Երեւումն Ս. Խաչի

Երեւումն Ս. Խաչի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօներէն: Այս տօնը կ՚ոգեկոչէ այն երեւումը, որ տեղի ունեցած է Երուսաղէմի մէջ, Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքի եւ Կոստանդին Բ. կայսրի օրով, 351 թուականին:

Երեւման Ս. Խաչին Պատմականը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Պենտեկոստէի (հոգեգալուստ) օրը, Մայիս ամսուան սկիզբը, Ս. Խաչին լուսաւոր նշանը կը տարածուի երկինքին վրայ, Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան վայրէն՝ Գողգոթայէն մինչեւ Քրիստոսի համբարձման վայրը՝ Բեթանիոյ Ձիթենեաց լեռը:

Փայլող խաչը երեւելի կը դառնայ բոլորին անխտիր։ Այդ շրջաններուն բնակիչները վկաները կը հանդիսանան Ս. Խաչին երեւման, որուն փայլքը աւելի ուժեղ էր քան արեւուն ճառագայթները: Ժողովուրդը այս հրաշքը տեսնելով, կը շտապեն դէպի տաճար իրենց ունեցած հաւատքը ամրապնդելու նպատակով: Մեծ ուրախութիւն կը տիրէր այդ շրջաններէն ներս, մարդիկ գոհութիւն կը յայտնէին Աստուծոյ Իր կատարած աննկարագրելի յայտնութեան համար:

Օրուան պատրիարքը՝ Կիւրեղ Երուսաղէմացի, այս հրաշքին ականատես ըլլալէ ետք, հարկ կը համարէ պաշտօնական նամակ մը գրել Կոստանդին Բ. կայսրին, ներկայացնելու եւ նկարագրելու համար տեղի ունեցած հրաշքը: Կիւրեղ պատրիարք այս նամակով կ'ուզէ կայսրը համոզել, որ հեռու մնայ եւ չպաշտպանէ արիոսականութիւնը, որ ուղղափառ եկեղեցւոյ դաւանութեան հակառակ էր, եւ վերստին հետեւի երեւցող Ս. Խաչին հաւատքին եւ դաւանանքին:

Աստուած, քու թագաւորութիւնդ սիրելով, քու օրովդ հրաշալի երեւոյթ մը կերտեց: Քանզի աստուածասէր եւ երջանկայիշատակ հօրդ Կոստանդիանոսի օրերուն Աստուծոյ շնորհքով փրկական Սուրբ Խաչը գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ, իսկ քու օրովդ, տէր ամենաբարեպաշտ թագաւոր, ոչ թէ երկրի վրայ այլ երկնքի երեսին վրայ զարմանալի գործեր տեղի ունեցան: Որովհետեւ, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսին՝ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն, մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանը, այսինքին՝ երանելի խաչը, լուսաւոր ճառագայթներով երեւցաւ Երուսաղէմի վրայ»:
- Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարք

Այս երկնային հրաշքին շնորհիւ, շատեր կը մկրտուին Քրիստոսի անունով, իսկ Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքը զայն եկեղեցական տօնի կը վերածէ եւ մինչեւ օրս այս տօնը կը յիշատակուի նոյն անուան տակ: Այս հրաշալի երեւոյթը կը դառնայ յիշատակութեան արժանի տօն հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն կողմէ եւ կը տօնուի Յինանց՝ Զատկուան յաջորդող հինգերորդ Կիրակին։

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Խաչին Նուիրուած Չորս Տօները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Առաքելական եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօն ունի՝ Խաչվերաց, Գիւտ Խաչի, Երեւումն Ս. Խաչի եւ Վարագայ Ս. Խաչի:

Խաչվերաց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը կոչուի նաեւ Մեծ Խաչ։ Այս տօնը հայերու, յոյներու եւ հռոմէացիներու Յայսմաւուրքներուն մէջ ներկայ է, բոլորին կողմէ մեծ շուքով կը յիշուի 14 Սեպտեմբերին։

Գիւտ Խաչի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Խաչափայտի Գիւտն է Կոստանդիանոսի մօր՝ Հեղինէի ձեռքով։ Այս տօնը փոխադրուած է Խաչվերացի եօթներորդ Կիրակիին։

