Դիլիջանի Միջազգային Դպրոց

Դիլիջանի միջազգային դպրոց
անգլերէն՝ United World College Dilijan
Պատկեր:Դիլիջանի միջազգային դպրոցի լոգո.jpg
Տեսակ Գիշերօթիկ դպրոց
Կարգախօս Բարեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոց
Հիմնադրուած է 2014
Աշակերտներ 650
Դասարաններ 11-12
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Դիլիջան
Հասցէ 7 Getapnya Street
Կայքէջ uwcdilijan.org
Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը գտնվում է Հայաստանում
Դիլիջանի Միջազգային Դպրոց

Դիլիջանի միջազգային դպրոց (անգլերէն՝ United World College Dilijan, Dilijan International School), միջազգային համագործակցութեամբ անգլիական միջին դպրոց մը, Cambridge IGCSE* եւ IB Diploma* ուսումնական ծրագիրներով, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի սահմանագիծին՝ Դիլիջանի մէջ, Հայաստան։ Երեւանէն եւ Թիֆլիսէն մէկ ու կէս ժամուան հեռաւորութեան վրայ, տարածութիւնը աւելի քան 88 հեքթար հողատարածք է։

Դպրոցին մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքին համայնապատկերը

Դիլիջանի միջազգային դպրոցին նախագիծին հիմնադիրներն են ռուսաստանաբնակ գործարար եւ բարերար՝ Ռուբէն Վարդանեանն ու կինը։ Դպրոցին հոգաբարձուներուն խորհուրդի անդամներն են՝ կրթութեան ոլորտի եւ առեւտուրի ականաւոր ներկայացուցիչներ, ԱՄՆ-էն, Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Շուէտէն, եւ Ճափոնէն։

Առաքելութիւն, նպատակ եւ հարցեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Դիլիջան միջազգային դպրոց»ը շահութաբեր նպատակներ չի հետապնդեր։Այս դպրոցը, որուն առաքելութիւնը «ուսումը ազգերը եւ մշակոյթները միացնող ուժի մը վերածելն է խաղաղութեան համար, հիմնական արժէք կը նկատէ մտային, ֆիզիքական, զգացական, հոգեւոր եւ կենսոլորտային զարգացման բոլոր երեւոյթներու տեւական գերազանցութիւնը[1]:

Այս նախագիծին առաքելութիւնն է՝

  1. Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին հիմնել ժամանակակից միջազգային դպրոց մը,
  2. Միջազգային որակեալ կրթութիւնը դարձնել հասանելի երիտասարդներու համար՝ անկախ ազգութենէն եւ անոնց ծնողներուն նիւթական հնարաւորութիւններէն,
  3. Ուսանողներուն տրամադրել բազմակողմանի կրթութիւն, որ կ'ապահովէ նոր հնարաւորութիւններ անոնց համար,
  4. Նախապատրաստել ուսանողները՝ ընդունուելու աշխարհի լաւագոյն համալսարանները,
  5. Ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ հաստատել լիարժէք երկխօսութիւն,
  6. Ուսանողներուն մէջ սերմանել մշտական ինքնակատարելագործման գիտակցութիւն եւ ձգտում։

Դիլիջանի միջազգային դպրոցին հիմնական նպատակներն են՝

  1. Հ.Հ. կրթական համակարգին համար որակապէս նոր կողմնորոշիչներու սահմանումը,
  2. Տարածաշրջանին ընկերա-տնտեսական իրավիճակին բարելաւումը,
  3. Դիլիջանի բնապահպանական կայուն զարգացումը,
  4. Դիլիջանի ենթակառուցուածքներուն վերանորոգումը խթանել եւ նպաստել անոր զարգացման։

Տուեալ նախագիծին հիմնական նպատակներուն հասնելու համար սահմանուած են մարտավարական եւ ռազմավարական նպատակներ։

Դիլիջանի միջազգային դպրոցին ռազմավարական հարցերն են՝

  1. Դիլիջան քաղաքին նոր գլխաւոր յատակագիծին եւ զարգացման հայեցակարգին մշակումը եւ հաստատումը՝ նկատի առնելով քաղաքին նոր կարգավիճակը (միջազգային դպրոց, ԿԲ-ի շէնքերու համալիր, հանգստեան գօտի),
  2. Նոր ներդրողներու ներգրաւումը Դիլիջան,
  3. Միջազգային դրամատիրական կազմակերպութիւններու ներգրաւումը տարածաշրջանին ընկերա -տնտեսական զարգացման նախագիծերուն մասնակցելու համար։

