Jump to content

Դեղերու Չարաշահում

Դեղերու Չարաշահում, Մարիխուանայի հետ միասին օրինական դեղատեսակները Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն շատ չարաշահուող դեղատեսակներն են: Անոնք կրնան բուժել մարդիկը եւ օգնել անոնց: Սակայն այդ դեղատեսակներէն շատերը կրնան կախուածութիւն յառաջացնել եւ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ սխալ կերպով օգտագործուին:

Նախզգուշութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախզգուշութեան համար, հարկ է յայտնաբերել յաճախ չարաշահուող որոշ դեղատեսակներ.

Պարպիթուրէյթներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանգստացնող դեղեր են (sedative), ինչպէս` Phenobarbital-ը, Pentobarbital-ը (Nembutal) եւ secobarbital-ը (Seconal): Անոնք կ'օգնեն մտահոգութեան, քունի հետ կապուած խնդիրներու եւ որոշ նոպաներու պարագային: Բայց եթէ անհատը իրեն համար նախատեսուած դեղաչափէն կամ տեւողութենէն աւելի սպառէ, կրնայ կախուածութեան մէջ իյնալ: Մեծ դեղաչափերը կրնան շնչառութեան դժուարութիւն յառաջացնել, յատկապէս եթէ զանոնք օգտագործեն ալքոլ խմելու ատեն: Եթէ կարելի չէ գործել առանց պարպիթուրէյթներու, բժշկական միջամտութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտ: Կախուածութիւնը կտրուկ ձեւով կանխելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:

Պենզօտիազեփիններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Alprazolam-ը (Xanax), Clonazepam-ը (Rivotril) եւ Diazepam-ը (Valium) պենզոտիազեփիններու օրինակներ են` հանգստացնողի մէկ այլ տեսակ, որ կրնայ օգնել մտահոգութեան, նոպաներու եւ քունի հետ կապուած խնդիրներու պարագային: Անոնք լաւ կ'աշխատին եւ աւելի անվտանգ են պարպիթուրէյթներէն: Բայց չափէն աւելի օգտագործուած կամ նոյնիսկ սահմանուած կարգով օգտագործած պարագային, անոնք նաեւ կրնան ի վերջոյ կախուածութիւն յառաջացնել: Այս դեղերու կտրուկ դադրեցումը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:

Կարգ մը դեղատեսակներ, ինչպէս` Zolpidem-ը (Stilnox), Eszopiclone-ը (Lunesta) եւ Zalpelon-ը (Sonata), կրնան օգնել ստանալու պէտք եղած հանգիստը: Բայց եթէ անոնք բժիշկին առաջարկածէն աւելի երկար գործածուին, կրնան կախուածութիւն յառաջացնել եւ քնանալու յաւելեալ կարիք ունենալ: Քունի առողջաբանութեան (Sleep Hygiene) հմտութիւններու կիրարկումը քունի հետ կապուած խնդիրներու լուծման լաւագոյն միջոցն է: Թէեւ անոնք այնքան կախուածութիւն չեն յառաջացներ, որքան` որոշ քնաբերներ, սակայն բժիշկները  մտահոգուած են անոնց չարաշահումներով, եթէ անոնք չառնուին սահմանուած կարգով:

Քոտէին եւ մորֆին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դեղագիրով չարաշահուած դեղերէն են նաեւ քանի մը տեսակ ցաւազերծողները, մասնաւորապէս` ափիոնները (opioid): Այս դեղերը կը մեղմացնեն ցաւը, բայց մեծ դեղաչափերով անոնք կրնան նաեւ յառաջացնել ամպերու մէջ ըլլալու զգացում մը եւ վտանգաւոր կողմնակի ազդեցութիւններ: Բժիշկները սովորաբար մորֆին կը նշանակեն ուժեղ ցաւերու պարագային, իսկ քոտէինը` աւելի մեղմ ցաւի կամ հազի պարագային:

