Եղեւին

Եղեւին (լատիներէն՝ Picea), մեծ ծառ, կը պատկանի սոճազգիներու ընտանիքի մշտադալար, ասեղնատերեւ ծառերու ցեղին[1]։
Տարածում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարածուած է Եւրոպայի, Ասիոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի մէջ։
Կ'աճի կաւային եւ աւազակաւային հողերու մէջ։
Գոյութիւն ունի աւելի քան 40 տեսակ (այլ տուեալներով՝ 50):
Հայաստանի մէջ կ'աճի չորս տեսակ։ Տարածուած են յատկապէս սովորական կամ եւրոպական եւ արծաթափայլ եղեւինները։
Ծառը կարեւոր նիւթ է շինարարութեան փայտի եւ թուղթի արտադրութեան համար։ Կ'օգտագործուի նաեւ լարային գործիքներ պատրաստելու համար:
Բնիկ ամերիկացիներէն ոմանք այս ծառին արմատները օգտագործած են զամբիւղ գործելու[2]։

Նորվեկիա եղեւինը լայնօրէն կ'օգտագործէ Ս. Ծննդեան տօնածառը զարդարելու համար։
Արուեստագէտներ ԺԶ.-էն ԺԸ. դարերուն ընթացքին, եղեւինի պատկերներ նկարազարդած են իւղաներկ նկարներու մէջ։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երիտասարդ ծառերը ունին կոնաձեւ գագաթներ:
Ծառերուն հասակները կը տարուբերին 10-20 մեթրի միջեւ՝ փոքր տեսակներուն պարագային, ինչպէս՝ «Picea mariana»ն, աւելի մեծ՝ «Picea sitchensis»ի պարագային, կրնայ հասնիլ մինչեւ 100 մեթրի։
Երիտասարդ ճիւղերը կը բարձրանան հորիզոնականէն վեր, սակայն հին ճիւղերը՝ ոչ։
Սերմերը ունին «թեւիկ»ներ։
Կոնաձեւ թեփուկներու կառուցուածքը՝ ներառեալ երկայնքը, լայնքը, գոյնը եւ գագաթին ձեւը եղեւիններու առանձնայատկութիւններէն են[3]։
Եղեւինները կ'ունենան միջին կեանքի տեւողութիւն՝ 100-էն մինչեւ 600 տարի։
Մէկ ծառի համար ամէնէն հին գրանցուած տարիքը «Picea engelmannii»-ի տեսակ մըն է, որ ապրած է շուրջ 852 տարի։
Եղեւիններու մասին հետաքրքրական փաստեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Եղեւինները արու եւ էգ կոներ կ'ունենան՝ նոյն ծառին վրայ։
- Անոնց ասեղները տարբեր երկայնք ունին, ըստ տեսակի, կարգ մը ասեղներու հասակը կրնայ հասնիլ 0.5 սմ-ի, իսկ ուրիշներունը՝ մինչեւ 5 սմ։
- Կոները կը պարունակեն սերմեր, որոնց ստորին կէսը նստած է սերմին սանդխակին մէջ:
- Եղեւինները շատ դիմացկուն են, բայց ուժեղ քամի մը կամ միջավայրային վնասակար գործոններ կրնան թփուտային կամ անկանոն տեսք տալ ծառին։
- Եղեւինները իրենց ստորին ճիւղերը չեն կորսնցներ, եթէ արեւի տակ աճին:
- Եղեւիններ կը բուծանուին հանգստեան գօտիներու եւ այգիների մէջ՝ թթուածին ապահովելու նպատակով։
- Անոնց փայտը տոկուն է, միաժամանակ՝ թեթեւ:
- Եղեւինը կը համարուի յաւերժութեան եւ անխախտ ուժի խորհրդանիշ, այդ պատճառով անիկա յաճախ օգտագործուած է ծիսակատարութիւններու եւ յուշարձաններու շուրջը տնկելու համար։
- Հիւսիսային հին ժողովուրդները եղեւինին փայտը եւ կեղեւը կ'օգտագործէին պաշտամունքային եւ բժշկական նպատակներով, հաւատալով, որ անոնք կը հեռացնեն չար ոգիները։
- Եղեւինի կարգ մը տեսակներ օգտագործուած են եկեղեցիներու մէջ՝ խաչեր եւ դուռներու շրջանակներ պատրաստելու համար, իբրեւ յաւերժութեան նշան։
Բնութեան վտանգներէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Փոքր կաթնասունները՝ մկնատեսակներ, ինչպէս նաեւ՝ այլ գետնաբնակ անասուններ, սնանելու նպատակով կ'ուտեն փշատերեւ ծառերու սերմերն ու ծիլները։
- Կարճ պոչով մարգագետնային մուկերը (Microtus pennsylvanicus) ագահութեամբ կը կրծեն ճերմակ եղեւինին ծիլերը՝ արմատահան ընելով եւ ամբողջութեամբ ուտելով զանոնք։
- Մկնասուն մը կրնայ մէկ գիշերուան ընթացքին ուտել շուրջ 2000 եղեւինի սերմ։
- Մեծ անասունները եւս իրենց ազդեցութիւնը ունին․ կարմիր սկիւռները կրնան բերքին 90%-ը հաւաքել։
- Սեւ արջերու կողմէ եղեւինի կեղեւ կրծելը լուրջ հարց է Ալասքայի մէջ[4]։
Վարակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սիրոկոկի վարակ (Sirococcus blight) կոչուող հիւանդութիւնը կը յառաջացնէ ծանր ասեղաթափութիւն եւ ընձիւղաբորբ։ Հիւանդութիւնը առաջին անգամ արձանագրուած է Գերմանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ՝ 2014-ին։ Տարածումը կը կատարուի անձրեւի շիթերու օգնութեամբ։ Վերահսկումը կ'իրագործուի միայն խիստ կենսաանվտանգութեան միջոցներով[5]։
- Ասեղաթափութիւն յառաջացնող հիւանդութիւն (Rhizosphaera needle cast)՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եղեւինները վարակելով կը յառաջացնէ ծանր ասեղաթափութիւն։ Մեռած ասեղները կը ցուցադրեն սեւ գունաւոր, դասաւորուած պտղաբեր մարմիններ։ Վարակումը գլխաւորաբար կը սկսի ստորին ճիւղերէն։ Վերահսկումը հնարաւոր է սնկասպաններ օգտագործելով, որոնք կը կանխեն նոր վարակը՝ պայմանով, որ ծառը ամբողջովին կարելի ըլլայ սրսկել։
Եղեւինի Խմիչք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Եղեւինին ասեղներէն կարելի է պատրաստել շատ օգտակար «Սի» կենսանիւթով հարուստ թէյ։
Մշտադալար եղեւինը՝ Ս. Ծննդեան խորհրդանիշ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Եղեւինը զարդարելու սովորութիւնը յառաջացած է աւելի քան 2000 տարի առաջ: Մշտադալար եղեւինը առանձնայատուկ տեղ գրաւած է բոլոր ծառերուն մէջ: Անիկա խորհրդանշած է կեանքը եւ կեանքի վերածնունդը` մութէն ու խաւարէն:
Շատեր կը կարծեն, որ մշտադալար եղեւինը դրախտին մէջ աճող անմահութեան ծառն է, վառող լոյսերն ու մոմերը` մարդկային հոգիները, իսկ զարդարանքները` խորհրդանշական նուիրատուութիւնները:
Աւանդազրոյց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ Յիսուս կը ծնի, աշխարհը կ'ուրախանայ[6]։
Ամէն կողմէ մարդիկ նուէրներով կու գան զԻնքը տեսնելու։

