Եզնիկ Քհնյ. Տէր Յակոբեան

Եզնիկ Քհնյ. Տէր Յակոբեան
Ծնած է 1885
Մահացած է 13 Յունուար 1974(1974-01-13)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն հոգեւորական
Երեխաներ 7

Եզնիկ Քհնյ. Տէր Յակոբեան (1885, Ջոմախլու - 13 Դեկտեմբեր 1974, Պէյրութ), հայ քահանայ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւազանի անունով՝ Կարապետ, ծնած է Ջոմախլու, 1885-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Աստուածածին վանքը, որուն ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք, ինքզինք նուիրած է կրթական կեանքի։

Ան սրտի պարտք համարած է ծառայել իր վարժարանին։ Քանի մը տարի պաշտօնավարելէ ետք նոյն դպրոցին մէջ, նշանակուած է տնօրէն, զոր վարած է ձեռնհասօրէն։ Իսկ ժամանակ մը ետք ծննդավայրի եկեղեցւոյ համար դպրապետ նշանակուած է։

Իր վանական կրթութիւնն ու ուսումը արժեւորած է մեծապէս օգտակար դառնալով դպրոցին ու եկեղեցւոյ։

Տարիներ ետք, երբ Կարապետի նիւթական վիճակը բարելաւուած է, պատրաստուած է ամուսնութեան։

Ան ընտրած է իր կեանքի ընկերը, պսակուած է ծննդավայրին մէջ 1908-ին եւ ունեցած է եօթ զաւակներ։

1915-ին, երբ կը պայթի Ա. աշխարհամարտը, Կարապետ զինուորագրուած է ու բանակին ծառայած չորս տարի։

1922-ին ընտանեօք հաստատուած է Պէյրութ եւ մինչեւ 1935 թուական պաշտօնավարած է Ճիւնիի մէջ։ Ան իր եկեղեցական գիտելիքներով մեծապէս օգտակար դարձած է տեղւոյն հայ գաղութին։

Նախ նշանակուած է եկեղեցւոյ թաղական եւ ապա դպրոցին՝ հոգաբարձու։ Իր փորձառութեամբ կազմակերպած ու վերաշխուժացուցած է տեղւոյն հայ համայնքին կեանքը։

1970ական թուականներուն, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը յարմար նկատած է, որ ան քահանայագործէ Պէյրութի մէջ այնքան ատեն, որքան իր առողջութիւնը կը ներէ։ Հազիւ չորս տարի ծառայած, հիւանդացած է ու անկարելի եղած է քահանայագործել։

Տէր Եղնիկ խոր ծերութեան մէջ դադրած է քահանայագործելէ։ Վխճանած է 13 Դեկտեմբեր 1974-ին, Պէյրութի մէջ։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի ունեցած են Լիբանանի Առաջնորդին ձեռամբ, Պէյրութի Հայոց եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առիթով Սրբազանը իր դամբանականին մէջ վեր առած է տէր հօր արժանիքներն ու անձնուէր ծառայութիւնները։

Մարմինը ամփոփուած է Պէյրութի հայոց Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 151։