Jump to content

Եգիպտոսի դրօշ

Եգիպտոսի դրօշ
Տեսակ ազգային դրօշ
Իրաւասութեան տարածք Եգիպտոս
Նշան 🇪🇬
Յարաբերութիւն 3:2
Ընդունուած է 4 Հոկտեմբեր 1984
Գոյներ կարմիր, ճերմակ, սեւ և Դեղին (գոյն)
Պատկերուած է Սալահ ալ-Տինի արծիւ և դաշտ

Եգիպտոսի պետական դրօշը պաշտօնապէս ընդունուած է 4 Հոկտեմբեր 1984-ին, իսկ անկախ Եգիպտոսի առաջին դրօշը ընդունուած է 1923-ին թագաւորի հրամանով։

Եգիպտոսի դրօշը բաղկացած է՝ կարմիր, սպիտակ, սեւ գոյներէն հորիզոնական հաւասար շերտերով։ Դրօշի կեդրոնը պատկերուած է Սալատինի Արծուի զինանշանը։ Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ՝ պայքար գաղութային ռեժիմի դէմ։ Սպիտակ գոյնը՝ 1952-ին տեղի ունեցած յեղափոխութեան խորհրդանիշն է, այսպէս կոչուած «անարիւն յեղափոխութիւն», որ վերջ դրաւ միապետական իշխանութեան Եգիպտոսի մէջ։ Սեւ գոյնը կը նշանակէ՝ Մեծ Բրիտանիոյ գաղութային ռեժիմի ազդեցութեան եւ Եգիպտոսի ճնշման աւարտը։ Ոսկեգոյն արծիւը՝ Եգիպտոսի սուլթան Սալահ ատ Տինի խորհրդանիշն է, որ 12-րդ դարուն գլխաւորեց խաչակիրներու դէմ պայքարը։

Եգիպտոսի առաջին դրօշը եղած է կանաչ գոյնի, որուն վրայ պատկերուած էին կիսալուսին եւ երեք աստղեր։ Աւելի ուշ՝ 1958-ին, դրօշը փոխարինուեցաւ այժմ գոյութիւն ունեցող եռագոյնով։ Բայց այն ժամանակ սպիտակ գոյնի վրայ պատկերուած էին 2 կանաչ աստղեր, որոնք 1972-ին փոխարինուեցան ոսկեգոյն բազեով։ Իսկ 1984-ին դրօշը ունեցաւ իր վերջնական տեսքը՝ բազէն փոխարինուեցաւ Սալատինի ոսկեգոյն արծուի պատկերով։