Jump to content

Երեւանի մանկական երկաթուղի

Մանկական երկաթուղի

Երեւանի մանկական երկաթուղի, Երեւանի Կեդրոն համայնքին մէջ:

Կը գտնուի Երեւանի Կեդրոն համայնքի, Հրազդանի կիրճին մէջ, երկարութիւնը՝ 2,1 ք.մեթր է։ Կայարանները՝ «Հայրենիք», «Պիոներական» եւ «Ուրախութիւն» հարթակ։

Երեւանի մէջ մանկական երկաթուղի ստեղծելու գաղափարը 1935 թուականին Հայաստանի երկաթուղային փոխադրութեան նախարար Բաբգէն Ամատունին եւ ՀԿԿ կենտկոմի առաջին քարտուղար Աղասի Խանճեանը։ 1935 թուականին ԽՍՀՄ պետպլանի կողմէ Երեւանի մանկական երկաթագիծի կառուցումը մտած է 1936 թուականի տարեկան ծրագիրին մէջ։ 22 Ապրիլ 1936-ին՝ համամիութենական շաբաթօրեակի ժամանակ, Աբովեանի անուան քաղաքային այգիին մէջ Աղասի Խանճեանն ու Բաբգէն Ամատունին տեղադրած են այն հիմնաքարը, որուն վրայ կառուցուած է «Փարոս» կայարանը եւ որ հետագային վերանուած է «Հայրենիք» կայարան։

Նախատեսուած էր մանկական երկաթուղին շահագործումի յանձնել 7 Նոյեմբեր 1937-ին՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յաղթանակի օրը, սակայն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 6 Յուլիս 1937-ին Հայաստանի երկաթուղային փոխադրութեան նախարար Բաբգէն Ամատունիի ջանքերուն շնորհիւ։

Մանկական երկաթուղիի այգիի գլխաւոր ճարտարապետը Միքայէլ Մազմանեանն է։ Երկաթուղային կայարանի նախկին շէնքը կառուցուած էր փայտէ` նոյնպէս Միքայէլ Մազմանեանի նախագիծով։ 1940-ականներու վերջաւորութեան փայտեայ շէնքը փոխարինուեցաւ քարի շէնքով, որուն հեղինակն է ճարտարապետ Բաբգէն Ս. Յակոբեանը, իսկ վերջին կայարանը նախագծած է ճարտարապետ Գոհար Գրիգորեանը

1937 թուականին ի գործ դրուեցան Պոտոլսկի շոգեքարշային գործարանի կողմէ մանկական երկաթուղիին նուիրած 159-434 շոգեքարշն ու երեք մարդատար վագոնները։ 1937-ին պատրաստուած այդ շոգեքարշը այսօր չի գործեր եւ կը համարուի Հայաստանի ամենահին շոգեքարշը։ Կը գտնուի «Հայրենիք» կայարանի տարածքին մէջ [1]։

1959-ին երկաթուղին ստացաւ երկու (PAFAWAG) մետաղական մարդատար վագոններ, իսկ 1971-ին՝ ТУ2-116 ջերմաքարշը։ Ներկայիս մանկական երկաթուղիի մէջ կը շահագործուին Կալուգայի մեքենաշինական գործարանի կողմէ 1957-ին արտադրուած (ТУ2-096) շոգեքարշը եւ երկու մարդատար վագոններ։

«Ուրախութիւն» կայարանէն դէպի «Պիոներական» կայարան տանող հատուածի փապուղին կառուցուած է 1956-ին։ Փապուղիին երկարութիւնը 45 մեթր է։

Հին ժամանակ կայարանի շէնքին մէջ եղած է կայարանապետի եւ հերթապահի առանձնասենեակներ, հեռագրատուն, առողջապահական սենեակ ու դրամարկղ։ Խաղահրապարակին մէջ եղած են ջուրի մեծ աւազաններ, շատրուաններ, ընթերցարան, պարերու եւ մարզախաղերու հրապարակ, խաղարան, ծիծաղի սենեակ, կիոսկներ (կրպակներ), ուտելիք վաճառելու փոքրիկ բաժանմունք եւ այլն։ Խաղահրապարակէն դէպի կայարան տանող բարձունքին վրայ տեղադրուած է Ստալինի մեծ արձանը։

Մանկական երկաթուղին քաղաքի կեդրոնին հետ կը կապեն երկու փապուղիներ։ Ալեքսանտր Թամանեանը կը համարէր, որ Հրազդանի կիրճն իր բնութեամբ պէտք է ծառայէր որպէս հանգստագօտի: Ան նախատեսած էր երկու փապուղիներ, որոնք Երեւանի Գլխաւոր պողոտան պիտի կապէին մանկական երկաթուղիին հետ։ Այդ փապուղիներով Հրազդանի կիրճի մաքուր օդը պիտի հասնէր քաղաքի կեդրոն։ 400 մեթր երկարութեամբ երկու փապուղիները կառուցուեցան 1940-ականներուն՝ ի սկզբանէ ձեւակերպուած լինելով որպէս պատերազմի ապաստարաններ։

Ներկայիս փապուղիները կը գտնուին անմխիթար վիճակի մէջ: Տարածքը կը վերահսկուի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կողմէ[2]։

Կը նախատեսուի փապուղիները օգտագործել մեթրոյի նոր գիծի համար, որ Բարեկամութիւն կայարանով պիտի հասնէր մինչեւ Երեւանի լամբի գործարան[3]։

Փապուղիներուն դիմաց՝ այգիի մուտքին մօտ տեղադրուած են աղբիւրներ՝ ԽՍՀՄ-ի հերոսներու անուններով։ Փապուղիի վերը՝ ժայռերու մէջ տեղադրուած է քանդակագործ Վիլիամ Պետրոսեանի «Յովազ» քանդակը[4]։

Ներկայիս գնացքը կ'անցնի այլեւս չգործող «Ուրախութիւն» կայարանի մօտէն եւ կը կանգնի «Պիոներական» կայարանին մօտ։ Քանի որ այն նոյնպէս չի գործէր, մարդիկ կը մնան իրենց տեղերը եւ գնացքը հետընթաց կը վերադառնայ «Հայրենիք» կայարան։

Մանկական երկաթուղին այսօր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս Մանկական երկաթուղիի տարածքը սեփականաշնորհուած է եւ կը պատկանի Սամուէլ եւ Արմէն Գէորգեաններուն։ Կը նախատեսուի վերանորոգել կայարանի շէնքը եւ այնտեղ բացել սրճարան եւ կինոթատրոն։ 2012-ին, ռուսական «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան կողմէ կատարուած են կայարաններու, շարժակազմի, գիծերու վերականգման եւ արդիականացման աշխատանքներ։

Ներկայիս մանկական երկաթուղիին մէջ կը գործեն «Հայրենիք» եւ «Պիոներական» կայարանները, մէկ կառամատոյց («Ուրախութիւն») եւ մէկ փապուղի՝ 45 մ. երկարութեամբ։ Մանկական երկաթուղի կարելի է հասնիլ Երեւանի Գլխաւոր պողոտայէն սկսող փապուղիի միջոցով կամ ամրան «Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան»ի մօտէն անցնող բացօթեայ գնացքով։

Մանկական երկաթուղին կը գործէ ամէն օր ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյ։



Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]