Դիլիջան-Սևան թունել

Դիլիջան-Սեւան թունել, ինքնաշարժներու յատուկ թունել (փապուղի) Հայաստանի մէջ։ Մ 4 ճանապարհով իրարու կը կապէ Տաւուշի մարզի հարաւ-արեւմուտքը եւ Գեղարքունիքի մարզի հիւսիս-արեւելքը[1]։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Դիլիջանի թունելի շինարարութիւնը սկսած է 1970 թուականին, բայց 1992 թուականին դադրած է նիւթականի պատճառով։ Վերսկսուած շինարարութեան նիւթականը ապահովուած է «Լինսի» հիմնադրամը՝ յատկացնելով 6,7 միլիոն տոլար։ Թունելի երկարութիւնը 2257 մեթր է, լայնութիւնը՝ 8 մեթր, բարձրութիւնը՝ 5 մեթր։ Թունելի իւրաքանչիւր ծայրին մէջ կը գտնուին յատուկ ծառայութիւններ, որոնց մարդիկ կրնան դիմել անսարքութիւն նկատելու պարագային[2]։
Նշանակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունելը կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունի ՏՐԱՍԵԿԱ ծրագիրի իրականացման համար։ Թունելը հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ քանի մը քիլոմեթրով կրճատել մինչեւ հայ-վրացական սահմանը եղած հեռաւորութիւնը՝ օգնելով շրջանցել Սեւան-Դիլիջան վտանգաւոր լեռնանցքը։