Եկեղեցական Սպասք

Եկեղեցական սպասքը, կը ներկայաացնէ եկեղեցիներու մէջ Ս․ Պատարագի եւ այլ խորհրդակատարութիւններու ժամանակ օգտագորուող սրբազան անօթներ եւ զանազան առարկաներ։

Սկիհ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբեմն կը կոչուի հաղորդութեան բաժակ։ Հիմնականին մէջ պատրաստուած է ազնիւ մետաղէ, վրան՝ աւետարանական պատկերներ։ Բոլորաձեւ պատուանդանին (միջնամաս) վրայ՝ բաժակաձեւ յարմարանքով, որուն մէջ Ս․ Պատարագի ժամանակ կը լեցնեն գինին։ Բաժակն ունի իր ծածկոցը, որ կը կոչուի մաղզմա. կը նմանի սրուակի, քիչ մը փոս ինկած։ Մաղզմային վրայ դրուած է սրբագործուելիք հացը կամ նշխարը։ Եթէ հաղորդութեան բաժակը կամ սկիհը Յիսուսի արեան սրբագործման անօթն է, ապա անոր ծածկոցը՝ մաղզման, խորհրդանիշն է զոհի սեղանի, որու վրայ զոհաբերուեցաւ Յիսուս Քրիստոսը[1]։

Մասնատուփ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արծաթէ տուփ, որուն մէջ քահանաները կը պահեն սրբագործուած նշխարը՝ հոգեւոր այցելութիւններու ժամանակ հիւանդներուն հաղորդութիւն տալու համար։

Բուրվառ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անօթ-խնկանոցէ՝ գմբէթաձեւ, խաչագլուխ կափարիչով։ Կ'օգտագործուի Ս․ Պատարագի եւ ծիսակատարութիւններու ժամանակ՝ իբրեւ խնկարկելու եւ բոյր սփռելու միջոց։ Ըստ Յովհան Մայրավանեցիի բուրվառը (խնկանոցը) Աստուածածինի խորհրդանշանն է. ինչպէս Աստուածածինն լեցուն է Սուրբ Հոգիով եւ Բարձրեալի զօրութեամբ, այնպէս ալ բուրուառը՝ լեցուն է սրբութեան հոտով։

Խաչ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրիստոնէական կրօնի խորհրդանիշն ու պաշտամունքի առարկան է։ Ունի ուղիղ անկիւնով միմեանց ագուցուած՝ երկու տարբեր չափի ձողերու տեսք։ Խաչերու տեսակներն ու կիրառութեան կերպերն են. ձեռքի կամ ձեռաց խաչ, որ կ'օգտագործեն բոլոր եկեղեցականները՝ ծիսակատարութիւններու ժամանակ եւ հանդիսաւոր առիթներով։ Խաչերը, որոնք կը դրուին սրբազան խորաններու վրայ։ Կան նաեւ եկեղեցական թափորներու առջեւէն տարուող խաչեր, որոնք կը կոչվուին խաչվառ։ Կաթողիկոսները որպէս գնահատանք քահանաներուն, վարդապետներուն յատուկ կոնդակով կը պարգեւատրեն լանջախաչով, որ եկեղեցականներուն շնորհուող պատուոյ նշանն է։ Լանջախաչերու օգտագործումը Հայ եկեղեցի մտած է 19-րդ դարուն։

Աշտանակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբեմն օգտագործուած է նաեւ ճրագակալ անունով։ Մեկտեղանոց կամ բազմատեղանոց մետաղէ պատուանդաններ են, որոնց վրայ դրուած են յատուկ մոմեր՝ եկեղեցական հանդԷսներուն վառելու համար։

Կանթեղ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արծաթէն կամ գունաւոր մետաղներէն պատրաստուած կիսակլոր աման, որու մԷջ կը դրուի ձէթով լեցուած ապակիէ կազմածք, ներսէն՝ բամպակէն կամ թելէն պատրաստուած ոզորահիւս։ Կանթեղը հիմնականին մէջ կը վառուի եկեղեցիի սուրբ խորանէն կախված վիճակին մէջ։

Կերոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոկուած փայտի վրայ յարմարած, մօտաւորապէս մէկ մեթր երկարութիւն եւ որոշակի հաստութիւն ունեցող մոմեր (ջահեր) են։ Օգտագործուած են եկեղեցւոյ մէջ Աւետարանի ընթերցման ժամանակ, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական թափօրներու եւ հանդիսութիւններու ժամանակ։

Քշոց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական շրջանին, երբ քրիստոնէութիւնը հալածուած է, քրիստոնեաները պահուըտած են գետնադամբարաններուն մէջ եւ հաղորդութեան խորհուրդը կատարած այնտեղ։ Քշոցներն այդ ընթացքին ծառայած են ճանճ քշելու։ Անոնք սկաւառակաձեւ են, եզերքը՝ բոժոժներով, մետաղէ գլխիկով՝ հորիզոնական դիրքով հագցուած մարդու հասակով ձողի վրայ. Ս․ Պատարագի ժամանակ սարկաւագներու ձեռքը որոշակի պահերու կը շարժուին՝ բոժոժներու ձայնը խառնելով Ս․ Պատարագի երգեցողութեանը։ Քշոցներու ձայնը կը խորհրդանշէ հրեշտակներու օրհներգը։

Միւռոնաթափ աղաւնի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղաւնին Սուրբ Հոգու խորհրդանիշն է։ Միւռոնի աղաւնին պատրաստուած է արծաթէն կամ ոսկիէ։ Միւռոնը նախապէս լցուած է խոռոչ աղաւնիին մէջ եւ օգտագործման ժամանակ հարկաւոր չափով կը կաթեցուի կտուցէն։

Բաժակաման[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արծաթէ անօթ, որու մէջ նախապէս լեցուած է Ս․ Պատարագի նիւթերէն մէկը՝ գինին։ Այնուհետեւ պատարագիչ քահանան այդ բաժակամանի գինին խաչաձեւ շարժմամբկը կը հոսի սկիհի մէջ։

Տապանակ կամ խնկաման[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արծաթէ տուփ է՝ վերնամասը չորս փոքրիկ խաչերով եւ մէկ մոմակալով զարդարուած է, որու մէջ կը պահուին խունկ եւ կնդրուկ։ Տապանակի գործածութիւնը վերցվուած է Հին ուխտի եկեղեցիէն։

Խաչվառ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

4-րդ դարէն կիրառուող խաչագլուխ եւ շրջանակաձեւ դրօշակ, որու վրայ պատկերուած է խաչելութեան դրուակը կամ Տնօրինական մէկ այլ դէպք։ Երբեմն նկարուած է նաեւ Աստուածածնայ պատկերը։ Խաչվառը կը գործածուի Ս․ Պատարագի, Անդաստանի, Նախատօնակի, թափօրի եւ յուղարկաւորութեան ժամանակ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]