Ստորին Եգիպտոսի Կերզէ բնակավայրի դամբարաններուն մէջ․ ատոնք պատրաստուած են զգուշաւոր կռանահարման (hammering) միջոցով[6][7]։
Երկաթի դարաշրջանի մշակոյթի բնորոշ յատկանիշը ոչ թէ պարզապէս գտնուած երկաթէ, այլ ձուլուած պողպատի համաձուլուածքներէ (յաւելեալ ածխածնի պարունակութեամբ) գործիքներու եւ զէնքերու զանգուածային արտադրութիւնն է։ Միայն ածխածնային պողպատի արտադրութեան կարողութեամբ է, որ երկաթի մետաղագործութիւնը կը յանգի պրոնզէն աւելի կարծր եւ թեթեւ գործիքներու կամ զէնքերու ստեղծման։
Ձուլուած երկաթը հնագիտական տուեալներուն մէջ երբեմնակիօրէն կը յայտնուի Միջին պրոնզի դարէն սկսեալ։ Թէեւ երկրային երկաթը բնութեան մէջ առատ է, սակայն զայն ձուլելու համար անհրաժեշտ է 1,250°C-էն բարձր ջերմաստիճան, ինչ որ անիրագործելի էր սովորական արհեստագիտութեամբ մինչեւ Ք․ա․ երկրորդ հազարամեակի աւարտը։ Ի հակադրութիւն ատոր՝ պրոնզի բաղադրիչները՝ անագը (հալման կէտը՝ 231.9°C) եւ պղինձը (յարաբերաբար չափաւոր հալման կէտով՝ 1,085°C), հասանելի էին Նոր քարի դարու հնոցներուն, որոնք գոյութիւն ունէին դեռ Ք․ա․ 6000-ին եւ կրնային արտադրել 900°C-էն բարձր ջերմաստիճան[8]։
Յատուկ նախագծուած վառարաններէն բացի, հին երկաթի արտադրութիւնը կը պահանջէր բարդ ընթացակարգերու մշակում՝ խառնուրդներու հեռացման, ածխածնի բաղադրութեան կարգաւորման, ինչպէս նաեւ տաք մշակման (hot-working) գիւտը՝ պողպատի կարծրութեան եւ ամրութեան միջեւ օգտակար հաւասարակշռութիւն ապահովելու համար։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Всемирная история: в десяти томах / Ред. И. Лурье, М. Полтавский; глав. ред. E. M. Жуков. — М.: Государственное издательство политической литературы, 1955. — Т. 1. — 748 с. — 100 000 экз.
- Корякова Л. Н. Археология раннего железного века Евразии. Ч. I. Общие проблемы. Железный век Западной Европы. — Екатеринбург, 2002.
- Пиотровский Б. Б․, Археология Закавказья с древнейших времен до 1 тыс․ до н.э., Л․, 1949.
- Мартиросян А․ А․, Армения в эпоху бронзы и раннего железа, Е․, 1964.
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (անգլերեն) Iron Age, 2026-03-15, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Iron_Age&oldid=1343663812, վերցված է 2026-04-10
- ↑ Holl, Augustin F. C. (6 November 2009). "Early West African Metallurgies: New Data and Old Orthodoxy". Journal of World Prehistory. 22 (4): 415–438. doi:10.1007/s10963-009-9030-6. S2CID 161611760.
- ↑ (անգլերեն) Iron Age, 2026-03-15, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Iron_Age&oldid=1343663812, վերցված է 2026-04-10
- ↑ «ORIENTAL INSTITUTE OF THE UNIVERSITY OF CHICAGO»։ Encyclopaedia Iranica Online։ արտագրուած է՝ 2026-04-10
- ↑ (անգլերեն) Iron Age, 2026-03-15, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Iron_Age&oldid=1343663812, վերցված է 2026-04-10
- ↑ Rapp George Robert (2002)։ Archaeomineralogy։ Natural science in archaeology։ Berlin ; New York: Springer։ ISBN 978-3-540-42579-3
- ↑ Hummel Rolf E. (2004)։ Understanding materials science: history, properties, applications։ SpringerLink Bücher (2. ed հրտրկթն․)։ New York Berlin Heidelberg: Springer։ ISBN 978-0-387-20939-5
- ↑ McClellan James E., Dorn Harold (2006)։ Science and technology in world history: an introduction (2nd ed հրտրկթն․)։ Baltimore: Johns Hopkins University Press։ ISBN 978-0-8018-8359-0