Եղիվարդ

(Վերայղուած է Եղիվարդ (արեւմտահայերէն)-էն)


Եղիվարդ (Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան)
Ծննդեան անուն Եղիշէ Տէրտէրեան
Ծնած է 1910
Ծննդավայր Վասպուրականի Ռշտունեաց գաւառի Կայնիմիրան գիւղին մէջ
Մահացած է 1 Փետրուար 1990(1990-02-01)
Մահուան վայր Երուսաղէմ, Իսրայէլ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Մասնագիտութիւն Կրօնական
Վարած պաշտօններ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան

Եղիվարդ (Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան, 1910, Վասպուրականի Ռշտունեաց գաւառ – 1 Փետրուար, 1990, Երուսաղէմ)

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Վասպուրականի Ռշտունեաց գաւառի Կայնիմիրան գիւղին մէջ, Նարեկայ վանքէն երեք ժամ հեռու։ Աւազանի անունով Եղիազար՝ բագմահարիւր որբերու հհտ Միջագետքի ճամբով 1922-ին կը բերուի Երուսաղէմ, ուր երկու տարի ետք կ՝ ընդունուի ժառանգաւորաց վարժարան։ Աւարտելէ ետք ընծայարանի դասընթացքը, 1932-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Թորգոմ արք. Գուշակեանի ձեռամբ եւ կը ստանայ վարդապետական գաւագան։ 1949-ին, Կիւրեղ պատրիարքի վախճանումէն հինգ տարի ետք կը կոչուի պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին, իսկ 1960-ին պատրիարք կ՝ ընտրուի միաբանութեան կողմէ։ Հոգեւորականի իր կոչումէն աւելի՝ Եղիվարդ գրականութեան կոչուած տաղանդ է ու քերթողական թէ արձակ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ լեզուական շնորհին, գիւտերուն եւ արտայայտութեան ինքնատիպ ձեւին կը միացնէ իմացականութեան բաժինը։

Մինչեւ 1950ական թուականներու քերթողական իր վաստակը ամփոփուած է «Մագթաղինէն մեղրամոմէ», «Սալոմէ», «Սամարուհին», «Խորտակման գիշհրներ», «Անցորդը», «Լերան վրայէն» եւ «Ակեղդամա» հատորներուն մէջ։ 1960-էն ասդին հրատարակած է «Օտարականը»՝ արձակ էջեր Ցիսուսի կեանքէն (1966), «Ընտիր էջեր»՝ ընտրովի քերթուածներ նախապէս հրատարակուած հատորներէ եւ, անոնց կողքին, նորեր (1973), «Կարմիր զօրավար»՝ տասնըեօթը երկարաշունչ քերթուածներէ, նախերգանքէ մը եւ վերջերգէ մը բաղկացած հատորը, նուիրուած՝ Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներուն (1975), Պօղոս Աո֊աքեալի կեանին ու գործին սեւեոող արձակներու հաւաքածոյ մը՝ «Հհթանոսաց առաքեալը» (1975) եւ՝ «Լուսամատեան» անունին տակ՝ Հին ու Նոր Կտակարաններէն եօթանասուներկու կտորներու վերարտադրութիւնը, իր գրչով (1981

Եղիվարդի գործերը առհասարակ կը ձգտին ազգային ու հոգեշունչ նկարագրով մը կերպադրել հայրենական, պատմական եւ աստուածաշնչական պատկերներ, դէմքեր ու դէպքեր։ Մարդկայնականին որոնումն է որ կը կատարէ եւ կը հասնի ընթերցողին յուզական աշխարհն ու միտքը խռովելու զօրութեան։ Արարատին ու Սեւանին, հայրենիքին եւ անոր բնութեան, Մագթաղինէին եւ Ցիսուսին, Վարդանանց թէ Պօղոս առաքեալին սեւեռումը՝ իր կողմէ, մեկնակէտ է խօսքէն ու բառէն անդին կա՜մ իմաստասիրական յածումներու եւ կամ մարդկային հոգիի պեղումին։

Ձեւի ու չափի մտահոգութիւն չունի։ Կը հաւատայ որ ներդաշնակութիւնը արտաքին միջոցներու նպաստով չէ որ կը ստեղծուի, այլ՝ քերթուածէն ընթերցողին փոխանցուող մտքի ու հոգիի շարժումով, բանաստեղծութեան թելադրական ներզօրութեամբ։ Ասով ալ, Եղիվարդ փաստը կ՝ ընծայէ «պարզին վայելչութեամթը» տարազի բերուած ստեղծումներու [1]:

Ծանոթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։