Jump to content

Եուքիօ Միշիմա

Եուքիօ Միշիմա
ճափ.՝ 三島 由紀夫 և ճափ.՝ 平岡 公威
Ծննդեան անուն ճափ.՝ 平岡 公威
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Yukio Mishima, 榊山保 և 三島由紀夫
Ծնած է 14 Յունուար 1925(1925-01-14)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Տոկիո, Ճափոն և Թոքիօ, Ճափոն[4]
Մահացած է 25 Նոյեմբեր 1970(1970-11-25)[5][1][2][…] (45 տարեկանին)
Մահուան վայր Տոկիո, Ճափոն
Քաղաքացիութիւն  Ճափոն
Մայրենի լեզու Ճափոներէն
Կրօնք Շինտոյիզմ և Yamato-damashii?
Ուսումնավայր Իրավունքի և քաղաքագիտության ավարտական դպրոց, Տոկիոյի համալսարան?
Ազդուած է Մուրասաքի Շիքիպու, Izumi Shikibu?, Ֆուջիվարա նո Տեիկա?, Chikamatsu Monzaemon?, Իհարա Սայկակու?, Mimei Ogawa?, Յուհան Ավգուստ Ստրինդբերգ?, Raymond Radiguet? և Ժան Ռասին
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ոսկե տաճարը (վեպ)?, Դիմակի խոստովանությունը?, Առատության ծով?, The Sound of Waves?, The Sailor Who Fell from Grace with the Sea?, Kyōko no Ie?, Patriotism?, Five Modern No Plays? և Madame de Sade?
Տեսակ Թատերգական սեռ, Հրովարտակ?, Դասախոսություն?, կարճամետրաժ ֆիլմ? և նախափորձ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, արձակագիր, վիպասան, թատերագիր, հեղինակ, բանաստեղծ, ակնարկագիր, թարգմանիչ, քննադատ, թատրոնի դերասան, Շարժապատկերի դերասանուհի, ժապաւէնի բեմադրիչ, թատերական ռեժիսոր, նորաձեւութեան կերպար, քաղաքական ակտիվիստ, պետական ծառայող, վիպասան, դերասան և վիպասաց
Աշխատավայր Ministry of the Treasury? և Bungakuza?
Անդամութիւն Tatenokai?
Ամուսին Յոկո Հիրաոկա?
Ծնողներ հայր՝ Azusa Hiraoka?, մայր՝ Shizue Hiraoka?
Երեխաներ Նորիկո Հիրաոկա? և Iichirō Hiraoka?
Ստորագրութիւն

Եուքիօ Միշիմա (ճափ.՝ 三島由紀夫, 14 Յունուար 1925(1925-01-14)[1][2][3][…], Տոկիո, Ճափոն և Թոքիօ, Ճափոն[4] - 25 Նոյեմբեր 1970(1970-11-25)[5][1][2][…], Տոկիո, Ճափոն), ճափոնցի վիպասան, թատերագիր, պատմուածքներու հեղինակ, դերասան, մարտարուեստի վարպետ[6]։

Ան կը համարուի ճափոներէն լեզուի յետպատերազմեան ամէնէն կարեւոր ոճաբաններէն մէկը։

Միշիման 1960-ական թուականներուն հինգ անգամ առաջադրուած է Գրականութեան Նոպելեան մրցանակի, ներառեալ՝ 1968 թուականին, երբ պարգեւը շնորհուեցաւ իր հայրենակից ու բարերար Եասունարի Քաուապաթային[7]։ Միշիմայի գործերը կը ներառեն «Դիմակի մը խոստովանութիւնը» (Confessions of a Mask) եւ «Ոսկէ տաղաւարի տաճարը» (The Temple of the Golden Pavilion) վէպերը, ինչպէս նաեւ «Արեւ եւ պողպատ» (Sun and Steel) ինքնակենսագրական փորձագրութիւնը։ Ըստ հեղինակ Էնտրիւ Ռենքինի՝ Միշիմայի ստեղծագործութիւնը կը բնութագրուի «իր ճոխ բառապաշարով ու անկումային փոխաբերութիւններով, աւանդական ճափոնական եւ արդի արեւմտեան գրական ոճերու միախառնումով, ինչպէս նաեւ գեղեցկութեան, էրոթիզմի ու մահուան միասնութեան մասին իր մոլուցքային պնդումներով»[8]։

Միշիմայի քաղաքական գործունէութիւնը զինք դարձուց հակասական դէմք. ան այդպիսին կը մնայ Ճափոնի մէջ մինչեւ օրս։ 30-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ, Միշիմայի ծայրայեղ աջակողմեան գաղափարախօսութիւնն ու յետադիմական համոզմունքները հետզհետէ աւելի ակնայայտ դարձան։ Ան կը գովերգէր Ճափոնի աւանդական մշակոյթն ու ոգին, եւ կ’ընդդիմանար այն ամէնուն, ինչ որ ինք կը տեսնէր իբրեւ արեւմտեան ոճի նիւթապաշտութիւն՝ Ճափոնի յետպատերազմեան ժողովրդավարութեան, համաշխարհայնացման (գլոբալիզմի) եւ համայնավարութեան կողքին։ Ան կը մտահոգուէր, որ այս գաղափարները որդեգրելով՝ ճափոնցի ժողովուրդը պիտի կորսնցնէր իր «ազգային էութիւնը» ու ինքնատիպ մշակութային ժառանգութիւնը եւ պիտի վերածուէր «արմատախիլ» ժողովուրդի մը։

