Jump to content

Դիւանագիտութիւն

Դիւանագիտութիւն հաղորդակցութիւնն է պետական, միջկառավարական կամ ոչ-կառավարական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ նպատակ ունենալով ազդել միջազգային համակարգին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ։[1][2]

Դիւանագիտութիւն արտաքին քաղաքականութեան հիմնական գործիքն է՝ որ կը ներկայացնէ աւելի ընդարձակ նպատակներն ու ռազմավարութիւնները որոնք կ՚առաջնորդեն պետութեան մը փոխազդեցութիւնները աշխարհի մնացեալ մասին հետ։ Միջազգային պայմանագիրներ, համաձայնագիրներ, դաշինքներ եւ միջազգային յարաբերութիւններու այլ դրսեւորումներ սովորաբար դիւանագիտական բանակցութիւններու եւ գործընթացներու արդիւնքն են։ Դիւանագէտներ նաեւ կրնան օգնել պետութիւն մը ձեւաւորելու՝ կառավարական պաշտօնեաներու խորհուրդ տալով։

Ժամանակակից դիւանագիտական մեթոտներ, փորձառութիւններ եւ սկզբունքներ մեծապէս ծագում ունեցան 17-րդ դարու Եւրոպական սովորութիւններէն։ 20-րդ դարու սկիզբէն սկսեալ՝ դիւանագիտութիւնը մասնագիտացաւ. 1961-ի Վիեննայի Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Համաժողովի ընթացքին, վաւերացուած աշխարհի ինքնիշխան պետութիւններուն մեծ մասին կողմէ, շրջագիծ մը կու տայ դիւանագիտական ընթացակարգերու, մեթոտներու եւ վարքագծին համար։ Դիւանագիտութեան մեծ մասը այժմ կը վարուի հաւատարմագրուած պաշտօնեաներու կողմէ, ինչպիսիք են արտակարգ դեսպաններ եւ դեսպաններ, յատուկ արտաքին գործերու գրասենեակի մը միջոցով։ Դիւանագէտներ կը գործեն դիւանագիտական առաքելութիւններու միջոցով, առաւել սովորաբար հիւպատոսարաններ եւ դեսպանատուններ, եւ կը յենին օժանդակ անձնակազմի մը վրայ. «դիւանագէտ» ուստի երբեմն լայնապէս կը կիրարկուի դիւանագիտական եւ հիւպատոսական անձնակազմին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն վրայ։[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Trager Robert F. (2016)։ «The Diplomacy of War and Peace»։ Annual Review of Political Science (անգլերեն) 19 (1): 205–228։ ISSN 1094-2939։ doi:10.1146/annurev-polisci-051214-100534
  2. Ronald Peter Barston, Modern Diplomacy, Pearson Education, 2006, p. 1
  3. "The Diplomats" in Jay Winter, ed. The Cambridge History of the First World War: Volume II: The State (2014) vol 2 p 68.