Յիսուսի մսուրին մօտ կային արմաւենի մը, թթենի մը եւ եղեւին մը։
Արմաւենին իր լայն տերեւները կ'երկարէ, որպէսզի հովահարէ, երբ տաք ըլլայ։ Թթենին իր փափուկ տերեւները կը թափէ անկողին մը շինելու համար Յիսուսին։ Բայց եղեւինը կը տխրի մտածելով, թէ իր տերեւները փշոտ են, Յիսուսի նուրբ մարմինը կը ծակծկեն։ Բան մը չունէր անոր նուիրելու։ Կը սկսի լալ։ Մութ էր։ Բոլոր աստղերը կը փայլէին։ Կ'ուզեն օգնել իրեն, ուստի՝ մէկիկ մէկիկ վար կ'իջնեն եղեւինին վրայ։ Եղեւինը կը սկսի փայլիլ։
Երբ Յիսուս կ'արթննայ, փայլուն եղեւինը տեսնելով շատ կ'ուրախանայ։ Իր ամէնէն սիրուն նուէրը կ'ըլլայ անիկա։
Այդպիսով, եղեւինը կը դառնայ Կաղանդի ծառ, Ծնունդի ծառ։
Յիշողութեան Պուրակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յիշողութեան պուրակը կամ եղեւիններու պուրակը հիմնուած է 1997-ին՝ դառնալով Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին անբաժան մէկ մասը։
Եղեւինը կը համարուի յաւերժութեան ծառ, ուստի պատահական չէ, որ շուրջ 20 տարի առաջ որոշուած է հիմնել այս յիշատակի պուրակը, ուր ներկայիս կ'աճի շուրջ 200 ծառ։
Հակառակ կլիմայական ոչ բարենպաստ պայմաններուն, եղեւինները, հետեւողական խնամքի շնորհիւ, կ'աճին եւ կը փարթամանան՝ կրելով իւրայատուկ խորհուրդ։
1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ի վեր, տարբեր երկիրներէ ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցը՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, աւանդութիւն դարձած է։ 16 Մարտ 2002-էն՝ ՀՀ պետական արարողակարգի ծառայության մասին օրէնքով սահմանուած է այդ այցելութիւններու կարգը։ Ըստ ՀՀ պետական արարողակարգին՝ պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած պատուիրակութիւններուն համար նախատեսուած է հետեւեալ օրակարգը՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցել՝ ծաղիկներ կամ ծաղկեպսակ զետեղելով յուշահամալիրին մէջ, շրջայց թանգարանին, պաշտօնական հիւրերու յուշամատեանին մէջ գրառում կատարել եւ յիշողութեան պուրակին մէջ եղեւին տնկել։
Յիշողութեան պուրակին մէջ եղեւիններ տնկած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելած աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու նախագահներ, հոգեւոր առաջնորդներ, խորհրդարաններու նախագահներ, խօսնակներ, պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, աշխարհահռչակ գիտնականներ, համաշխարհային հեղինակութիւն ունեցող մշակութային գործիչներ եւ բարերարներ՝ ամրագրելով իրենց վերբաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հանդէպ։
Յիշողութեան պուրակը կը հետաքրքրէ նաեւ զբօսաշրջիկները. անոնք կը շրջին տարածքին մէջ։
Յիշողութեան պուրակին մէջ առաջին թուագրուած ծառը 1997-ին է, զոր տնկած է ԱՄՆ սենաթոր Ռոպըրթ Տոլ՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ամերիկահայ վիրաբոյժ Համբար Քելէկեանի[7]։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]