1968-ին, Միշիման հիմնեց «Թաթենոկայ»-ը («Վահանի միութիւն»), որ մասնաւոր աշխարհազօր մըն էր՝ նպատակ ունենալով պաշտպանել կայսրին արժանապատուութիւնը՝ իբրեւ ազգային ինքնութեան խորհրդանիշ։ Գիտնականներու կողմէ «Թաթենոկայ»-ի գործունէութիւնը կը մեկնաբանուի իբրեւ փորձ՝ վերականգնելու Ճափոնի նախապատերազմեան հաւատարմութեան արժէքները։ Եուքիօ Միշիման կը հաւատար, որ այն աւանդութիւնները, որոնք մեծցուցած էին Ճափոնը, տկարացած էին յետպատերազմեան շրջանին։ Թէեւ «Թաթենոկայ»-ը օրինականօրէն թոյլատրուած էր յետպատերազմեան Ճափոնի մէջ, անոնց գաղափարախօսութիւնը ուղղակիօրէն կը հակասէր որդեգրուած նոր խաղաղասիրութեան։ 25 Նոյեմբեր 1970-ին, Միշիման եւ իր աշխարհազօրայիններէն չորս անդամներ մուտք գործեցին Թոքիոյի կեդրոնը գտնուող զինուորական բազա մը, պատանդ վերցուցին անոր հրամանատարը եւ անյաջող կերպով փորձեցին ոգեշնչել Ճափոնի Ինքնապաշտպանական ուժերը՝ ապստամբելու եւ տապալելու 1947 թուականի Սահմանադրութեան 9-րդ յօդուածը, որպէսզի վերականգնուի ինքնավար ազգային պաշտպանութիւնն ու կայսրին աստուածային հանգամանքը։ Միջադէպը աւարտեցաւ Միշիմայի անձնասպանութեամբ՝ սեփուքուի (յարաքիրիի) միջոցով, ինչ որ նախապէս ծրագրուած էր։

Մանկութիւնն ու Պատանեկութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14 Յունուար 1925-ին, Եուքիօ Միշիման (իսկական անունով՝ Քիմիթաքէ Հիրաոկա) ծնած է Թոքիօ քաղաքի Եոցուիա շրջանի Նակազումի թաղամասին մէջ (ներկայիս՝ Թոքիոյի Շինճուքու շրջանի Եոցուիա թաղամաս)։ Հայրը՝ Ազուսա Հիրաոկան, երկրագործութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան պետական պաշտօնեայ էր։ Մայրը՝ Շիզուէն, «Քայսէյ» ճեմարանի 5-րդ տնօրէնին դուստրն էր։ Շիզուէի հայրը՝ Քենզօ Հաշին, չինական դասական գրականութեան գիտնական էր, եւ Հաշի ընտանիքը սերունդներ շարունակ ծառայած էր Մաէտա գերդաստանին՝ Քակայի կալուածքին մէջ։ Միշիմայի հօրենական մեծ հայրն ու մեծ մայրն էին Սատաթարօ Հիրաոկան՝ Քարաֆութօ նահանգի երրորդ ընդհանուր նահանգապետը, եւ Նացուկոն (ըստ քաղաքացիական արձանագրութեան՝ Նացու)։ Միշիման իր ծննդեան Քիմիթաքէ անունը ստացած էր ի պատիւ Ֆուրուիչի Քոյիի, որ Սատաթարոյի բարերարն էր։ Ան ունէր կրտսեր քոյր մը՝ Միցուկոն, որ մահացաւ տիֆէ (բծաւոր տենդէ) 1945 թուականին՝ 17 տարեկան հասակին, եւ կրտսեր եղբայր մը՝ Չիյուքին։

Միշիմայի մանկութեան տունը վարձուած կառոյց մըն էր, թէեւ բաւական մեծ, երկյարկանի առանձնատուն, որ ամենամեծն էր թաղամասին մէջ։ Ան կ’ապրէր իր ծնողներուն, քրոջ ու եղբօր, հօրենական մեծ հօր ու մեծ հօր, ինչպէս նաեւ վեց սպասուհիներու, տնային օգնական տղու մը եւ սպասաւորի մը հետ։

