Jump to content

Դժոխքը Երկրի Վրայ (Վէպ)

Դժոխքը Երկրի Վրայ (Վէպ)
Պատկեր:Դժոխքը երկրի վրա.jpg

Դժոխքը Երկրի Վրայ, Վաղինակ Բեքարեանի 1959 թուականին տպագրուած վէպն է[1]։

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքի թեման վերցուած է արեւմտահայերու կեանքէն։ Գործողութիւնները կը զարգանան 1915 թուականին Նիկոմեդիայի շրջանի Նոր-Գիւղին մէջ։ Գիւղի բնակչութիւնը կ՚արժանանայ ողջ արեւմտահայութեան բախտին՝ սկիզբը կը ձերբակալեն եւ կը գնդակահարեն գիւղի ականաւոր մարդոց, ապա ձեռնամուխ կ՚ըլլայ ժողովուրդի տեղահանութեան։

Սակայն գիւղի բնակչութիւնը, գիտակցելով իրեն վիճակուած սեւ ճակատագիրը, կը նախընտրէ մահանալ զէնքը ձեռքին եւ քանի մը յանդուգն հայրենասէրներու ղեկավարութեամբ զէնք կը բարձրացնէ ու չի ենթարկուիր տեղահանման հրամանին։

Հայերը կը դիմադրեն եւ հերոսաբար կը պայքարին։ Դաժան եւ անհաւասար պայքարին մէջ կը կործանուի Նոր-Գիւղը։ Փոքրաթիւ ազատուողներու մէջ կ՚ըլլայ ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն մէկը՝ գրքի հերոս Զորենը, որ լեռ կը բարձրանայ եւ կը շարունակէ պայքարը։ Ան կը կարողանայ պատժել գիւղի կործանման գլխաւոր պատասխանատուներուն[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Վաղինակ Բեքարյան, Դժոխքը երկրի վրա, Հայպետհրատ Երևան, 1959, 254 էջ
  2. «Դժոխքը երկրի վրա»։ արտագրուած է՝ 2020 թ․ հուլիսի 31 [permanent dead link]Կաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում