Jump to content

Եգիպտացիներուն Գործածած Կապոյտ Գոյնը

Եգիպտացիներուն գործածած կապոյտ գոյնը, պատրաստելու համար ներկի փոշին կը շինուէր:

Անիկա շատ աւելի աժան էր, քան` բնական նիւթերէ (թիւրքուազ կամ լափիս-լազիւլի քարերէն եկած) պատրաստուած փոշին, որ կը գնուէր հեռաւոր Ասիայէն:

Հին Եգիպտոսի մէջ փայտն ու քարերը յաճախ կապոյտ կը ներկուէին:

Ժամանակի ընթացքին մարդիկ դադրած են այս փոշին գործածելէ, եւ այս «եգիպտական կապոյտին» պատրաստութեան ձեւը մոռցուած է:

Միացեալ Նահանգներու մէջ գիտնականներ կրցած են վերստեղծել այս «Գերարուեստական» փոշին: Անոնք եգիպտական հին առարկաներուն վրայէն առած են ներկի նմուշներ, խառնուրդներ փորձած են, ապա պատրաստութեան տարբեր տեւողութիւններ եւ եփելու տարբեր աստիճաններ, մինչեւ որ վերջապէս կրցած են դարձեալ ստանալ ճիշդ «եգիպտական կապոյտը»[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]