Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը (մանկապատանեկան վիպակ)
| Հեղինակ | Մարիօ Ռամոս |
|---|---|
| Թարգմանիչ | Արուսեակ Քոչ |
| Լեզու | Ֆրանսերէն (բնագիր) |
| Ոճ | Մանկապատանեկան վիպակ |
| Հրատարակող |
PASTEL (Հրատարակչութիւն) Զարդիս Մատենաշար (Հրատարակչութիւն) |
Հրատարակչական թուական | Հոկտեմբեր 2001 |
Հրատարակուած Հայերէնով | 2019 Զարդիս (հայերէն) |
Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը. մանկապատանեկան վիպակ: Հեղինակն է Մարիօ Ռամոս։ Վէպը «C'est moi le plus fort» առաջին անգամ կը հրատարակուի «Pastel» հրատարակչատան կողմէն Հոկտեմբեր 2001-ին։ Հայերէնի թարգմանուած է Արուսեակ Քոչին կողմէն Յունիս 2019-ին, Զարդիս Մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։
Նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենդանիներու աշխարհին մէջ գայլը կը փորձէ հասկնալ թէ անտառին բնակիչները ինչ կը խորհին իր մասին։
Կուշտ ու կուռ կերած, խմած ու կշտացած, մարսողութեան համար անտառին մէջ պտոյտի կ՛ելլէ։ Ան կը մտածէ թէ այդ պտոյտը առիթ մըն է իմանալ մնացեալ կենդանիներուն կարծիքը իր հանդէպ։ Կերածը մարսելու պտոյտին ընթացքին հանդիպող կենդանիին հետեւեալ հարցումը կ՛ընէր․- «․․․ ըսէ՛ տեսնեմ, ո՞վ է ամենէն ուժովը»։ Վերջապէս կը հանդիպի իրմէ աւելի ուժովին ․․․։
Ստեղծարար գրագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը կը գործածուի հայկական դպրոցներուն մէջ նաեւ իբրեւ դասագիրք։ Պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր (5 բաժիններով եւ 23 վարժութիւններով) եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։