Էլպիս Կեսարացեան

(Վերայղուած է Ելպիս Կեսարացեան-էն)
Էլպիս Կեսարացեան
Ծնած է 1830
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 1913
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, Խմբագիր

Էլպիս Կեսարացեան, (1830, Պոլիս, Պէշիկթաշ - 1911 Աղեքսանտրիա):

Թուրքիոյ առաջին կին լրագրողը կը համարուի:

1862-1863 թուականներուն կը հրատարակէ առաջին հայերէն կնոջական պարբերականը՝ «Կիթառ»ը:

Սեռերու անհաւասարութեան պատճառները վերլուծող ու հաւաքականութեան զարգացման համար կիներու ազատութեան անհրաժեշտութիւնը մատնանշող առաջին կին գրողն է:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1830-ին, Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղին մէջ:

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ'աշխատի կիներու դաստիարակութեան համար եւ անհրաժեշտ կը համարէ հաւաքականութեան զարգացման համար կիներու ազատութիւնը։

Կրթութիւնը ստացած է Օրթագիւղի եւ Պէշիկթաշի հայկական վարժարաններուն մէջ։

1872-ին ուսուցչութեամբ զբաղած է Մաքրուհեաց վարժարանին մէջ։ Աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին։

1861-ին հիմնած է «Կիթառ» պարբերականը, ուր իր յօդուածները ստորագրած է Էլպիս Կեսարացեան Ե. Կ. Տ. Հայուհի։ Փաստօրէն կը հանդիսանայ հայ առաջին կին խմբագիրը։

Հայ առաջին կնոջական թերթը՝ «Կիթառ»ը լոյս կը տեսնէ ընդամէնը 7 ամիս եւ կը դադրի՝ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ Ամսագիրին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1 Օգոստոս 1862-ին, Պոլսոյ մէջ, որուն նշանաբանն էր՝ «Մեր հրաւէրը հայ կիներուն»։

«Կիթառ»ի առաջին իսկ ամսագիրին մէջ Էլպիս Կեսարացեան կնոջ իրաւունքներու վերաբերեալ 4 յօդուած կը հրապարակէ. «Ուղերձ երիտասարդ կանանց», «Ծառայութիւն հասարակութեան», «Հայրենասիրութեան ոգի» եւ «Իրաւունքներ ունենալը յանդգնութիւն չէ»։

Էլպիս Կեսարացեանի անձնական կեանքին մասին գրեթէ ոչինչ յայտնի է։

Էլպիս Կեսարացեան այնուհետեւ շուրջ 15 տարի հեռացած է գրական հրապարակէն։ 1879-ին լոյս ընծայած է «Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս» գրքոյկը, ուր զետեղուած են անոր խրատական եւ մանկավարժական յօդուածները։

Մահացած է 1911-ին, Աղեքսանտրիա, 80 տարեկանին:

Անոր խօսքերէն՝

Կանայք նման են սոխակներուն, որոնք փոխանակ ինքնուրոյն երգելու, թոյլ կու տան ագռաւ-տղամարդոց հպարտութենէն փքանալու[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]