Դեւ
| Դեւ | |
|---|---|
|
| |
| Տեսակ | կրոնական հասկացություն? |
| Ենթատեսակ | ոգի?, դիցաբանական կերպար, գերբնական էակ?, առասպելական էակ? և fictional creature? |
| Երեւի կը համընկնի | Չար ոգի?, սատանա?, Ջին?, Div (mythology)?, genius?, Ոգի (դիցաբանություն)?, unclean force?, akuma? և mazoku? |
| Demons Ուիքիպահեստին մէջ | |
Դեւ[1] (հին յուն․՝ δαίμων՝ տեմոն բառէն, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «ոգի, աստուածութիւն»), գերբնական արարածներու կամ ոգիներու հաւաքական անուանում, որոնք աստուածներու համեմատ ունին աւելի ցած դիրք[2]։ Ըստ սնահաւատութեան սկզբնապէս՝ ոգի, ոգեղէն գոյացութիւն, բարձր կարողութիւններով, հրեշտակներու նման, չար կամ բարի[3]։
Սոկրատէսն ու անոր հետեւորդները՝ Պղատոնը, ստոյիկները եւ միւսները, դեւերը կը բնութագրէին իբրեւ մարդու «ներքին ձայն», խիղճ։ Հռոմէական դիցաբանութեան մէջ կայ Կենիոսի (Genius) կերպարը, իսկ քրիստոնէութեան մէջ՝ պահապան հրեշտակը[4][5][6]։
Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, սլաւները «դեւ» բառը գործածած են իբրեւ հոմանիշ «պէս» (բես) բառին, որով ԺԱ․ (11-րդ) դարէն սկսեալ[7] Ռուսիոյ մէջ բնակիչները անուանած են հեթանոսական աստուածներու հարստութիւնը (տոհմը)։ Աստուածաշունչը յունարէնէ թարգմանելէ ետք, եկեղեցական սլաւոներէն եւ ռուսերէն լեզուներուն մէջ «դեւ»ը դարձած է «պէս»ի հոմանիշ[8], իսկ անգլերէնի եւ գերմաներէնի մէջ կը կիրարկուի «սատանայ» բառը (անգլ․՝ devil, գերմ․՝ Teufel)։
Դեւերու բնոյթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դեւերը հին յունական գրականութեան մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հնադարին «դեւ» (դայմոն) եւ «աստուածութիւն» բառերուն միջեւ տարբերութիւն չէ եղած, քանի որ դեւերը չեն ընկալուած իբրեւ միայն չար կամ բարի։ Կը համարուէր, որ դայմոնները կրնային ունենալ տարբեր բնոյթներ, այդ թիւին՝ նաեւ խառն, այսինքն՝ հաւասարապէս կրնային եւ՛ չարիք, եւ՛ բարիք գործել։ Դայմոններու մասին հիմնական տեղեկութիւնները (որոնք հոմանիշ էին քրիստոնէական հրեշտակներուն) հին յունական աղբիւրներու մէջ կը հանդիպին Պլատոնի «Երկխօսութիւններ», «Խնճոյք», «Սոկրատէսի գովաբանութիւնը», «Էպինոմիս» աշխատութիւններուն մէջ։ Սոկրատէս երկխօսութիւններուն մէջ կ'ըսէ, որ իրենց կը տիրէ «դայմոնիոս»ը կամ կենիոսը, որ հեռացած է չար ուժերէն եւ կ'երթայ բարիի ուղղութեամբ։ Այնուհետեւ «Սոկրատէսի դեւը» կը նոյնացուի Պլատոնի Աստուծոյ եւ նէոպլատոնականներուն հետ։ Ապուլէոսը (Apuleius), որ հռոմէացի փիլիսոփայ-պլատոնական էր, մեկնաբանած է «Սոկրատէսի դեւին» գաղափարը իր «Սոկրատէսի Աստուծոյ մասին» (De deo Socratis) աշխատութեան մէջ։ Աշխատութիւնը կը պատմէ «Սոկրատէսի դեւին» բնոյթին եւ աստուածներու ու մարդոց միջեւ եղած միջանկեալ էակներուն մասին[9]։
«Էպինոմիս» աշխատութեան մէջ (984d-985) Պլատոն դայմոնները կը բնութագրէ իբրեւ օդային էակներու տեսակ, որոնք ոգիներու նուիրապետութեան (հիերարխիային) մէջ ունին երրորդ եւ չորրորդ կարգերը՝ աստղերէն եւ աստուածներէն ետք։ Դայմոնները, որոնք գտնուած են մարդոց եւ աստուածներու միջեւ, իրականացուցած են միջնորդի դեր վերջիններուս միջեւ։ Այդ իսկ պատճառով, հին յունական ծէսերու ատեն առանձնայատուկ աղօթքով դիմած են նաեւ անոնց։ Դայմոնը (կենիոսը) մարդուն կը միանայ ծննդեան պահէն եւ զայն կ'ուղեկցի մինչեւ մահ։ Չորրորդ կարգի դայմոնները կազմուած են օդէն եւ եթերէն, այդ իսկ պատճառով «որքան ալ անոնք մեզի մօտ ըլլան, կը շարունակեն մնալ անտեսանելի»։ Բացի այդ, անոնք նաեւ «ամէն ինչ արագ կը սորվին եւ ունին լաւ յիշողութիւն»։