Միշիմայի վաղ մանկութեան տարիներուն վրայ իշխող դիրք ունէր իր մեծ մայրը՝ Նացուկոն, որ տղան իր մօտ առաւ եւ քանի մը տարիով զատեց զինք իր հարազատ ընտանիքէն։ Ան հանդիսանալով Հիտաչի գաւառի Միթօ կալուածքի ճիւղերէն մէկուն՝ Շիշիտոյի դայմիօ (իշխան) Մացուտայրա Եորիթաքայի թոռնուհին, այս կապին շնորհիւ Միշիման իր մեծ մօր միջոցով դարձաւ Թոքուկաուա շոկունութեան հիմնադիր Թոքուկաուա Իէեասուի շառաւիղը։ Նացուկոյի հայրը՝ Նակայ Իուանոճոն, Գերագոյն դատարանի դատաւոր եղած էր, իսկ Իուանոճոյի որդեգիր հայրը՝ Նակայ Նաոյուկին, Պաքումացուի (շոկունութեան վերջին օրերուն) շրջանին Թոքուկաուա տան դրօշակակիր (պանըրմեն) եղած էր։ Նացուկոն մեծցած էր Արիսուկաուա Թարուհիթօ արքայազնի գերդաստանին մէջ եւ պահպանած էր ազնուականական մեծ յաւակնութիւններ նոյնիսկ Սատաթարոյի հետ ամուսնանալէ ետք. պաշտօնեայ մը, որ իր հարստութիւնը դիզած էր հիւսիսի նորաբաց գաղութային սահմանագիծին վրայ եւ ի վերջոյ դարձած էր Սախալին կղզիի Քարաֆութօ նահանգի ընդհանուր նահանգապետ։ Սատաթարոյի հայրը՝ Թաքիչի Հիրաոկան, եւ մեծ հայրը՝ Թազաէմոն Հիրաոկան, հողագործներ եղած էին։ Նացուկոն հակուած էր կատաղի բռնկումներու, որոնց մասին երբեմն ակնարկութիւններ կան Միշիմայի գործերուն մէջ, եւ որոշ կենսագիրներ հոն կը տեսնեն Միշիմայի մահուան հանդէպ ունեցած տարուածութեան արմատները։ Ան թոյլ չէր տար, որ Միշիման դուրս գայ արեւի լոյսին տակ, զբաղի որեւէ տեսակի մարզանքով կամ խաղայ ուրիշ տղոց հետ։ Ան իր ժամանակին մեծ մասը կ’անցնէր կա՛մ առանձին, կա՛մ իր աղջիկ զարմիկներուն եւ անոնց տիկնիկներուն հետ։

Միշիմայի հայրը՝ Ազուսան, ռազմական կարգապահութեան հակում ունէր եւ կը մտահոգուէր, որ Նացուկոյի դաստիարակութեան ոճը չափազանց կակուղ է։ Երբ Միշիման 12 տարեկան հասակին վերադարձաւ իր հարազատ ընտանիքին մօտ, Ազուսան որդեգրեց ծայրայեղ դաստիարակչական մարտավարութիւններ, ինչպէս՝ պատանի Միշիման մօտիկ պահելը սլացող շոգեկառքի կողքին։ Ան նաեւ կը խուզարկէր որդիին սենեակը՝ գրականութեան հանդէպ ունեցած «կանացի» հետաքրքրութեան ապացոյցներ գտնելու համար, եւ յաճախ կտոր-կտոր կ’ընէր անոր ձեռագիրները։ Թէեւ Ազուսան արգիլած էր անոր որեւէ նոր պատմուածք գրել, Միշիման գաղտնի կը շարունակէր գրել՝ վայելելով մօր աջակցութիւնն ու պաշտպանութիւնը, որ միշտ առաջինը կը կարդար ամէն մէկ նոր պատմուածք։

Երբ Միշիման 13 տարեկան էր, Նացուկոն զինք տարաւ դիտելու իր առաջին Քապուքի (Kabuki) թատերախաղը՝ «Հաւատարիմ հպատակներու գանձարանը», որ 47 ռոնիններու (անտէր սամուրայներու) պատմութեան այլաբանութիւնն է։ Իսկ իր առաջին Նօ (Noh) թատերախաղին (Միուա՝ Ամանօ-Իուաթոյի մասին պատմութիւն մը) զինք տարաւ մայրենական մեծ մայրը՝ Թոմի Հաշին։ Այս վաղ փորձառութիւններէն սկսեալ Միշիման սիրեց Քապուքին ու Նօն։ Ան սկսաւ ամէն ամիս ներկայ գտնուիլ ներկայացումներուն եւ խորապէս հետաքրքրուեցաւ ճափոնական աւանդական թատերական արուեստի այս ձեւերով։

Ուսումնառութիւնը եւ Առաջին Գործերը[10]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միշիման վեց տարեկան հասակին արձանագրուեցաւ Թոքիոյի վերնախաւի «Գաքուշուին» (Ազնուականներու դպրոց), որ հիմնուած էր Մէյճիի շրջանին՝ կայսերական ընտանիքի եւ հին աւատատիրական (ֆէօտալ) ազնուականութեան զաւակները դաստիարակելու համար։ Միշիման սկսաւ գրել իր առաջին պատմուածքները 12 տարեկանին՝ ներշնչուելով առասպելներէ (Քոճիքի, յունական դիցաբանութիւն եւ այլն) եւ ճափոնցի բազմաթիւ դասական հեղինակներու գործերէն, ինչպէս նաեւ Ռէյմոն Ռատիկէի, Ժան Քոքթօյի, Օսքար Ուայլտի, Ռայնըր Մարիա Ռիլքէի, Թոմաս Մանի, Ֆրիտրիխ Նիցչէի, Շարլ Պոտլէրի, Վիլիէ տը լ’Իլ-Ատամի եւ եւրոպացի այլ հեղինակներու գործերէն։ Ան նաեւ գերմաներէն սորվեցաւ։ Վեց տարի իբրեւ աշակերտ ուսանելէ ետք, ան դարձաւ դպրոցի գրական ընկերակցութեան խմբագրական խորհուրդի ամենակրտսեր անդամը։ Միշիման յատկապէս կը հրապուրուէր ճափոնցի բանաստեղծներ Շիզուօ Իթոյի, Հարուօ Սաթոյի եւ Միչիզօ Տաչիհարայի գործերով, որոնք արթնցուցին Միշիմայի մէջ ճափոնական դասական ուաքա բանաստեղծութեան հանդէպ սէրն ու արժեւորումը։ Միշիմայի վաղ աշխատակցութիւնները «Գաքուշուին»-ի «Հոճինկայ-զասշի» գրական պարբերականին կը ներառէին հայքուներ եւ ուակա բանաստեղծութիւններ, որմէ ետք ան իր ուշադրութիւնը դարձուց արձակագրութեան։

