Եադես
| Եադես | |
|---|---|
| Ծնողներ | հայր՝ Իանտաս, մայր՝ Վիօթիա |
Եադես (յուն․՝Υάδες )․ յունական դիցաբանութեան մէջ Եադես կը նշանակէ «անձրեւինը» οι της βροχής․ υώ = βρέχω /անձրեւել՝ հին յունարէն բայ։ Անոնք Նիմֆես էին եւ Բլիադեսներուն քոյրերն էին որ անձրեւ կը բերէին։
Դիցաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եադես Աթլանտային եւ Բլիոնիին (ըստ Իղինոսին) դուստրերն էին եւ կամ Էթրային՝ ըստ Օվիդոսի «Օրացոյց»ին Ημερολόγιο։ Իղինոս իր «Poeticon Astronomicon» գործին մէջ հաւանականութիւնը կու տայ թէ անոնք Վիօթիայի Իանտասին դուստրերն էին։
Եադես, եօթը Բլիադեսներուն հետ կը կազմեն 14 Աթլանտիդեսները, ծանօթ նաեւ որպէս Դօդօնիդես, որովհետեւ Դօդօնիին նիմֆեսներն էին եւ անոնց խնամքին վստահուած էր մանուկ Դիոնիսոսին խնամքը՝ ունենալով Զեւսին վստահութիւնը։
Երբ Իանտաս որսորդութեան ընթացքին արկածի հետեւանքով կը մահանայ (ուրիշ վարկածով առիւծէ մը), Եադես իրենց տխրութենէն անդադար կու լային։ Աստուածները մեղքցան եւ անոնց աստղերու վերածեցին։ Ուրիշ վարկածի մը համաձայն, Զեւս անոնց աստղերու վերածեց որպէս վարձատրութիւն աստուած մը՝ Դիոնիսոս, խնամելուն համար։ Աստղաբանութեան մէջ ծանօթ է «Ցրուած աստղային կուտակումներ» Եադես աստղերուն, ցուլի մը գլխուն վրայ համանուն կենդանակերպին։ Եւ իրապէս, այս աստղախումբին յայտնութիւնը արեւածագէն առաջ, Միջերկրականի աւազանի երկիրներուն կը նախապատկերէր ամէն տարի չոր ամառուան վերջը եւ առաջին անձրեւները։
Անոնց անունները կը տարբերին առասպելագրողներուն մօտ։ Գերիշխող տարբերակը անոնց անունները կը նշէ որպէս՝ Ֆաոլա, Ամվրոսիա, Էվդօրա, Գորօնիս եւ Բոլիքսօ։ Այդ անուններուն վրայ յաճախ կ՛աւելնան Թիօնի եւ Բրոդիքի։
Իսիոդոսին համաձայն Եադես հինգ էին՝ Ֆէսիլի, Գորօնիս, Գլեիա կամ Գլիօ, Ֆէօ եւ Էվդօրա։ Ըստ Թալիս Միլիսեցիին անոնք միայն երկու էին, իսկ Էվրիբիդիսին համար անոնք երեք էին՝ Ֆիլիա, Գորօնիդա եւ Գլիս։