Jump to content

Ե­րուանդ Ա­զա­տեան

Ե­րուանդ Ա­զա­տեան
Ծնած է 13 Մայիս 1935(1935-05-13)[1]
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 25 Մարտ 2023(2023-03-25)[2] (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Մայամի, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Նորթ Իսթըրն ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Ուէյն Սթէյթ ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հրապարակախօս, հանրային գործիչ
Անդամութիւն Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Երուանդ Նազարէթ Ազատեան (Էտմոնտ Կոտալազեան, 13 Մայիս 1935(1935-05-13)[1], Պէյրութ, Լիբանան - 25 Մարտ 2023(2023-03-25)[2], Մայամի, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]), Ամերիկաբնակ յայտնի մտաւորական, գրականագէտ, հասարակական գործիչ:

Երուանդ Ազատեան աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, 1958 թուականին, Պոսթընի «Նորթ Իսթըրն» եւ Տիթրոյիթի «Ուէյն Սթէյթ» համալսարանները, 1973 թուականին:

Մամուլի խմբագրական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երուանդ Ազատեան մեծ ներդրում ունեցած է սփիւռքահայ մամուլի զարգացման կանոնաւոր ընթացքի մէջ` 1954-1958 թուականներուն ան եղած է Պէյրութի «Զարթօնք-սփոր» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիրը, իսկ 1959-1967 թուականներուն՝ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի խմբագրապետը:

Խմբագրական գործունէութիւնը 1960-ականներու վերջերէն արդէն շարունակած է Արեւմուտքի մէջ, 1967-1972 թուականներուն, ըլլալով Պոսթընի «Պայքար» հաստատութեան վարիչ-տնօրէնը, «Պայքար» գրական եռամսեայ հանդէսի եւ «Տը Արմենիըն Միրըր Սփէքթաթէօր» թերթի խմբագրակազմերու անդամ:

Երուանդ Ազատեան 1971 թուականէն ի վեր Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթի, 1986 թուականէն ի վեր՝ Նիւ Եորքի «Արարատ» (անգլերէն) հանդէսի, 1991 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանի «Ազգ» օրաթերթի, 2006 թուականէն ի վեր՝ Պէյրութի «Կամար» գրական հանդէսի հիմնադիրներէն եւ գլխաւոր աշխատակիցներէն է:

ՀԲԸՄ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մշակութային կառոյցներէն ներս, եղած է ազգային մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանի անձնական գրասենեակի վարիչը, իսկ 1972 1997 թուականներուն` ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային հիմնադրամի ատենապետը, Տիթրոյիթի «Հայ մշակոյթի ժառանգութիւն» (անգլերէն) ձայնասփիւռային ծրագրի տնօրէնը, նաեւ Տիթրոյիթի ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետը:

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան հեղինակ է «Կեանք ու երազ Հայաստան» (1964 թուական, ուղեգրութիւններ), «Գրական-գեղարուեստական սեւեռումներ» (1988 թուական), «Դիմանկարներ եւ դիմաստուէրներ» (անգլերէն, 1995 թուական) գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու, «Պատմութիւնը ընթացքի մէջ» (քննասիրութիւն, անգլերէն, 1999 թուական), «Դիտումներ եւ դատումներ» (2006 թուական, հրապարակագրութիւն), Վահան Թէքէեանի «Հատընտիր» եւ «Perspectives Armniennes»` իր յօդուածներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբագրած է Վահան Թէքէեանի փունջ մը քերթուածներու հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու հրատարակութիւնը [3]:

Սփիւռքի մէջ շատ հայ ընթերցող չմնաց եւ ատոր համար ես ստիպուած եմ անգլերէն գրել:
- Երուանդ Ազատեան


Մեծ է իր վաստակը սփիւռքի մէջ։ Բազմակողմանիօրէն ան իր նպաստը բերած է սփիւռքի գաղութներուն յատկապէս Ալեք Մանուկեան Հիմնադրամի գծով 25 տարիներ: Որպէս մտաւորական, գրական քննադատ, արուեստի քննադատ, խմբագիր, հրապարակագիր օժտուած է ու բազմատաղանդ։ Տակաւին կ'արտադրէ իր 85 տարեկան հասակին։


24 Փետրուար 2022-ին, տեղի ունեցաւ Երուանդ Ազատեանի «Ազգային-Քաղաքական Յորձանուտի Մէջ» երկհատորեայ գրքի շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Առաջնորդ Յոհնան արք. Տէրտէրեանը։[4]

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) ամենաբարձր մակարդակներու վրայ:

Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան անդամ է Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ յաճախակի այցելութիւններով` Հայաստան եւ այլ երկիրներ, սերտ կապեր հաստատած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան միջեւ:

Պարգեւներ եւ Պատուոյ Տոքթորի կոչում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Պարգեւատրուած է՝ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» հայրապետական շքանշանով, ձեռամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
  • Արժանացած է՝ «Մովսէս Խորենացի» նախագահական եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան մետայլներուն։
  • Արժանացած է՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Պատուոյ տոքթորի կոչումին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]