Իբրեւ մարտավարական հարցեր սահմանուած են՝

  1. Նախագիծին իրականացման համար անհրաժեշտ տարածքներու սեփականատէրերուն ոչ կառուցողական մօտեցման հարցին լուծումը,
  2. Դպրոցին նախագծման եւ կառուցման համար միջազգային բնօրինակին օգտագործման հնարաւորութիւններուն համար իրաւական մեքենականութեան ստեղծումը, որոնք հիմնականօրէն չեն համապատասխաներ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող շինարարական օրէնքներուն։

Կառոյցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիլիջանի միջազգային դպրոցին ճարտարապետական նախագիծին ընտրութեան համար յայտարարուած է միջազգային մրցոյթ մը, որուն իբրեւ արդիւնք ընտրուած է անգլիացի ճարտարապետ՝ Թիմ Ֆլինի նախագիծը։ Հեղինակը տուեալ ճարտարապետական նախագիծին հիմքին դրած է վերջին 20 տարուան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կառուցուած 20 միջազգային դպրոցներու կառուցման ատեն օգտագործուած յառաջատար փորձը։

Դիլիջանի միջազգային դպրոցին շինութիւններուն ընդհանուր հողատարածքը կը կազմէ շուրջ 87.1 հեքթար։ Կառուցապատման ենթակայ տարածքը կը կազմէ 20.1 հեքթար, որմէ ճարտարապետական նախագիծին մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ շինութիւններուն կառուցումը.

  1. Դպրոցին հիմնական մասնաշէնքը (13,180 մ2)
  2. Մարզական մասնաշէնքը (6300 մ2)
  3. Գիտարուեստական մասնաշէնքը (456 մ2)
  4. Բժշկական կեդրոնը (368 մ2)
  5. Աշակերտներու կացարան 1 (5000 մ2)
  6. Աշակերտներու կացարան 2 (5000 մ2)
  7. Աշակերտներու կացարան 3 (5000 մ2)
  8. Աշակերտներու կացարան 4 (5300 մ2)
  9. Աշակերտներու կացարան 5 (5750 մ2)
  10. Բազմագործառնութեան կեդրոն (2400 մ2)
  11. Շէնք 37 (445 մ2)
  12. Մարզական մասնաշէնքին օժանդակ տարածք (2200 մ2)
  13. Արուեստի կեդրոն (5273 մ2)
  14. Հիմնական դահլիճ (1990 մ2)
  15. Անձնակազմի կացարան 1 (5000 մ2)
  16. Անձնակազմի կացարան 2 (5000 մ2)

Կրթական ծրագիրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումնական ծրագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիլիջանի միջազգային դպրոցին մէջ կը նախատեսուի, որ ուսումնական տարին կը տեւէ 274 օր, իսկ հանգիստի օրերը կ'ըլլան 91 օր։ 13-14 տարեկան երեխաներու կրթութիւնը կը նախատեսուի կազմակերպել պարտադիր, յաւելեալ եւ յարակից նիւթերով։

Պարտադիր դասանիւթերն են անգլերէնը, օտար լեզուները, թուաբանութիւնը եւ ընդհանուր գիտութիւնը, «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն»՝ Հ.Հ. քաղաքացիներուն համար։

Յաւելեալ դասանիւթերն են արուեստը, գծագրութիւնը եւ արուեստագիտութիւնը, պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը։ Յարակից դասանիւթերն են թատերական արուեստը, ֆիզիքական կրթութիւնը եւ առողջապահութիւնը, երաժշտութիւնը եւ այլն։

Ուսանողները պէտք է առնուազն «B» մակարդակ ունենան անգլերէնի մէջ եւ գերազանց թուաբանութեան մէջ։ Այդ քննութիւնները կը համապատասխանեն IGCSE կրթական ծրագիրին անցում կատարելու բնօրինակներուն համապատասխան։ Հայազգի ուսանողները կը դիմեն նաեւ հայագիտական դասանիւթեր։

14-16 տարեկան երեխաներու համար կը նախատեսուի կրթութիւնը կազմակերպել The International General Certificate of Secondary Education (IGCSE) կրթական ծրագիրին համապատասխան։ Բոլոր դասանիւթերը խմբաւորուած են հետեւեալ խումբերուն մէջ՝ Լեզուներ, մարդասիրական առարկաներ, թուաբանութիւն, Ստեղծագործական, ընկերաբանական գիտութիւններ եւ արհեստագիտութիւն։ Քննութիւնները կը կազմակերպուին ամրան։ Քննութիւնները կը կազմակերպուին դպրոցի intranet համակարգին միջոցով։