Ըստ քրիստոնէական եկեղեցիներու ընդունած աւանդութեան, Մեծն Կոստանդիանոս Կայսեր մայրը Հեղինէ թագուհին 327-ին Երուսաղէմ ուխտի կ'երթայ: Այդ առիթով ցանկութիւն կ'ունենայ Քրիստոսի Խաչափայտը տեսնել եւ անկէ մասունք մըն ալ հետը տանիլ: Երկար որոնումներէ ետք, կարելի կ'ըլլայ գտնել Խաչափայտին տեղը:

Ցոյց տրուած վայրին վրայ կատարուած պեղումներէն կը յայտնաբերուի երեք խաչ, որոնցմէ երկուքը՝ Քրիստոսի աջին ու ձախին խաչուած աւազակներուն խաչերն էին, իսկ երրորդը՝ Տիրոջ: Խաչերը նոյնանման ըլլալուն պատճառով, դժուարութիւն կ'ունենան որոշելու Քրիստոսի Խաչափայտը: Ճշդելու համար գտնուած երեք խաչափայտերէն այն մէկը, որուն վրայ խաչուեցաւ Յիսուս Քրիստոս` նոր մեռած պատանիի մը մարմինը կը դպցնեն երեք խաչափայտերուն: Անոնցմէ վերջինին հպումին` պատանին կը վերակենդանանայ Սրբուհի Հեղինէին ներկայութեամբ։ Ան Քրիստոսի խաչափայտը կը զետեղէ իր կառուցած Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ:

Խաչափայտը գտնողը կ'ըլլայ Յուդա անունով հրեայ պատմագէտ մը, որ գիւտէն եւ հրաշքէն շշմած` քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունի: Ապագային կը դառնայ Ս. Քաղաքի նշանաւոր Ս. Կիւրեղ Պատրիարքը, որուն օրով լուսաճաճանչ խաչը 351-ին կը տեսնուի երկնակամարին վրայ[1]:

Երեւման Խաչ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

351-ին, երբ Կիւրեղ Եպիսկոպոս Երուսաղէմի Պատրիարք էր, Հոգեգալստեան տօնին կանուխ առաւօտուն, լուսաւոր խաչ մը արեւու նման շողարձակ՝ կը կանգնի երկնակամարին վրայ Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ։ Ճաճանչումը կը տեւէ ժամեր եւ Երուսաղէմի ժողովուրդը ամբողջական հիացումով կը դիտէ արեգակի լոյսը խափանող փայլքը։

Վարագայ Խաչ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Խաչին նուիրուած այս տօնը ազգային է բնոյթով, որովհետեւ դէպքը տեղի ունեցած է Հայաստանի հողին վրայ եւ որուն հեղինակները եւս հայեր եղած են։ Այս տօնը հրաշալի երեւումն է Հռիփսիմեանց խաչափայտին՝ Վարագայ լերան վրայ, 653-ին։ Այս տօնը զուտ հայկական է։

Դէպքը տեղի կ'ունենայ 653-ին, Վանի Վարագ լերան վրայ, Հայոց Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոսին օրով:

Հռոմի Կղոդիոս կայսեր Պատրոնիկէ Դշխոն Երուսաղէմ ուխտի կ'երթայ, եւ վերադարձին, Խաչափայտէն մասունք մը հետը Հռոմ կը տանի: Մասունքը, տակաւին Հռոմի հեթանոսութեան շրջանին կ'անցնի Ս. Հռիփսիմէ Կոյսին ձեռքը: 300-ական թուականներուն, շուրջ 40 կոյս, Հռոմի հեթանոս եւ ցանկասէր կայսրէն փախուստ տալով՝ կ'ուղեւորուին դէպի Հայաստան: Անոնք որոշ շրջան մը թաքնուած կը մնան Վարագ լերան վրայ։ Ըստ աւանդութեան, Կոյսերուն երթը պիտի շարունակուէր մինչեւ Վաղարշապատ, որպէսզի խաչափայտին մասունքը զերծ մնար հեթանոս աչքերէ. ուստի, հալածանքներու ատեն Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայեանէ խոհեմութիւն կը համարեն զայն թաքցնել Վարագ լերան Գալիլիա կոչուած ժայռին մէջ: Կոյսերը Վաղարշապատ հասնելով կը նահատակուին հայոց Տրդատ հեթանոս թագաւորին կողմէ:

