Երեւանի Քոնեակի Գործարան

Երեւանի քոնեակի գործարան, Հայաստանի ոգելից ըմպելիներու յառաջատար ընկերութիւն[1]։
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1900-ին, Փարիզի ցուցահանդէսին, Նիկոլայ Շուսթովի արտադրանքը կը ստանայ «Կրան-փրի» մրցանակը։
Բարձր որակական յատկանիշներու շնորհիւ, Շուսթովին կը թոյլատրեն շիշերուն վրա գրել քոնեակ, եւ ոչ՝ պրենտի, ինչպէս ընդունուած էր անուանել խաղողէն ստացուած այն բոլոր ոգելից խմիչքները, որոնք Քոնեակ գաւառին մէջ չէին աճեր[2]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]6 Մարտ 1874-ին, Երեւանի Շոսէյնայա փողոցին մէջ՝ անձնական տան մէջ, կը հիմնուի Երեւանի առաջին վաճառական Ներսէս Թաիրեանի գինիի, օղիի եւ ռուպի արտադրութեան եւ միրգերու չորացման թիւ 1 գործարանը։
1865-ին, Ներսէս Թաիրեան կը գնէ Երեւանի բերդին մէկ մասը։ Այս տեղը շուտով կը վերածուի գինիի եւ օղիի գործարանի։

Գործարանին շինութիւնը կ'աւարտի 1887-ին։ Այս գաղափարը սկիզբէն եղբօր՝ Վասիլի Թաիրեանին էր, որ արդէն ճանչցուած գինեգործ մըն էր Օտեսայի մէջ եւ գինիի մասին հանդէսի խմբագիր՝ Փեթերսպուրկի մէջ։
Թաիրեան ունէր սերտ կապեր Երեւանի հնաբնակներուն հետ եւ անոնցմէ կ'իմանայ, որ Արարատեան դաշտին մէջ աճող խաղողը շատ շաքար ունի եւ շատ լաւ հումք է քոնեակ պատրաստելու համար։
Գործարանը սկիզբի շրջանին միայն գինի կ'արտադրէր, բայց 10 տարի ետք, կը սկսի նաեւ քոնեակ պատրաստել։
Թաիրեանի հրաւէրով Թիֆլիսէն կու գայ գինեգործ Գարեգին Խարազեանը, իսկ 1892-ին Մկրտիչ Մուսինեանց կը սկսի գործել իբրեւ քոնեակի մասնագէտ։ Ան շատ բան կը փոխէ՝ նոր ֆրանսական մեքենաներ կը բերէ եւ աշխատողները կ'աւելնան։
1899-ին, որովհետեւ Թաիրեան ժառանգներ չունէր, իր գործարանը կը ծախէ մոսկուացի վաճառականի մը՝ Նիկոլայ Շուսթովին։ Շուտով «Շուսթով եւ որդիներ» ընկերութիւնը մեծ յաջողութիւն կ'ունենայ։
1913-ին, անոնց քոնեակը կը սկսի մատակարարուիլ ռուսական կայսերական արքունիքին։
Սակայն, 1914-ի գարնան վերջին՝ ուժեղ անձրեւի եւ սառնամանիքի հետեւանքով, խաղողի բերքին շուրջ 80 տոկոսը կը վնասուի։ Իսկ Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն ետք, գործարանի տարածքին մէջ որբախնամ կեդրոն մը կը բացուի ռուս մանուկներու համար։
1921-ին գործարանը կը պետականացուի։
1948-ին անիկա կը վերակազմուի եւ կը բաժնուի գինիի եւ քոնեակի գործարաններու։
1953-ին նոր շէնք մը կը կառուցուի ճարտարապետ Յովհաննէս Մարգարեանի կողմէ, եւ քոնեակի գործարանը ամբողջովին կ'առանձնանայ։
1953-1991 թուականներուն Հայաստանի մէջ միայն Երեւանի քոնեակի գործարանը կրնար քոնեակ արտադրել։ Այս մենաշնորհը կը վերածուի 1991-ին։
Վերջապէս, 1998-ին գործարանը կը սեփականաշնորհուի եւ մաս կը կազմէ «Pernod Ricard» անունով միջազգային ընկերութեան։
Այս գործարքը կ'արժէ 30 միլիոն տոլար։

Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Արարատ քոնեակի գործարանի թանգարանը
-
Արարատ քոնեակի գործարանի գլխաւոր մասնաշէնքը
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր երրորդ, Երեւան, 1977
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Երեւանի քոնեակի գործարան
- ↑ «Գործարանը սկիզբի շրջանին միայն գինի կ'արտադրէր:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-27-ին։ արտագրուած է՝ 2025-09-15