Jump to content

Դիմայարդարման Արտադրանքներ

Դիմայարդարման Արտադրանքներ, նիւթեր, որոնք նախատեսուած են մարմինին վրայ գործածուելու՝ զայն մաքրելու, գեղեցկացնելու, հրապուրիչ դարձնելու կամ արտաքին տեսքը փոխելու նպատակով։

Անոնք քիմիական միացութիւններու խառնուրդներ են, որոնք ստացուած են կա՛մ բնական աղբիւրներէ, կա՛մ ստեղծուած են համադրական եղանակով։

Այս արտադրանքները կը ծառայեն զանազան նպատակներու, ներառեալ անձնական խնամքն ու մորթի խնամքը։ Անոնք կրնան նաեւ գործածուիլ մորթի թերութիւնները ծածկելու եւ բնական յատկանիշները, ինչպէս՝ յօնքերը եւ թարթիչները, աւելի ընդգծելու համար[1]։

Մարդիկ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը գործածեն դիմայարդարման նիւթեր՝ մորթի խնամքի եւ արտաքին տեսքի բարելաւման նպատակով։

Դարերու ընթացքին թէ՛ կիներու եւ թէ՛ այրերու կողմէ գործածուող տեսանելի դիմայարդարման նիւթերու գործածութիւնը երբեմն տարածուած, երբեմն ալ՝ նորաձեւութենէ դուրս եղած է[2]։

Վաղ շրջանի դիմայարդարման որոշ նիւթեր կը պարունակէին վնասակար բաղադրիչներ, ինչպէս՝ կապարը, որ առողջական լուրջ խնդիրներու պատճառ կը դառնար եւ երբեմն մահուան կը յանգեցնէր։

Ժամանակակից առեւտրային դիմայարդարման նիւթերը, ընդհանուր առմամբ, անվտանգութեան տեսանկիւնէն կը փորձարկուին, սակայն կրնան պարունակել վիճելի բաղադրիչներ։

Եւրոպական Միութիւնը եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու կարգաւորող մարմինները խիստ կանոնակարգեր կը կիրարկեն դիմայարդարման նիւթերու նկատմամբ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ դիմայարդարման արտադրանքներն ու անոնց բաղադրիչները Սնունդի եւ Դեղերու վարչութեան (FDA) կողմէ նախապէս հաստատման ենթակայ չեն, թէեւ շուկայի մէջ գտնուող արտադրանքները կը վերահսկուին՝ անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

Որոշ երկիրներ արգիլած են դիմայարդարման նիւթերու համար կենդանիներու վրայ փորձարկումները:

Սահմանում եւ ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եգիպտոսի թագուհի Նեֆերթիթիի կիսանդրին, որ կը ցուցադրէ քոլով պատրաստուած աչքի գիծի գործածութիւնը։

1889-ին Հենրի տը Թուլուզ-Լոթրէքի նկարը, ուր կին մը դէմքի դիմայարդարման նիւթեր կը գործածէ։

«Cosmetics» բառը ծագած է յունարէն «κοσμητικὴ τέχνη» (kosmetikē tekhnē) արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ «յարդարանքի եւ զարդարանքի արուեստ»։ Անիկա կու գայ «κοσμητικός» (kosmētikos) բառէն, որ կը նշանակէ «դասաւորելու կամ կարգաւորելու մէջ հմուտ», իսկ աւելի խոր՝ «κόσμος» («kosmos») բառէն, որ կը նշանակէ «կարգ» եւ «զարդարանք»։

Թէեւ ընկերային առումով անոնք յաճախ կը կոչուին «դիմայարդարման նիւթեր», դիմայարդարանքը մասնագիտական իմաստով կը ներառէ այն նիւթերը, որոնք կը գործածուին դէմքի գոյնը, մորթը, մազերը կամ ակռաները մաքրելու կամ անոնց տեսքը փոխելու համար։ Այսպիսով, նոյն հասկացութեան ներքեւ կ՚ընդգրկուին նաեւ աչքի ստուերները, ակռաներու սպիտակեցման երիզները եւ անուշահոտերը։

