Jump to content

Եգիպտացորեն (Կորեկ)

Եգիպտացորեն (Կորեկ) (Zea mays), մեծ հատիկներով բոյս, որ նախապատմական ժամանակաշրջանին կը մշակէին Կեդրոնական Ամերիկայի բնիկները։

Միամեայ խոտաբոյս է։

Կը բաժնուի ինը բուսաբանական խումբերու[1]։

Բարձրահասակ խոտաբոյս է, կը հասնի 3 մ բարձրութեան։ Արմատները կը խորանան մինչեւ 100-150 սմ։

Ցօղունը ուղղաձիգ է, 7 սմ տրամագիծով, առանց ներքի խոռոչի (ի տարբերութիւն հացաբոյսերէն շատերուն)։

Տերեւները կ'աճին իւրաքանչիւր հանգոյցէ, մեծ են, գծային, նշտարաձեւ, մինչեւ 10 սմ լայնքով եւ 1 մ երկայնքով։

Ցօղունին գագաթը կը վերջանայ արական ծաղկաբոյլի երկար փունջով[2]։

Եգիպտացորենին բարիքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակաօքսիտաններով հարուստ եգիպտացորենը շատ առողջապահական ուտելիք է, անիկա նաեւ կը պաշտպանէ քաղցկեղէ եւ այլ հիւանդութիւններէ:

Եգիպտացորենը կամ կորեկը սննդական մեծ արժէք եւ առողջարար յատկութիւններ ունի, ինչպէս նաեւ հարուստ է Ա. Պէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով:

Խաշած եգիպտացորենը օժտուած է հետեւեալ յատկանիշներով.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]