Jump to content

Դիակ

(Վերայղուած է Դիակ (արեւմտահայերէն)-էն)
Բժիշկ Նիքոլա Թիւլբի մարմնի մասին դասը, Ռեպրանդ: Նկարին մէջ պատահողը պատկերը եղած է 1632 թուականին տեղի ունեցած մարմնի մասին դասի ընթացքին` Ամսթրտամի մէջ:

Դիակ, դի, բժշկական եւ իրաւաբանական կիրառութեամբ` մարդու մահացած մարմին[1]:

Մարմնի քայքայումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հնդիկներու կողմէ սպաննուած ամերիկացի զինուորականի խոշտանգուած դին (1867):

Մարդու մարմնի քայքայուածութեան աստիճանի ուսումնասիրութիւնը կ'օգնէ բացայայտել, թէ որքան ժամանակ մարդը մահացած եղած է։

Քայքայման աստիճանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ինքնալուծութիւնը քայքայման աառաջին աստիճանն է, որու առաւել տարածուած անուանումը` ինքնամարսումն է։ Այս փուլի ընթացքին մարմնի բջիջները կ'ոչնչանան սեփական մարսողական բնախմորներու (enzymes) ազդեցութեամբ։ Ատոր արդիւնքով կ'առաջանայ հեղուկ մը, որ կը կուտակուի մաշկի շերտերուն միջեւ, անոր պատճառով մաշկը կը սկսի առանձնանալ։ Այս փուլի ժամանակ շրջապատի ճանճերը կրնան ձուադրել մարմնի անցքերուն մէջ` աչքերուն, քթանցքներուն, բերանին, ականջներուն, բաց վէրքերուն մէջ եւ այլն։ Առաջացած թրթուրները կը սկսին սնիլ մարմնով։

Քայքայման երկրորդ աստիճանը մարմնի փքուիլն է։ Աղիքներու մանրէաբոյսերը (bacteria) կը սկսին քայքայել մարմնի հիւսուածքները, առաջացած կազը կը կուտակուի բարակ աղիներուն մէջ, որ կ'առաջացնէ փքում։ Այս ընթացքը տեղի կ'ունենայ որովայնի խոռոչին մէջ, յաճախ` բերանին եւ սեռական օրկաններուն մէջ։ Լեզուն կրնայ կուլ տրուիլ, որ տեղի կ'ունենայ քայքայման երկրորդ շաբաթուան մէջ։

Վերջին եւ ամէնաերկար փուլը փտումն է։ Փտումի ընթացքին կը սկսին քայքայուիլ մարմնի մեծ օրկանները, հիւսուածքները կը հեղուկանան։ Մարսողական օրկանները, գլխուղեղը եւ թոքերը առաջինը կը քայքայուին։ Սովորական պայմաններուն մէջ, երեք շաբաթ անց օրկանները հնարաւոր չէ տարբերակել։ Մկաններով կրնան սնիլ մանրէյաբոյսերը կամ կենդանիները։ Սովորաբար քանի մը տարի անց, մարմնէն կը մնայ միայն կմախքը։

Դիակի կարեւորութիւնը գիտութեան մէջ[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտական հանրոյթին կողմէ դիակները կ'օգտագործուին բազմաթիւ տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Գիտութեան համար դիակներու օգտագործման կարեւորագոյն երեսակներէն մէկն այն է, որ անոնք մարդկային մարմնի կազմախօսութեան (anatomy) վերաբերեալ հսկայածաւալ տեղեկութիւններ հայթայթած են։ Դիակները գիտնականներուն թոյլ տուին ուսումնասիրել մարդկային մարմինը աւելի խոր մակարդակով, ինչ որ յանգեցուց որոշ մարմնամասերու եւ օրկաններու բացայայտման։

