Jump to content

Եռաբլուր Պանթէոն

Եռաբլուր պանթէոն Հայաստան Հայաստան

Եռաբլուր պանթէոն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական յուշահամալիր-պանթէոն, ազգային գերեզմանատուն Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի արեւմտեան մասը՝ Երեւան-Էջմիածին ցամաքային ճանապարհէն աջ՝ Եռաբլուր բարձունքին վրայ։

Եռաբլուրի մէջ ամփոփուած են Արցախեան ազատամարտի եւ 1994 թուականի զինադադարէն ետք զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորներու, 2020 թուականին տեղի ունեցած հայ-ատրպէյջանական պատերազմին զոհուած զինուորներու, Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի շարք մը մարտիկներու եւ Արցախեան պատերազմի նահատակ հերոսներու աճիւնները։ Գերեզմանատան կարգավիճակը հաստատուած է 26 Մայիս 1992Հայաստանի կառավարութեան կարգադրութեամբ։ Բլուրի բարձրութիւնը 951 մեթր է[1]։

Եռաբլուր պանթէոնի յատակագիծի եւ ճարտարապետական լուծումներու հեղինակները Ա. Մխիթարեանի արուեստանոցի ճարտարապետներն են։ Շինարարական եւ կառուցապատումի աշխատանքները իրականացուցած է «Հայավիաշին» ընկերութիւնը։ Շիրմաքարերը պազլտէ պատրաստուած են։

Եռաբլուրի մուտքի ձախ մասը կը գտնուի մատուռը, որուն դիմացը կը գտնուի զոհուած ազատամարտիկներու թանգարանը (որուն շինարարութիւնը անաւարտ մնացած է), հարեւանութեամբ՝ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի 39 մարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը, աւելի խորքը՝ անհետ կորած ազատամարտիկներու յուշաքար-կոթողը։ Եռաբլուրի մէջ ամփոփուած է զօրավար Անդրանիկի, Հայաստանի ազգային հերոսներ` Վազգէն Սարգսեանի, Ջիւան Աբրահամեանի, Մոնթէ Մելքոնեանի, Վահագն Ասատրեանի, հազարաւոր ազատամարտիկներու եւ զինուորներու աճիւնները։ Համալիրը կը պահպանէ եւ կը հսկէ գերեզմանատան զինուորական պահակային ծառայութիւնը։

2023 թուականի սկզբնաւորութեան զինուորական պանթէոնին կից սկսած է 10 հեկտար տարածքով այգիի շինարարութիւնը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հռիփսիմէ Սիմոնեան (2008 թ.)։ Սա մեր երկիրն է, Հայաստան։ Երեւան: Հեղինակային հրատարակութիւն։ էջեր 224–231։ ISBN 978-99930-4-959-3 
  2. «Դէպի Եռաբլուր տանող ճանապարհը՝ կանաչապատ ու խնամուած է. ընթացք առած է շուրջ 10 հ. անտառ պուրակի հիմնադրումը»։ civic.am