Այսօր, երկինքէն երեւցաւ յաղթութեան նշանը, եւ ողորմութեան լոյսը ծագեցաւ հեթանոսներուն վրայ։ Այսօր, հաւաքուած բազմութիւնը տեսաւ Ս. Խաչին լոյսը ճառագայթներով զարդարուած: Սուրբ Խաչիդ երեւման հետ, Քրիստոս, այսօր Երուսաղէմը մեծ փայլք ստացաւ: Աստուածային քու նշանիդ լոյսին ծագումը իբրեւ ճառագայթ, մեծ բազմութիւնը կը դիտէր: Ամենայաղթ զօրութիւնը խաչիդ, Քրիստոս, որ մեզի տրուեցաւ իբրեւ օգնութիւն պատերազմելու թշնամիին դէմ»: Երեւման Ս. Խաչին նուիրուած շարականը հետեւեալը կ'ըսէ.«Քրիստոս Օրէնքի այդ անէծքէն մեզ ազատեց, ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով. որովհետեւ օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի»: Քրիստոս խաչին վրայ կախուեցաւ՝ որպէսզի բոլոր ազգերը Աբրահամի խոստացուած օրհնութիւնը ունենան Քրիստոսի Յիսուսով, եւ մենք անոր հաւատալով՝ խոստացուած Սուրբ Հոգին ստացանք
- Գղ 3.13-14

Քրիստոնէական կրօնքի պաշտօնականացումէն ետք, Վարագ լերան վրայ կը կառուցուի Ս. Խաչ Վանքը: 653-ին, օր մը, վանքին երկու ճգնաւորները՝ Թոդիկ եւ Յովէլ, աղօթքի պահուն պարզ աչքով կը նշմարեն լուսաւոր մասունք մը, որ լուսաւոր հետքով կու գայ եւ կը հանգչի Ս. Սեղանին վրայ։ Ըստ աւանդութեան, Ս. Ներսէս Շինողի օրով, Վարագայ լեռը յանկարծ կը լուսաւորուի, եւ լուսափայլ խաչը թռչելով՝ կը տեղաւորուի եկեղեցւոյ խորանին վրայ, եւ եկեղեցին կը լեցուի լոյսով եւ անուշահոտութեամբ։ Լոյսը կը մնայ մինչեւ իրիկուն, ապա կը շիջի։

Հոն կը ժամանեն Ներսէս կաթողիկոսը եւ Վարդ Պապիկը եւ կը հաստատեն Վարագայ խաչին տօնը, որ այնուհետեւ տարուէ տարի կը նշուի։ Երկու ճգնաւորներուն հետ դէպքին ականատես կ'ըլլան վանք ուխտի եկած հաւատացեալներ:

Այս դէպքին յիշատակութեան համար, Վարագ լերան վրայ կը կառուցուի 12 վանք եւս: Հայ եկեղեցին, նուիրագործելու համար խաչափայտի մասունքին երեւումը, կը հաստատէ Խաչին նուիրուած չորրորդ տօնը՝ Վարագայ Ս. Խաչ անունով: Տօնը կը կատարուի Խաչվերացէն 15 օր ետք, 25 Սեպտեմբերէն մինչեւ 1 Հոկտեմբեր հանդիպած Կիրակին:

Ս. Խաչին խորհրդանիշը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Խաչը որ անարգանքի նշան էր, Քրիստոսով կեանքի կը վերածուի:
  • Խաչը այն միակ «Զինանշան»ը կը դառնայ, որ մարդկութիւնը կը զինէ եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակէ զինել:
  • Խաչը իր Խաչեալով յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ մարդկութեան:
  • Խաչով է, որ հաւատացեալներ կը շարունակեն իրենց երթը հասնելու արդարութեան:
  • Խաչն է մարդկութեան ապաւէնն ու զօրութիւնը:
  • Խաչը կը հանդիսանայ փրկութեան գործիք, յաղթանակի նշան չարին եւ մահուան վրայ:
Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ
- Ղկ 9.23

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մեծ Պահքի Կիրակիներու ոսկի շղթան, գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ, էջ 210)
  • Շարակնոց
  • Նոր Կտակարան

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]