1941-ին, 16 տարեկան հասակին, Միշիման հրաւիրուեցաւ կարճ պատմուածք մը գրելու «Հոճինկայ-զասշի»-ի համար, ուր ան ներկայացուց «Ծաղկած անտառը» (Forest in Full Bloom / Hanazakari no Mori)։ Այս պատմուածքին մէջ պատմողը կը նկարագրէ այն զգացումը, թէ իր նախնիները ինչ-որ ձեւով դեռ կ’ապրին իր ներսը։ Պատմուածքը ցոյց կու տայ քանի մը փոխաբերութիւններ եւ իմաստախօսութիւններ (աֆորիզմներ), որոնք յետագային դարձան Միշիմայի ոճական առանձնայատկութիւնները։ Ան ձեռագիրին օրինակ մըն ալ ուղարկեց իր ուսուցիչին՝ Ֆումիօ Շիմիզուին, որ այնքան տպաւորուեցաւ, որ ինքն ու խմբագրական խորհուրդի միւս անդամները որոշեցին զայն հրատարակել իրենց գրական պարբերականին՝ «Պունկէյ Պունքա»-ի (Bungei Bunka) մէջ։

Զինք հօրը՝ Ազուսայի հաւանական հակազդեցութենէն պաշտպանելու համար, Շիմիզուն եւ խմբագրական խորհուրդի միւս անդամները հնարեցին «Եուքիօ Միշիմա» գրական կեղծանունը։ Անոնք «Միշիմա»-ն վերցուցին Միշիմա կայարանէն, որուն վրայով Շիմիզուն եւ «Պունկէյ Պունքա»-ի խորհուրդի անդամ Հասուտա Զէնմէյը կ’անցնէին դէպի խմբագրական ժողովի վայրը, որ տեղի կ’ունենար Շիզուոկայի Շուզէնճի քաղաքին մէջ։ Իսկ «Եուքիօ» անունը յառաջացած է ճափոներէն ձիւն բառէն՝ «եուքի» (yuki), որովհետեւ անոնք Ֆուճի լերան վրայ ձիւն տեսած էին, երբ գնացքը կ’անցնէր։ Պատերազմական շրջանի թուղթի սղութեան պատճառով, պատմուածքը աւելի ուշ՝ 1944-ին, հրատարակուեցաւ սահմանափակ տպաքանակով (4,000 օրինակ)։ Միշիման զայն հրատարակեց իբրեւ յուշ, որպէսզի իրմէ յիշատակ մնայ, քանի որ կ’ենթադրէր, թէ պիտի մեռնէր պատերազմին։

1941 թուականին, երբ այս առաջնեկային (դեբյուտային) գործը մաս-մաս կը հրատարակուէր «Պունկէյ Պունքա» պարբերականին մէջ, Հասուտան խմբագրական նշումներուն մէջ գովաբանեց Միշիմայի հանճարը. «Այս երիտասարդ հեղինակը ճափոնական յաւերժական պատմութեան երկնառաք զաւակն է։ Ան մեզմէ շատ աւելի կրտսեր է, բայց ասպարէզ իջած է արդէն իսկ բաւական հասունցած»։ Հասուտան, որ որոշ չափով դարձաւ Միշիմայի ուսուցիչն ու խորհրդատուն, ջերմեռանդ ազգայնական էր եւ Էտօ շրջանի քոքուկաքուի (kokugaku - ազգային գիտութեան) գիտնական Մոտոօրի Նորինագայի (1730–1801) երկրպագուն, որ կը քարոզէր ճափոնական աւանդական արժէքները եւ նուիրուածութիւնը կայսրին։ Հասուտան նախապէս՝ 1938-ին, կռուած էր Ճափոնի կայսերական բանակի շարքերուն մէջ Չինաստանի դէմ, իսկ 1943-ին ան կրկին կանչուեցաւ աշխուժ զինուորական ծառայութեան՝ իբրեւ աւագ տեղակալ (լեյտենանտ) Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ռազմաբեմին մէջ։ «Պունկէյ Պունքա» խմբակի կողմէ Հասուտայի համար կազմակերպուած հրաժեշտի երեկոյին, Հասուտան հետեւեալ հրաժեշտի խօսքը ուղղեց Միշիմային. «Ես քեզի կը վստահիմ Ճափոնի ապագան»։ Ըստ Միշիմայի՝ այս խօսքերը խորիմաստ նշանակութիւն ունեցան իրեն համար եւ խորունկ ազդեցութիւն ձգեցին իր կեանքի յետագա ընթացքին վրայ։