Միացեալ Նահանգներու մէջ դիմայարդարման նիւթերը կարգաւորող Սնունդի եւ Դեղերու վարչութիւնը (FDA) զանոնք կը սահմանէ իբրեւ արտադրանքներ, որոնք «նախատեսուած են մարդու մարմինին վրայ գործածուելու՝ առանց մարմինի կառոյցին կամ գործառոյթներուն ազդելու»։ Այս սահմանումը կը ներառէ նաեւ դիմայարդարման արտադրանքի մը բաղադրիչ ըլլալու համար նախատեսուած որեւէ նիւթ։ «FDA»ն այս ստորոգութենէն մասնաւորապէս կ'անջատէ մաքուր օճառը։

Եւրոպական Միութիւնը դիմայարդարման արտադրանքը կը սահմանէ իբրեւ «որեւէ նիւթ կամ խառնուրդ, որ նախատեսուած է մարդու մարմինի արտաքին մասերուն՝ ներառեալ մորթին, մազերուն, եղունգներուն, շրթունքներուն եւ արտաքին սեռային օրկաններուն, կամ ակռաներուն եւ բերանի խոռոչի լորձաթաղանթներուն հետ շփման մէջ դրուելու համար»՝ զանոնք մաքրելու, անուշահոտելու, անոնց արտաքին տեսքը փոխելու, պաշտպանելու, լաւ վիճակի մէջ պահելու կամ մարմինի հոտերը բարելաւելու նպատակով։

Քանատայի մէջ դիմայարդարման նիւթերը կը սահմանուին իբրեւ «որեւէ նիւթ կամ նիւթերու խառնուրդ, որ պատրաստուած, վաճառուած կամ ներկայացուած է դէմքի, մորթի, մազերու կամ ակռաներու մաքրման, բարելաւման կամ փոփոխութեան համար»։ Այս սահմանումը կը ներառէ նաեւ հոտազերծիչներն ու անուշահոտերը։ Քանատական սահմանումը կը ներառէ նաեւ ձեռքի օճառը, ի տարբերութիւն «FDA»ի սահմանումին, ինչպէս նաեւ ձեռագործ դիմայարդարման նիւթերը։

Չինաստանի մէջ դիմայարդարման նիւթերու իրաւական սահմանումը աւելի բարդ է։ Ըստ այդ սահմանումին՝ անոնք քիմիական արտադրանքներ են, որոնք մարդու մարմինի որեւէ մասին՝ ինչպէս մորթին, մազերուն, եղունգներուն եւ շրթունքներուն, կը գործածուին քսելու, ցանելու կամ նման այլ եղանակներով՝ մարմինի մաքրութիւնը պահպանելու, անցանկալի հոտերը վերացնելու, մորթը պաշտպանելու կամ արտաքին գեղեցկութիւնը բարձրացնելու նպատակով։ Բերանի խնամքի բոլոր արտադրանքները այս սահմանումէն դուրս կը մնան։

Դիմայարդարման նիւթերը նաեւ կը բաժնուին երկու հիմնական խումբերու՝ յատուկ գործածութեան եւ ոչ յատուկ գործածութեան։ Յատուկ գործածութեան նիւթերուն մէջ կը մտնեն մազերու խնամքի արտադրանքները, հոտազերծիչները, մորթի սպիտակեցման նիւթերը, արեւապաշտպանները եւ ծերացումը դանդաղեցնող արտադրանքները։ Անոնք աւելի խիստ կանոնակարգումներու ենթակայ են եւ արտադրութեան համար վարչական արտօնագիր կը պահանջեն։ Ոչ յատուկ գործածութեան դիմայարդարման նիւթեր կը նկատուին բոլոր այն արտադրանքները, որոնք յատուկ գործածութեան նիւթեր չեն եւ անոնք իրենց կարգին կրնան բաժնուիլ տեղական եւ ներմուծուած դիմայարդարման արտադրանքներու։

Դիմայարդարման նիւթերը գործածուած են հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Հին եգիպտացիներն ու շումերները զանոնք կը գործածէին։ Եւրոպայի մէջ դիմայարդարման նիւթերու գործածութիւնը կը շարունակուի նաեւ Միջին դարերուն, երբ դէմքը կը սպիտակեցուէր, իսկ այտերը՝ կը կարմրցուէին։

