Jump to content

Եաքութները

Եաքութները, կը կոչուին նաեւ սաքհա, ձիեր, կովեր, եղջերուներ բուծանողներ են, որոնք կ'ապրին Սաքհայի (կամ Եաքութի) մէջ, Ռուսիոյ ինքնավար հանրապետութիւններէն մէկը:

Անոնք կը ներկայացնեն Ռուսաստանի մեծագոյն բնիկ ժողովուրդներէն մէկը։ Անոնց բնակութեան տարածքը կը գտնուի Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Սիպերիոյ մէջ՝ յատկապէս Լենա գետի հովիտին:

Անոնք բնիկ թրքախօս ժողովուրդ մըն են:

Ցուրտ շրջաններու միւս բոլոր ժողովուրդներուն նման, անոնք շատ կապուած են իրենց սովորութիւններուն եւ իրենց մշակոյթին, իրենց լեզուին:

Անոնց Ճարտարապետութիւնը, ապրելակերպն ու մշակոյթը ձևաւորուած են կլիմայական խիստ պայմաններու ազդեցութեամբ։ Անոնց կրօնական աշխարհահայեացքին մէջ կարեւոր տեղ ունի շամանական հաւատքը, թէեւ այսօր շատերը քրիստոնեայ դարձած են։ Անոնք նշանաւոր ձիաբուծութեամբ, հովուական տնտեսութեամբ եւ եզակի ձեռագործ ստեղծագործութիւններով, ներառեալ արծաթագործութիւնը եւ փայտի փորագրութիւնը[1]։

Սախայի Հանրապետութիւնը ունի իր համալսարանը, թատրոնները, գրադարանները եւ լրատուամիջոցները, որոնք կը նպաստեն մշակոյթին շարունակականութեան[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]