Jump to content

Դպրոցասէր Տիկնանց Միութիւն

Դպրոցասէր Տիկնանց Միութիւն
Տեսակ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն
Հիմնադրուած 1879
Գլխաւոր գրասենեակ Պոլիս, Թուրքիա

Դպրոցասէր Տիկնանց Միութիւն, Հաստատութիւն, որ հիմնուած է 1 Մայիս 1879-ին։ Միւոթիւնը հիմնուած է գաւառներուն համար հայ վարժուհիներ հասցնելու եւ պատրաստելու նպատակով։ Հիմնադիրները եղած են՝ տիկին Արմաւենի Մինասեան, օր. Թագուհի Պալթազուրեան եւ Նուրիկ Սիմոնեան։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համիտեան բռնապետութեան շրջանին վարժուհինոցը փակուած է: 1908-ին նախկին շրջանի սանուհիներէն տիկիններ Ա. Պօյաճեան, Ե. Ռուրէն եւ Ս. Կարիկեան, հիմնադիր Օր. Պալթազարեանի հետ վերակազմած են ընկերութիւնը:

Ընդհանուր պատերազմի տարիներուն Դպրոցասէրը պահախ է իր հաստատութիւնը, իրեն վերապահուած ըլլալով աւելի լայն գործունէութիուն մը զինադադարէն վերջ: Այդ շրջանին, աւելի քան 500 որբուհիներ, կը պատսպարէ, անոնց տալով նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն։

1922-ի վերջերը, ուրիշ որբախնամ մարմիներու պէս, Դպրոցասիրացն ալ իր որբերու պաշտպանութեան հոգը յանձնած է ՆիհրԻսթ-Ռըլիֆին:

Ի վերջոյ կեդրոնի որոշումով Սելանիկի մէջ վերաբացուած է վարժարանը 1923-ին, որ 9 տարուան շրջան մը բոլորած է արտասահմանի մէջ։

1 տարի Սելանիկ, 4 տարի Մարսէյլ եւ 1928-էն ետք Փարիզի մօտ, Ռէնսի:

Դպրոցասէրը ունեցած է Արհեստանոց չափահասներու եւ նախակրթարան՝ անչափահասներու համար: Որբերէն շատեր ինքնաբաւ դարձած են եւ տեղաւորուած զանազան պաշտօններու մէջ:

180-ն ամուսնացած են, կազմելով ընտանեկան յարկեր: Ինը տարուան ընթացքին Դպրոցասէրը տուած է 90 շրջանաւարտուհիներ:

Մեծ դեր կատարած է նաեւ«Սանուց Միութիւն»ը: Իր յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ որոշած է բանալ մանկապարտէզներ: Մասնաճիւղեր կազմուած են բազմաթիւ քաղաքներու մէջ:

1937 թուականէն, Դպրոցասեր Կանանց Միութեան խնամակալութիւնը ստանձնած է ՀԲԸՄ-ը։