Աւելի ուշ՝ 1941 թուականին, Միշիման գրեց Շինթօ (Shintō) կրօնին հանդէպ իր խորին նուիրուածութեան մասին փորձագրութիւն մը, որ կը կոչուէր «Աստուածներու ուղին» (The Way of the Gods / Kannagara no michi)։ Միշիմայի «Ծխախոտը» (The Cigarette / Tabako) պատմուածքը, որ հրատարակուեցաւ 1946-ին, կը նկարագրէ համասեռական սէր մը, որ ան զգացած էր դպրոցական տարիներուն, եւ թէ ինչպէս դպրոցի ռակպիի միութեան անդամները կը ձաղկէին (կը ծաղրէին) զինք, որովհետեւ ան կը պատկանէր գրական ընկերակցութեան։ 1954 թուականի մէկ ուրիշ պատմուածք՝ «Բանաստեղծութիւն գրող տղան» (The Boy Who Wrote Poetry / Shi o kaku shōnen), նմանապէս հիմնուած էր «Գաքուշուին»-ի միջնակարգ դպրոցի տարիներու Միշիմայի յուշերուն վրայ։

9 Սեպտեմբեր 1944-ին, Միշիման աւարտեց «Գաքուշուին»-ի բարձրագոյն դպրոցը դասարանի առաջնութեամբ՝ դառնալով շրջանաւարտներու ներկայացուցիչը։ Շրջանաւարտից հանդէսին ներկայ էր Հիրոհիթօ կայսրը, եւ Միշիման յետագային արծաթէ ժամացոյց մը ստացաւ անկէ Կայսերական արքունիքի նախարարութեան մէջ։

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի վերջին տարիներուն՝ 27 Ապրիլ 1944-ին, Միշիման ստացաւ Ճափոնի կայսերական բանակի զօրակոչի ծանուցագիրը՝ 16 Մայիս 1944-ին հազիւ անցնելով զինուորական քննութիւնը եւ ստանալով նուազ բաղձալի՝ «երկրորդ կարգի» զօրակոչիկի որակաւորում։ Գիտնականները կը պնդեն, որ Միշիմայի կողմէ զինուորական քննութեան ընթացքին «առաջին կարգի» որակաւորում չստանալը (որ կը տրուէր միայն ֆիզիքապէս ամենապատրաստ զօրակոչիկներուն), զուգորդուած այն հիւանդութեան հետ, որուն պատճառով ան սխալմամբ ծառայութեան համար անպիտան յայտարարուեցաւ, նպաստեց իր տկար կազմուածքի շուրջ ստորնութեան բարդոյթի (ինֆերիորիթի քոմփլեքսի) ձեւաւորման, ինչ որ յետագային ծնունդ տուաւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան եւ մարմնամարզութեան (պոտիպիլտինկի) հանդէպ իր մոլուցքին։

Զօրակոչի օրը (10 Փետրուար 1945) բժշկական քննութեան ժամանակ Միշիման հարբուխ ունէր, զոր բանակի բժիշկը սխալմամբ ախտորոշեց իբրեւ թոքախտ (պալարախտ)։ Միշիման ծառայութեան համար անպիտան յայտարարուեցաւ եւ տուն ուղարկուեցաւ։ Միշիման յետագային իր կիսաինքնակենսագրական «Դիմակի մը խոստովանութիւնը» (1949) վէպին մէջ պիտի ակնարկէր, որ ինք թերեւս ստած է բժիշկին՝ սխալ ախտորոշում ապահովելու համար։ Միշիման գրած է.

«Ինչո՞ւ այդքան անկեղծ կը թուէի, երբ կը ստէի բանակի բժիշկին։ Ինչո՞ւ ըսի, թէ աւելի քան կէս տարի է մեղմ տաքութիւն ունիմ, թէ ուսերս ցաւագին կերպով կարծրացած են, թէ արիւն կը թքնեմ, եւ թէ նոյնիսկ անցեալ գիշեր քրտինքի մէջ կորսուած էի... Ինչո՞ւ, երբ նոյն օրը տուն վերադառնալու դատապարտուեցայ, ժպիտի մը ճնշումը այնքան յամառօրէն կը հրէր շրթունքներս, որ դժուարութիւն ունեցայ զայն թաքցնելու։ Ինչո՞ւ այդպէս վազեցի, երբ անցայ զօրանոցի դարպասէն։ Միթէ՞ յոյսերս չէին փշրուած։ Ի՞նչ պատահած էր, որ գլուխս կախ չէի քալած ու ծանր քայլերով հեռացած։ Ես յստակօրէն անդրադարձայ, որ իմ յետագայ կեանքը երբեք պիտի չհասնի փառքի այնպիսի բարձունքներու, որոնք կ’արդարացնեն բանակին մէջ մահէն խուսափելս...»

Այս պատմութեան վաւերականութիւնը անհնար է բացարձակապէս գիտնալ, բայց անտարակուսելին այն է, որ Միշիման չընդդիմացաւ բժիշկի թոքախտի ախտորոշման։ Հետազօտողները կ’ենթադրեն, որ Միշիմայի մեղքի զգացումը՝ պատերազմին մահէն խուսափելու թոյլտուութեան պատճառով, ջնջուող տպաւորութիւն ձգած է իր կեանքին ու գրականութեան վրայ՝ թերեւս նպաստելով իր յետագայ անձնասպանութեան։

