Jump to content

Եոն Փոփեսքու

Եոն Փոփեսքու
Ծնած է 6 Մարտ 1920(1920-03-06) (105 տարեկան)
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրականագէտ և հայագէտ

Եոն Փոփեսքու (ռում.՝ Popescu, 6 Մարտ 1920(1920-03-06)), ռումանացի բանագէտ, բանաստեղծ, գրականագէտ, հայագէտ։ Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1970)։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1947-ին աւարտած է Քլուժի համալսարանի բանասիրութեան եւ փիլիսոփայութեան բաժանմունքը։

Իբրեւ ուսուցիչ աշխատած է Ռումանիոյ շարք մը դպրոցներէն ներս, Կեռլայի մանկավարժական եւ «Փեթրու Մայոր» լիսէներէն ներս (1940-1963), դասախօսած է (1963-1976) Թըրկու Մուրէշի հիմնարկի բանասիրական բաժանմունքին մէջ։

Հայերու մասին աշխատութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռումանացի հայագէտը հրատարակած է շարք մը արժէքաւորր ուսումնասիրութիւններ՝ նուիրուած Թրանսիլվանիոյ Հայերու անցեալին, Կեռլայի հայերէն ձեռագիրներուն, նոյն քաղաքի հայ գորգագործ վարպետներու արուեստին, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ հայագիտական գործերու վերաբերեալ:

Արժէքաւոր է անոր «Թրանսիլվանիոյ հայկական հէքեաթները», ուր ներկայացուած են շրջանի երբեմնի Հայութեան ժողովրդական բանահիւսութեան անգին գոհարներուն կարեւոր մէկ մասը, որ կորսուած կը նկատուէր։

Անցեալ տարի Պուքրէշի «Միներվա» հրատարակչականը ռումաներէն լոյս ընծայեց Փոփեսքուի «Ուսումնասիրութիւններ ֆոլքլորի եւ ժողովրդական արուեստի վերաբերեալ» խորագիրը կրող գիրքը: Այդ աշխատութիւնը հիմնականին մէջ նուիրուած է Ռումանիոյ եւ, յատկապէս, Թրանսիլվանիոյ ժողովրդական բանահիւսութեան քննութեան, բայց փրոֆեսէօրը հոն եւս անդրադարձած է Կեռլա քաղաքի Հայերու անցեալին: Հատորին մէջ զետեղ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։