Պլատոն բոլոր դայմոնները կ'անուանէ «պատգամաբերներ, որոնք կը թռչին բաւական արագ եւ կրնան ամէն ինչ մոխիրի վերածել»։ Դայմոնները «անկասկած գոյութիւն ունին, երբ խօսքը առանձին անհատներու կամ հասարակութիւններու հաւատալիքներուն մասին է»։ Ըստ հաւատալիքներու՝ անոնք կը յայտնուին գիշերային երազներու մէջ։ Անոնց հետ կապ կը հաստատեն գուշակներն ու քուրմերը։ Անոնք կրնան բռնել ինչպէս հիւանդները, այնպէս ալ առողջ մարդիկը։ Հին յոյները անգամ պաշտած են առանձին դեւեր՝ իբրեւ կուռքեր։
Պլատոնի եւ ստոյիկներու հետեւորդները դեւերը կը նմանցնեն «անդրաշխարհէն վերադարձած մարդու հոգիին, որ կը փորձէ վերադառնալ իր տարերքին»։
Յամբլիքոսը իր «Եգիպտական միսթերիաներ» աշխատութեան մէջ կը տարբերակէ դեւերը տեսանելի (ճանաչելի) եւ անտեսանելի (ոչ ռացիոնալ) աստուածութիւններէն ու կիսաստուած հերոսներէն։ Իրենց բնոյթով դեւերը աւելի ցած են, քան աստուածները։
Յուդայականութիւն եւ Թալմուտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստուածաշունչին մէջ դեւերը ունին ոչ ինքնուրոյն դեր։ Թալմուտին մէջ կայ յիշատակութիւն այն մասին, որ դեռեւս թանայացիներու ատեն բնակչութիւնը կը հաւատար դեւերու գոյութեան[10]։
Համաձայն թալմուտեան վկայութեան՝ դեւերը Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած են առաջին շաբաթ օրուան նախորդած մթնշաղի ատեն։ Մինչեւ Ան կը հասցնէր ստեղծել դեւերը, հասած է գիշերը, այդ իսկ պատճառով դեւերը ձեռք չեն բերած մարմնական տեսք։ Անոնք միջանկեալ դիրք ունին մարդոց եւ հրեշտակներու միջեւ։ Անոնք կը բնակին երկինքի մէջ՝ երկրի եւ լուսնի միջեւ՝ նախընտրելով աղտոտ եւ անապատային տեղանքներ։
Քրիստոնէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԱ․ (11-րդ) դարուն Ռուսիոյ մէջ բառին նշանակութիւնը սկսած է փոփոխուիլ, որմէ ետք դեւ անուանուած են բոլոր այն աստուածութիւններն ու գերբնական էակները, որոնք ունեցած են հեթանոսական ծագումնաբանութիւն։ Այս կարգին դասուած են նաեւ չարագործ ոգիներն ու առասպելական տարբեր էակները։
Այսպէս, յունարէն դեւ (դայմոն) բառը Աստուածաշունչին մէջ կիրարկուած է «պէս» (բես) տարբերակով, իսկ Աստուածաշունչի անգլերէն եւ գերմաներէն թարգմանութիւններուն մէջ կը գործածուին «տէվիլ» (չարք, սատանայ) անգլ․՝ devil, գերմ․՝ Teufel բառերը։
Գերբնական ոգիները, որոնք Աստուծոյ կողմէ չեն արտաքսուած, կը կոչուին հրեշտակներ։ Ասկէ ալ ծագած է «արտաքսուած հրեշտակներու» մասին աստուածաշնչական աւանդոյթը, համաձայն որուն Աստուած երկինքէն վտարեց հրեշտակներուն մէկ մասը, որոնք ըմբոստութիւն բարձրացուցին Աստուծոյ դէմ այն բանին համար, որ Աստուած մարդոց շատ իրաւունքներ տուած էր։
Քրիստոնէական աւանդոյթին համաձայն՝ դեւերը Սատանային ծառաներն են, որոնք կը բնակին դժոխքի մէջ։ Անոնք կրնան յայտնուիլ երկրի վրայ։