Իր ձախողած բժշկական քննութենէն մէկ օր առաջ, Միշիման հրաժեշտի նամակ գրած էր իր ընտանիքին, որ կ’աւարտէր «Կեցցէ՛ կայսրը» (Tennō heika banzai) խօսքերով՝ իբրեւ յիշատակ իր ծնողներուն ձգելով իր մազերէն եւ եղունգներէն կտորներ։ Այն զօրամասը, ուր Միշիման պիտի զինուորագրուէր, ի վերջոյ ուղարկուեցաւ Ֆիլիփիններ, ուրկէ շատ քիչեր փրկուեցան։ Միշիմայի ծնողները հիացած էին, որ ան պատերազմ չգնաց, բայց Միշիմայի տրամադրութիւնը աւելի դժուար էր հասկնալ. անոր մայրը պատահաբար լսած էր, թէ ինչպէս ան փափաք յայտնած էր միանալու «Յատուկ յարձակման» (անձնասպաններու) զօրամասի մը։ Ան նաեւ իր հիացմունքը յայտնած էր քամիքազէ օդաչուներու եւ միւս «յատուկ յարձակման» զօրամասերու հանդէպ։ 21 Ապրիլ 1945-ին ընկերոջ մը ուղղուած նամակին մէջ Միշիման գրած է.

«Քամիքազէներու միջոցով է, որ "արդի մարդը" ի վերջոյ կրցաւ ընկալել "ներկայ օրուան" կամ թերեւս աւելի լաւ է ըսել՝ "մեր պատմական դարաշրջանի" արշալոյսը՝ իսկական իմաստով, եւ առաջին անգամ ըլլալով մտաւորական դասակարգը, որ մինչեւ հիմա արդիականութեան ապօրինի զաւակն էր, դարձաւ պատմութեան օրինաւոր ժառանգորդը։ Ես կը հաւատամ, որ այս բոլորը քամիքազէներուն շնորհիւ է։ Ասիկա է պատճառը, որ Ճափոնի ամբողջ մշակութային դասը եւ բովանդակ աշխարհի մշակութային մարդիկը պէտք է ծնրադրեն քամիքազէներուն առջեւ եւ երախտագիտութեան աղօթքներ մատուցեն»։

Միշիման խորապէս ազդուեցաւ 15 Օգոստոս 1945-ին Հիրոհիթօ կայսրին ձայնասփիւռի ելոյթէն, որով կը յայտարարուէր Ճափոնի անձնատուութիւնը, եւ ուխտեց պաշտպանել ճափոնական մշակութային աւանդութիւնները ու օգնել ճափոնական մշակոյթի վերակառուցման՝ պատերազմի աւերածութիւններէն ետք։ Ան իր օրագիրին մէջ գրած է. «Միայն պահպանելով ճափոնական անբանականութիւնը՝ մենք պիտի կարենանք նպաստել համաշխարհային մշակոյթին 100 տարի ետք»։

Միշիման 19 տարեկան հասակին, իր 16 տարեկան քրոջ՝ Միցուկոյի հետ (9 Սեպտեմբեր 1944-ին)։

Ճափոնի անձնատուութենէն չորս օր ետք, Միշիմայի ուսուցիչ Զէնմէյ Հասուտան, որ զօրակոչուած ու տեղակայուած էր Մալայեան թերակղզիին մէջ, կրակեց եւ սպաննեց իր վերադաս սպան, որ Ճափոնի պարտութեան համար կը մեղադրէր կայսրը։ Հասուտան երկար ատենէ ի վեր կը կասկածէր, որ այդ սպան քորէացի լրտես մըն էր։ Սպաննելէ ետք, Հասուտան ատրճանակը ուղղեց իր վրայ եւ անձնասպան եղաւ։ Միշիման դէպքին մասին իմացաւ մէկ տարի ետք եւ բանաստեղծութիւններով մասնակցեցաւ Հասուտայի պատուին կազմակերպուած յիշատակի արարողութեան՝ 1946 թուականի Նոյեմբերին։ 23 Հոկտեմբեր 1945-ին, Միշիմայի սիրելի կրտսեր քոյրը՝ Միցուկոն, յանկարծամահ եղաւ 17 տարեկան հասակին՝ անմաքուր ջուր խմելէ ետք յառաջացած տիֆի պատճառով։ Գրեթէ նոյն ժամանակ, ան նաեւ իմացաւ, որ Քունիքօ Միթանին՝ դասընկերոջ մը քոյրը, որուն հետ ան կը յուսար ամուսնանալ, նշանուած էր ուրիշ տղամարդու մը հետ։ Միշիման այս իրադարձութիւնները օգտագործեց իբրեւ ներշնչում եւ դրդապատճառ իր յետագայ գրական գործերուն համար։

Պատերազմի աւարտին, անոր հայրը՝ Ազուսան, «կիսով չափ արտօնեց» Միշիմային դառնալ վիպագիր։ Ան կը մտահոգուէր, որ իր որդին պիտի դառնայ արհեստավարժ վիպագիր՝ նախընտրելով, որ ան հետեւի իր եւ Միշիմայի մեծ հօր՝ Սատաթարոյի օրինակին ու դառնայ պետական պաշտօնեայ։ Այս նպատակով, ան խրատեց որդիին արձանագրուիլ Իրաւաբանութեան կալուածին (ֆակուլտետին) մէջ՝ Գրականութեան բաժնի փոխարէն։ Ցերեկը դասախօսութիւններու հետեւելով, իսկ գիշերը գրելով՝ Միշիման 1947-ին աւարտեց Թոքիոյի համալսարանը։ Ան պաշտօն ստացաւ Ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ եւ պատրաստ էր խոստմնալից ասպարէզի մը՝ իբրեւ պետական պաշտօնեայ։ Սակայն, միայն մէկ տարուան աշխատանքէ ետք, Միշիման այնքան հիւծած էր իրեն, որ հայրը համաձայնեցաւ թոյլ տալ անոր հրաժարիլ իր պաշտօնէն եւ ամբողջ ժամանակը նուիրել միայն գրելուն։

1945-ին, Միշիման սկսաւ գրել «Պատմութիւն հրուանդանին վրայ» (A Story at the Cape / Misaki nite no Monogatari) կարճ պատմուածքը եւ շարունակեց աշխատիլ անոր վրայ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին։ Պատերազմէն ետք, պատմուածքը գովեստի արժանացաւ բանաստեղծ Շիզուօ Իթոյի կողմէ, որուն Միշիման խորապէս կը յարգէր։

Միշիման ճանչցուած է իբրեւ 20-րդ դարու աշխարհի կարեւորագոյն գրական դէմքերէն մէկը։ Ան գրած է 34 վէպ, մօտաւորապէս 50 թատերախաղ, պատմուածքներու 25 գիրք, աւելի քան 35 փորձագրութեան (էսսէ) գիրք, մէկ օփերային լիպրետօ եւ մէկ ֆիլմ։

1998-ին «Շինչոշա» (Shinchōsha) գրական հրատարակչութեան կողմէ հիմնուեցաւ ամէնամեայ «Միշիմայի մրցանակ»-ը՝ ճափոնական նորարար գրականութիւնը արժեւորելու համար։ 3 Յուլիս 1999-ին Եամանաքաքոյի մէջ բացուեցաւ «Եուքիօ Միշիմայի գրական թանգարան»-ը (Mishima Yukio Bungaku-kan

«Միշիմայի միջադէպը» նպաստեց Ճափոնի մէջ «Նոր Աջ» (shin uyoku) խմբաւորումներու ձեւաւորման, ինչպէս օրինակ՝ «Իսսուիկայ»-ը, որ հիմնադրուեցաւ «Թաթենոկայ»-ի անդամներէն եւ Միշիմայի հետեւորդ Ցուտոմու Ապէի կողմէ։ Համեմատած աւելի հին, ամերիկամէտ ու հակահամայնավար խումբերուն (ինչպիսին էր Պին Աքաոյի Մեծ Ճափոնի հայրենասիրական կուսակցութիւնը), «Նոր Աջ» խմբաւորումները, ինչպէս «Իսսուիկայ»-ը, հակուած էին շեշտելու ցեղային ազգայնականութիւնն ու հակաամերիկանութիւնը։

Միշիմայի մահուան տարելիցի յիշատակի արարողութիւնը, որ կը կոչուի «Հայրենասիրութեան յիշատակի օր» (Yūkoku-ki), Ճափոնի մէջ տեղի կ’ունենայ ամէն տարի 25 Նոյեմբերին՝ «Եուքիօ Միշիմայի ուսումնասիրութեան խմբակ»-ին, ինչպէս նաեւ «Ճափոնի ուսանողական դաշինք»-ի նախկին անդամներուն կողմէ։ Առանձին յիշատակի արարողութիւն մըն ալ ամէն տարի կազմակերպուած է «Թաթենոկայ»-ի նախկին անդամներուն կողմէ 1975 թուականէն սկսեալ՝ Մասահիրօ Օկաուայի, Մասայոշի Քոկայի եւ Հիրոյասու Քոկայի պայմանականօրէն ազատ արձակուելէն մէկ տարի ետք։

Միշիմայի յիշատակին Ճափոնի տարբեր վայրերուն մէջ կանգնեցուած են բազմաթիւ դատարկագերեզմաններ եւ յուշաքարեր։ Օրինակ՝ քարեր տեղադրուած են Հիոկօ նահանգի Քաքոկաուա քաղաքի Հաչիման սրբավայրին մէջ, ուր կը գտնուէր անոր մեծ հօր մշտական բնակավայրը. Թաքիկահարայի ռազմակայանի 2-րդ վաշտի զօրամասին առջեւ. ինչպէս նաեւ Միշիմայի ծանօթներէն մէկուն տան պարտէզին մէջ։ Շիմանէ նահանգի Րիսշօ համալսարանի Շոնան միջնակարգ դպրոցին առջեւ նոյնպէս գոյութիւն ունի «Եուքիօ Միշիմայի եւ Մասաքացու Մորիտայի պատուոյ յուշարձան»-ը։

1983 թուականի 9 Յունուարին Ֆուճինոմիայի արուարձանին մէջ կառուցուեցաւ Եուքիօ Միշիմայի մեհեանը։

Փոլ Շրետըրի 1985 թուականի կենսագրական ֆիլմը՝ «Միշիմա. կեանք մը չորս գլուխներով» (Mishima: A Life in Four Chapters), կը պատկերէ անոր կեանքն ու գործը, սակայն այն թատերական ցուցադրութիւն չէ ունեցած Ճափոնի մէջ մինչեւ 2025 թուականը։ 2012 թուականի ճափոնական «11:25. Օրը, երբ ան ընտրեց իր սեփական ճակատագիրը» ֆիլմը կ’ուսումնասիրէ Միշիմայի կեանքի վերջին օրը։ 1983 թուականի «Գեղեցիկ խորհրդաւորութիւն» (Beautiful Mystery) համասեռամոլական ժապաւէնը երգիծական ձեւով անդրադարձած է այն համասեռական ենթատեքստերուն, որոնք առկայ էին Միշիմայի ասպարէզի ընթացքին։