Ժամանակի ընթացքին, դիմայարդարման նկատմամբ վերաբերմունքը տարբեր եղած է, եւ արեւմտեան պատմութեան բազմաթիւ հանգրուաններուն անոր բացայայտ գործածութիւնը կը դատապարտուէր։ Այդուհանդերձ, ընկերային վերաբերմունքներու փոփոխութենէն անկախ, մարդիկ դիմայարդարման նիւթերու միջոցով յաճախ կը հասնէին արտաքին տեսքի իրենց նախընտրած իտէալներուն։

Ըստ մէկ աղբիւրի՝ դիմայարդարման նիւթերու վաղ շրջանի կարեւոր զարգացումներէն են՝

  • Քոլը, որ կը գործածուէր հին եգիպտացիներուն կողմէ։
  • Գերչակի (Տզկանեփ) իւղը, որ հին Եգիպտոսի մէջ կը գործածուէր նաեւ իբրեւ պաշտպանիչ բալասան։
  • Մորթի քսուքները, որոնք պատրաստուած էին մեղրամոմէ, ձիթապտուղի իւղէ եւ վարդաջուրէ եւ որոնց մասին կը գրեն հռոմէացիները։
  • Վազելինը, որ կը սկսի գործածուիլ ԺԹ. դարուն։

Պատմականօրէն, դիմայարդարման նիւթերու արտադրութեան եւ գործածութեան նկատմամբ կանոնակարգման բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ այս նիւթերու մարդկային մարմինի վրայ ազդեցութիւններուն մասին գիտական գիտելիքներու սահմանափակ ըլլալը, երկար ժամանակի ընթացքին կը յանգեցնեն օգտագործողներու առողջութեան բազմաթիւ բացասական հետեւանքներու։ Անոնց շարքին կային մարմինի այլափոխումներ, կուրութիւն եւ կարգ մը պարագաներու՝ մահ։

Թէեւ գործածուած էին նաեւ անվնաս արտադրանքներ, ինչպէս՝ հատապտուղներ եւ ճակնդեղ, այդ ժամանակաշրջանի բազմաթիւ դիմայարդարման նիւթեր քիմիականօրէն կասկածելի եւ նոյնիսկ թունաւոր էին։ Վնասակար դիմայարդարման տարածուած գործածութեան օրինակներէն էր սպիտակ կապարը (ceruse) տարբեր մշակոյթներու մէջ, ներառեալ Վերածննդեան շրջանի Արեւմուտքը։ Իսկ քսաներորդ դարու սկիզբը «Lash Lure» թարթիչի ներկի գործածութիւնը կուրութեան պատճառ դարձած էր։

Կապարը իբրեւ դիմայարդարման նիւթ գործածուած է առնուազն ԺԸ. դարէն ի վեր՝ այն կիներուն համար, որոնք զայն ամէն օր կը գործածէին՝ գունատ դէմքի մը հասնելու եւ այդպիսով ազնուական դասակարգին պատկանելու տպաւորութիւն ստեղծելու համար, կրնար մահացու ըլլալ, քանի որ արեւէն մգացած մորթը աշխատաւոր դասակարգին հետ կը կապուէր։ Կապարը կրնայ լուրջ վնաս հասցնել մարդու առողջութեան եւ մահուան պատճառ դառնալ, իսկ քացախի հետ խառնուելու պարագային անոր ներծծումը մորթին ընդմէջէն կը դիւրանայ։

ԺԹ. դարուն, կապարային կարմիր եւ սպիտակ դիմայարդարման նիւթերու եւ փոշիներու նորաձեւութեան պատճառով կ'արձանագրուին կապարային թունաւորման բազմաթիւ պարագաներ։ Անոնք կը յանգեցնէին աչքերու ուռեցքի եւ բորբոքման, եւ մորթի սեւացման։ Ծանր գործածութիւնը կրնար նաեւ մահուան պատճառ դառնալ։ Սպիտակ կապարի գործածութիւնը միայն Արեւմուտքով սահմանափակուած չէր։ Ճափոնի մէջ «օշիրոյ» (oshiroi) անունով ծանօթ սպիտակ դէմքի դիմափոշին եւս կը պատրաստուէր սպիտակ կապարով։

ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին դիմայարդարման արտադրութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած գիտական յառաջդիմութիւնները կը նպաստեն վնասակար նիւթերէ, ինչպէս՝ կապարէ զերծ դիմայարդարման արտադրանքներու ստեղծման։

ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին դիմայարդարման նկատմամբ գերիշխող վերաբերմունքներու փոփոխութիւնը պատճառ կը դառնայ դիմայարդարման արդիւնաբերութեան լայն տարածման։

1882-ին, անգլիացի դերասանուհի եւ ընկերային կեանքի նշանաւոր դէմք «Լիլի Լանկթրին» Լոնտոնի «Pears» վաճառանիշին համար կը դառնայ առաջին գովազդային դէմքը, որ իր անունը կը տրամադրէ առեւտրային արտադրանքի մը։ Ան թոյլ կու տայ, որ իր անունը գործածուի դէմքի դիմափոշիներու եւ մորթի խնամքի արտադրանքներու վրայ։

1910-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ շուկայի զարգացման կը նպաստեն «Էլիզապէթ Արտըն», «Հելենա Ռուպընշթայն» եւ «Մաքս Ֆաքթըր» ընկերութիւնները, որոնց քիչ մը աւելի ուշ կը միանայ «Ռեվլոն»ը՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն առաջ, իսկ «Էսթէ Լոտըր»ը՝ պատերազմէն ետք։

Ի. դարու կէսերուն դիմայարդարման նիւթերը լայնօրէն գործածուած էին աշխարհի գրեթէ բոլոր արդիւնաբերական հասարակութիւններուն մէջ ապրող կիներուն կողմէ, իսկ քսանմէկերորդ դարու սկիզբին դիմայարդարման արդիւնաբերութիւնը վերածուած էր բազմամիլիառանոց բնագաւառի։

Դիմայարդարման նիւթերու գործածութեան աւելի լայն ընդունումը որոշ անձերու մօտ կը ստեղծէ այն տեսակէտը, թէ դիմայարդարանքը կիներու նկատմամբ գործադրուող ճնշման եւ անարդար ընկերային չափանիշներու պարտադրման գործիք մըն է։

1968-ին, ֆեմինիզմի «Միս Ամերիկա»ի բողոքի ցոյցին ընթացքին, ցուցարարները խորհրդանշական կերպով կիներու զանազան արտադրանքներ կը նետեն «Ազատութեան աղբաման» կոչուած զամբիւղի մը մէջ։ Դիմայարդարման նիւթերը այդ իրերուն շարքին էին, որոնք ցուցարարները կը նկատէին «կիներու խոշտանգման գործիքներ» եւ պարտադրուած կանացիութեան խորհրդանիշներ։

2016-ի դրութեամբ աշխարհի մեծագոյն դիմայարդարման ընկերութիւնն էր «Լորէալ»ը, որ 1909-ին հիմնադրուած էր Էօժէն Շիւելլէրի կողմէ՝ «Société Française de Teintures Inoffensives pour Cheveux» անունով։ Ընկերութեան սեփականութեան բաժնետոմսերէն 26 տոկոսը պատկանած էր Լիլիան Բեթանքուրին, 28 տոկոսը՝ «Նեսթլէ»ին, իսկ մնացեալ 46 տոկոսը հրապարակային վաճառքի մէջ էր։

Թէեւ ժամանակակից դիմայարդարանքը աւանդաբար գլխաւորաբար կիներու կողմէ գործածուած է, այրերն ալ դիմայարդարում կը գործածեն իրենց դիմագիծերը ընդգծելու, մորթի թերութիւնները կամ աչքերու տակ մուգ շրջանակները ծածկելու նպատակով։ Միացեալ Նահանգներու նման երկիրներու մէջ դիմայարդարում գործածող այրերու նկատմամբ բացասական վերաբերմունքը տարիներու ընթացքին թոյլցած է, իսկ ԻԱ. դարուն, դիմայարդարում գործածող այրերու թիւը աճած է։ Դիմայարդարման ընկերութիւնները իրենց արտադրանքի վաճառքին մէջ աւելի ու աւելի յաճախ թիրախաւորած են այրերը եւ սկսած են յատկապէս անոնց համար նախատեսուած արտադրանքներ առաջարկել։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]