Երկու յոյն գիտնականներ՝ Հերոփիլոս Քաղկեդոնացին եւ Էրասիսթրաթոս Քիոսացին, առաջինն էին, որոնք Ք․Ա․ 3-րդ դարուն օգտագործեցին դիակներ։ Դիակներու հերձման միջոցով Հերոփիլոս բազմաթիւ յայտնագործութիւններ կատարեց մարդու կազմախօսութեան վերաբերեալ, ներառեալ՝ ուղեղի չորս փորոքներուն միջեւ եղած տարբերութիւնը, գանկուղեղային նեարդերու եօթը զոյգերու նոյնականացումը, զգայական եւ շարժողական նեարդերու միջեւ տարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ աչքի եղջերաթաղանթի, ցանցաթաղանթի եւ անօթաթաղանթի բացայայտումը։

Հերոփիլոս նաեւ յայտնաբերեց մարդու սրտի փականները, իսկ Էրասիսթրաթոս բացայայտեց անոնց գործառոյթը՝ փորձարկելով փականներու միջոցով արեան հոսքի անդառնալիութիւնը։ Էրասիսթրաթոս նաեւ յայտնաբերեց ու տարբերակեց մարդկային մարմնի երակներուն եւ զարկերակներուն միջեւ բազմաթիւ մանրամասնութիւններ։ Հետագային, դիակներու հերձման շնորհիւ, Հերոփիլոս նկարագրեց մարդու լեարդը, շնդիկը (pancreas), ինչպէս նաեւ արական եւ իգական վերարտադրողական համակարգերը։ Դիակները Հերոփիլոսին թոյլ տուին պարզել, որ արգանդը, ուր կ'աճի ու կը զարգանայ պտուղը, երկխորշ չէ։ Ասիկա կը հակասէր այն ժամանակուան ընդհանուր պատկերացումին, թէ արգանդը ունի երկու խորշ․ Հերոփիլոս բացայայտեց, որ այն ունի միայն մէկ խորշ։ Ան նաեւ յայտնաբերեց ձուարանները, լայն կապանները եւ իգական վերարտադրողական համակարգի փողերը։ Այդ ժամանակաշրջանին դիակները մարդու կազմախօսութեան մասին պատկերացում կազմելու միակ միջոցներէն մէկն էին։

Գաղիանոս (Ք․Ե․ 130–201) Արիստոտէլի եւ յոյն այլ բժիշկներու հռչակաւոր աշխատութիւնները կապեց մարդկային մարմնի մասին իր ըմբռնումներուն։ Գաղիանոսեան կազմախօսութիւնն ու բնախօսութիւնը (physiology) կը համարուէին այդ ժամանակաշրջանի մարդու մարմնի ուսումնասիրութեան դասաւանդման ամէնանշանաւոր մեթոտները։

Անտրէաս Վեզալիուս (1514–1564), որ ծանօթ է որպէս ժամանակակից մարդկային կազմախօսութեան հայր, իր գիտելիքները հիմնեց Գաղիանոսի գտածոներուն եւ մարդկային դիակներու իր սեփական հերձումներուն վրայ։ Վեզալիուս բազմաթիւ հերձումներ կատարեց բժշկական ուսանողներու համար, որպէսզի անոնք ճանչնան եւ հասկնան, թէ ինչպէս կը գործեն մարդու ներքին օրկանները։ Դիակները նաեւ օգնեցին Վեզալիուսին հերքելու յոյն բժիշկ Գաղիանոսի հրատարակած նախկին տեսակետները՝ կապուած ուղեղի եւ մարդու մարմնի որոշ գործառոյթներուն հետ։ Վեզալիուս եզրակացուց, որ Գաղիանոս երբեք դիակներ չէր օգտագործած մարդու կազմախօսութեան մասին ճիշդ պատկերացում ստանալու համար, այլ փոխարէնը օգտուած էր իր նախորդներու գիտելիքներէն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. New Oxford Dictionary of English, 1999. cadaver Medicine: or poetic/literary: a corpse.
  2. (անգլերեն) Cadaver, 2025-12-14, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Cadaver&oldid=1327489743, վերցված է 2026-01-13