2020-ին թողարկուեցաւ «Եուքիօ Միշիման ընդդէմ Թոքիոյի համալսարանի Զենքիոտոյի. ճշմարտութիւնը բացայայտուած 50 տարի ետք» փաստագրական ֆիլմը, որ հիմնուած է 13 Մայիս 1969-ին Միշիմայի եւ Թոքիոյի համալսարանի «Զենքիոտօ» խմբակի անդամներու միջեւ տեղի ունեցած բանավէճին վրայ։

14 Յունուար 2025-ին Միշիմայի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանային ձեռնարկներ տեղի ունեցան Թոքիոյի երկու սրահներու մէջ, ուր Միշիմայի թատերախումբի դերասանուհի Էյքօ Մուրամացուն եւ Միշիմայի ծանօթներէն Թատանորի Եոքօօն իւրաքանչիւր վայրի մէջ պատմեցին անոր մասին իրենց ունեցած յուշերը։

  • «Շինչօ» մրցանակ՝ «Շինչոշա» հրատարակչութեան կողմէ, 1954[13], «Ալիքներու ձայնը» (The Sound of Waves) գործին համար։
  • «Քիշիտա» թատերական մրցանակ՝ «Շինչոշա» հրատարակչութեան կողմէ, 1955[14], «Ուտիճներու բոյնը» (Termites' Nest) թատերախաղին համար։
  • «Իոմիուրի» մրցանակ՝ «Իոմիուրի» թերթի ընկերութեան կողմէ՝ լաւագոյն վէպի համար, 1956, «Ոսկէ տաղաւարի տաճարը» (The Temple of the Golden Pavilion) գործին համար[15]։
  • «Շուուկան Իոմիուրի» մրցանակ՝ «Շինգեկի»-ի (նոր թատրոնի) համար՝ «Իոմիուրի» թերթի ընկերութեան կողմէ, 1958, «Վարդն ու ծովահէնը» (Rose and Pirate) թատերախաղին համար։
  • «Իոմիուրի» մրցանակ՝ «Իոմիուրի» թերթի ընկերութեան կողմէ՝ լաւագոյն թատերախաղի համար, 1961, «Տասներորդ օրուան տատասկը (Տօնախմբութենէն մէկ օր ետք)» (The Chrysanthemum on the Tenth) գործին համար[16]։
  • Գրականութեան Նոպելեան մրցանակի վեց վերջնական թեկնածուներէն (ֆինալիստներէն) մէկը, 1963[17]։
  • «Մայնիչի» արուեստի մրցանակ՝ «Մայնիչի Շիմպուն» թերթի կողմէ, 1964[18], «Մետաքս եւ պատրանք» (Silk and Insight) գործին համար։
  • Արուեստի փառատօնի մրցանակ՝ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ, 1965[19], «Մատամ տը Սատ» (Madame de Sade) թատերախաղին համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 filmportal.de — 2005.
  2. 1 2 3 4 Brockhaus EnzyklopädieF.A. Brockhaus, 1796.
  3. 1 2 (unspecified title)
  4. 1 2 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  5. 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  6. «Yukio Mishima’s kendo history»։ kendoinfo.net (անգլերէն)։ 2012-10-22։ արտագրուած է՝ 2026-07-04
  7. McCarthy, Paul (5 May 2013). "Revealing the many masks of Mishima" (mostly paywalled). The Japan Times. Archived from the original on 25 November 2020. Retrieved 8 January 2020.
  8. Rankin, Andrew (2018). Mishima, Aesthetic Terrorist: An Intellectual Portrait. University of Hawaii Press. p. 119.
  9. (անգլերեն) Yukio Mishima, 2026-07-05, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Yukio_Mishima&oldid=1362637080, վերցված է 2026-07-09
  10. (անգլերեն) Yukio Mishima, 2026-07-05, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Yukio_Mishima&oldid=1362637080, վերցված է 2026-07-09
  11. (անգլերեն) Yukio Mishima, 2026-07-05, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Yukio_Mishima&oldid=1362637080, վերցված է 2026-07-09
  12. (անգլերեն) Yukio Mishima, 2026-07-05, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Yukio_Mishima&oldid=1362637080, վերցված է 2026-07-09
  13. GradeSaver (26 November 2021). "The Sound of Waves Study Guide | GradeSaver". www.gradesaver.com. Retrieved 4 June 2026.
  14. "Yukio Mishima | Legacy Project Chicago". legacyprojectchicago.org. Retrieved 4 June 2026.
  15. 読売文学賞 [Yomiuri Prize for Literature]. Yomiuri Shimbun (in Japanese). Archived from the original on 4 April 2019. Retrieved 26 September 2018.
  16. "Yukio Mishima". The Philosophy Room. 15 August 2022. Retrieved 4 June 2026.
  17. "Candidates for the 1963 Nobel Prize in Literature". Nobel Prize. 2013. Archived from the original on 23 August 2016. Retrieved 3 January 2014.
  18. Mishima, Yukio; Sato, Hiroaki; Mishima, Yukio; Mishima, Yukio (1998). Silk and insight. A Pacific Basin Institute book. Armonk, N.Y.: M. E. Sharpe. ISBN 978-0-7656-0300-5.
  19. "Japanese Ministry of Education Arts Festival Award | Awards and Honors | LibraryThing". LibraryThing.com. Retrieved 4 June 2026.