Թէ՛ դեւերը եւ թէ՛ հրեշտակները մեծ դեր ունին Արեւմուտքի կախարդական ծէսերուն մէջ։ Արեւմուտքի մէջ զարգացած են դեւագիտութիւնն ու հրեշտակագիտութիւնը, որոնք ծագած են կնոստիկութեան եւ քապալայի զարգացման արդիւնքով։ Կախարդական գիրքերու մէջ նշուած են ոգիներուն անունները, պարտականութիւնները, կարելիութիւնները, զանոնք կանչելու, ինչպէս նաեւ կախարդին ենթարկելու կարգը։
Դեւերու նուիրապետութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջնադարեան Եւրոպայի խորհրդապաշտներուն (միսթիքներուն) եւ գուշակներուն կարծիքով՝ դեւերը կը բաժնուին 9 խումբերու։ Այս մասին առաջին անգամ խօսած է հոլանտացի բժիշկ եւ ծածկագէտ (օքուլթիսթ) Եոհան Վէյերը (Johann Weyer) իր «Pseudomonarchia Daemonum» (1588) աշխատութեան մէջ։ Ան տուած է դեւերու մանրամասն դասակարգումը եւ զանոնք կանչելու կարգը։ Կան նաեւ դեւերու նկարագրութեան այլ աղբիւրներ[11]։
Ընդհանուր առմամբ կարելի է առանձնացնել դեւերու մի քանի հիմնական խումբեր.
- Կենիոս (Genius)՝ պահապան դեւեր, որոնք կ'ուղեկցին մարդուն, առարկային կամ տեղանքին։ Այս կարգին կարելի է դասել ժողովրդական բանահիւսութեան (ֆոլքլորի) տարբեր կերպարներ, ինչպէս օրինակ՝ անտառային, ջրային, տան ոգիները, վհուկները, նիմֆերը, տրիատները, շետուները։
- Որեւէ տարածքի հետ չկապուած էակներ, ինչպէս օրինակ՝ թզուկները, էլֆերը, ջրահարսները, սատիրները, սուքուպները եւ այլն։
- Արքոնտներ, որոնք բնութեան ուժերուն եւ տիեզերքի մարմնաւորումն են ու կը պահպանեն երկինքի եւ երկրի կարգուկանոնը։ Ասոնց շարքին կը դասուին դեկանները։
Դեւերը մշակոյթին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքերու մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սերկէյ Մալիցքի՝ «Արպան Սայէշ»
- Վիքթոր Իսեմին՝ «Ինկվիի դեւը»
- Էնթոնի Փիրս՝ «Քսանֆ»
- Եուլիա Ֆետոտովա՝ «Ճակատագրի վարձկանները»
- Ճոնաթան Սթրաուտ՝ «Պարթեմիուսի եռագրութիւնը»
Անիմէի եւ մանկայի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Ao no Exorcist» (Կապոյտ դեւահանը)
- «Beelzebub» (Բեէլզեբուղ)
- «Jigoku Shoujo» (Դժոխքի աղջիկը)
- «Kuroshitsuji» (Սեւ սպասաւորը)
- «Majin Tantei Nougami Neuro» (Դեւ-խուզարկու Նօկամի Նէուրօ)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Դև, 2025-11-08, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B4%D6%87&oldid=10517429, վերցված է 2026-09-30
- ↑ Лосев, Иванов, 1987
- ↑ «Նայիրի բառարան»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2026-09-29
- ↑ Байков Э. Символика сновидений, мифов и мистицизма. — Litres, 2014. — ISBN 978-5-457-28374-9.
- ↑ Смагина Е. Б. Кефалайа // Памятники письменности Востока (Том 115). — «Восточная литература» РАН, 1998. — ISBN 978-5-02-017988-2. — С. 394.
- ↑ Гетевские чтения. // Научный совет по истории мировой культуры (Академия наук СССР). Комиссия по изучению творчества Гёте и культуры его времени. — Наука, 1991. — С. 82
- ↑ «Слово о законе и благодати» XI века, «Слово о полку Игореве» XII века и в древнерусских летописях
- ↑ Ветхий завет:
- ↑ О божестве Сократа | Симпосий Συμπόσιον
- ↑ Демонология՝ հոդվածը Հրեական էլեկտրոնային հանրագիտարանում
- ↑ «The Demonic Hierarchies». from various sources as cited. Վերցված է 2014 թ․ փետրվարի 5-ին.