16-19 տարեկաններու ուսուցումը կը նախատեսուի կազմակերպել IB կրթական ծրագիրներուն համապատասխան։ Բոլոր առարկաները խմբաւորուած են հետեւեալ կերպով՝

  • Խումբ 1 - Ռուսերէն, Հայերէն, Անգլերէն,
  • Խումբ 2 - Ռուսերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Սպաներէն-B,
  • Խումբ 3 - Պատմութիւն եւ արուեստագիտութիւն, կազմուած մարմիններու եւ անոնց շրջապատին փոխյարաբերութեանց ուսումնասիրութիւնը,
  • Խումբ 4 – Կենսաբանութիւն, Քիմիագիտութիւն եւ բնագիտութիւն (Բարձր եւ բնօրինակ մակարդակ),
  • Խումբ 5 – Թուաբանութիւն (տարբեր մակարդակներու համար),
  • Խումբ 6 – Արուեստ, Երաժշտութիււն, Թատրոն:

Վկայական (Հիմնական) - Գիտութեան արուեստագիտութիւն (Technology of science) (դասընթացքը կը դասաւանդեն աւելի քան 17 ուսուցիչներ), CAS դասընթացք (Creativity, Actions and Service)։

Առարկաները կը բաժնուին նաեւ բարձր մակարդակի (Higer level) եւ բնօրինակ մակարդակի (Standard level)։ Իւրաքանչիւր ուսանող պէտք է ունենայ երեքական բարձր եւ բնօրինակ մակարդակի դասընթացքներ։ IB վկայական ստանալու համար ուսանողը պէտք է հաւաքէ առնուազն 24\45 նիշը։

Նախապատրաստական տարի (13-14 տարեկան)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Նախա-IGCSE ծրագիր՝ անգլերէնի, այլ օտար լեզուներու եւ թուաբանութեան խտացուած ուսուցում
  • Լրացուցիչ առարկաներ՝ կիրառական արուեստ, մարդասիրական գիտութիւններ, գիտութիւն եւ արուեստագիտութիւն՝ բազմազան տաղանդներ եւ հետաքրքրութիւններ զարգացնելու նպատակով:

IB Diploma (16-19 տարեկան)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կրթական խտացուած եւ հաւասարակշռուած երկամեայ ծրագիր՝ աւարտական քննութիւններով, որոնք ուսանողը կը պատրաստեն համալսարանական ընդունելութեան։

Cambridge IGCSE (14-16 տարեկան)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Լաւագոյն նախապատրաստում՝ աւելի քան 125 երկիրներու մէջ ընդունուած կրթական ծրագիր,
  • Հիմնական ուսումնական դասընթացքներ՝ անգլերէն, թուաբանութիւն, բնական գիտութիւններ եւ օտար լեզուներ,
  • Լրացուցիչ առարկաներ՝ արուեստ, երկրորդ օտար լեզու, գծագրութիւն եւ արուեստագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն:

Միացեալ Համաշխարհային Քոլէճներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միացեալ Համաշխարհային Քոլէճներ, United World Colleges (or UWC), կրթական շարժում մը, որուն մաս կը կազմեն 12 միջազգային դպրոցներ եւ քոլէճներ, 140 երկիրներու ազգային խնամակալ յանձնաժողովներ եւ շարք մը կարճաժամկէտ կրթական ծրագիրներ։

Արտադասարանային ուսուցում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլերէնի հարստացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլերէնի խտացուած ուսման ծրագիր՝ բոլոր մակարդակներու համար։

Մարզասրահային եւ բացօթեայ մարզանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզական զանազան զբաղումներ, թէ՛ խմբային, թէ՛ անհատական՝ ոտնագնդակ, կողովագնդակ, արկագունդ (volleyball), թենիս, լողալ, ձիավարութիւն եւ այլն։

Ակումբներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քննարկումներ, ճատրակ, լեռնագնացութիւն եւ արշաւներ:

Կիրառական արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտութիւն, պարարուեստ, բեմական արուեստ, կիրառական արուեստ Հայաստանի լաւագոյն մշակութային կեդրոններէն մէկուն մէջ։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Դիլիջան Միջազգային դպրոցին առաքելութիւնը