Դովեղա վանք

Դովեղա, վանք Դովեղ գիւղի մօտ. շինուած ամբողջապէս սրբատաշ քարերով: Եկեղեցւոյ դրան ճակատը կայ շինութեան յիշատակարանը, որ կը ցուցնէ թէ 1845-ին հիմնուած է եւ աւարտած 1849-ին, տրիւք բարեպաշտից եւ վերակացութեամբ Տփխիսեցի Եսայեան Նուրենց: Վանքին հիւսիսակողմը Ս. Կիւրակէ անուամբ մատուռ մը կայ: Ս. Սարգիս (Դովեղա) վանքին մօտ շինուած են ուխտաւորներու քանի մը սենեակներ: Մեծ բազմութիւն մը ուխտի կու գայ հոս Ս. Զատիկին:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1939, էջ 601