Օքսիքոնթին, Փերքոսեթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մէկ այլ ափիոնային ցաւազերծող մըն է Oxycodon-ը: Ան առկայ է OxyContin-ի, Percocet-ի, Percodan-ի եւ Roxicodone-ի մէջ: Մարդիկ, որոնք կը չարաշահեն օքսիքոտոնը, երբեմն կը փշրեն եւ կը ռնգաշնչեն (sniff) կամ կը ներարկեն զայն. բաներ, որոնք կը մեծցնեն չափէն աւելի դեղաչափ ստանալու վտանգը: OxyContin-ի «փողոցային» անուններէն են «oxy», «O.C.» եւ «oxycotton»-ը, իսկ Percocet-ի պարագային` «percs»-ը:

Այս դեղը կը պարունակէ ափիոն Hydrocodone-ը եւ Paracetamol: Ափիոնները կը պատճառեն քնկոտութիւն եւ պնդութիւն: Բարձր չափաբաժինները կրնան վտանգաւոր շնչառական խնդիրներ յառաջացնել: Վայքոտինի «փողոցային» անուններէն են «vike»-ը եւ «Watson-387»-ը: Այս ափիոնային դեղատեսակը դադրեցնելէ ետք ձեր մարմինը կրնայ կախուածութիւն ունենալ:

Երբ բժիշկներ դեղագրեն խթանիչներ (stimulants), ինչպիսիք են` Adderall, Adderall XR, Dextroamphetamine եւ Mydasis ամֆեթամինները, անոնք կրնան օգնել ADHD ունեցող մարդոց: Բայց որոշ մարդիկ կ'օգտագործեն ամֆեթամինները` ամպերու մէջ ըլլլալու, ներուժն ու զգօնութիւնը բարձրացնելու կամ իրենց ծանրութիւնը նուազեցնելու համար: Մեծապէս կարելի է կախուածութիւն յառաջացնել խթանիչներէ: Բարձր դեղաչափերը կրնան յանգիլ մարմինի ջերմաստիճանի վտանգաւոր բարձրացման, անկանոն սիրտի բաբախումի եւ նոյնիսկ սիրտի գործունէութեան անկման: Ամֆեթամիններու ծածկանուններէն են` «bennies», «black beauties» եւ «speed»:

Այս մէկը նաեւ ADHD-ի խթանիչ դեղատեսակներէն է: Անոր անուններէն են` Concerta, Daytrana, Metadate, Methylin եւ Ritalin: Անոր ծածկանուններէն են` «MPH», «R-ball», «Skippy», «The smart drug» եւ «Vitamin R»: Եթէ խթանիչներ օգտագործուին, ապա զանոնք սովորական հակաարիւնազեղողներու (decongestant) հետ համատեղ առնելը կրնայ յանգիլ արեան վտանգաւոր գերճնշման կամ անկանոն սիրտի բաբախումի:

Տեքսթրոմեթորֆան (DXM)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեքսթրոմեթորֆանը պաղառութեան եւ հազի դէմ առանց դեղագիրի տրուող դեղատեսակներու ամենատարածուած բաղադրիչն է, ան կ'օգնէ հազը դադրեցնելու: Բայց մեծ չափաբաժինները կրնան անհատը ամպերուն մէջ զգալ տալ եւ ցնորատեսութիւն (hallucination) յառաջացնել: Ան առկայ է դեռահասներու դեղերուն մէջ նաեւ` իբրեւ հազի տեսակաւոր օշարակներուն մէկ բաղադրիչը: Բարձր չափաբաժինները նաեւ կը յառաջացնեն փսխում, սիրտի արագ բաբախում եւ հազուադէպ պարագաներու` ուղեղի վնաս:

Սոտոէֆետրին Pseudoephedrine
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասիկա պաղառութեան դէմ առանց դեղագիրի տրուող բազմաթիւ դեղերու մէջ պարունակուած հակարիւնազեղողն է (decongestant): Հակառակ որ անիկա կ'օգնէ մաքրելու «գոց» քիթը, նաեւ անօրինական մեթամֆեթամինի մէկ բաղադրիչն է: Մեթի չարաշահումը զսպելու համար Միացեալ Նահանգներու օրէնքներն այժմ կը վերահսկեն Սոտոէֆետրինի սպառումը: Ահա թէ ինչո՛ւ պաղառութեան որոշ դեղեր տեղադրուած են դեղարաններու վաճառասեղաններուն ետեւը[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]