Jump to content

Դդումին Կուտերը

Դդումին կուտերը, Դդումին կորիզները, դդումին մէջ գտնուող ճերմակաւուն, հարթ կորիզներ են։

Կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ սննդարար նիւթեր, ինչպէս՝ իւղեր, սպիտակուցներ, հանքանիւթեր եւ տարբեր կենսանիւթեր[1]։

Յաճախ չորցուելով եւ աղով թեթեւակի բովելով, կ'օգտագործուին աղցաններու, հացի կամ այլ ճաշատեսակներու վրայ։

Դդումին կորիզները կիսաեղջերակաձեւ են (հաւկթաձեւ), արտաքնապէս՝ ճերմակ, իսկ ներսի ձէթաւոր սերմը՝ կանաչ։

Դդումի կուտերուն յատկանիշները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Դդումին կուտերը կը պարունակեն Ա. եւ Էօ. կենսանիւթեր, որոնք կը նպաստեն մորթի երիտասարդութեան եւ եղունգներու ու մազերու առողջութեան  պահպանման:
  • Կարելի է օրական պզտիկ ափ մը դդումի կուտ ուտել եւ կամ զայն օգտագործել աղցաններու մէջ:
  • Զինկով հարուստ դդումի կուտերը կարեւոր են մորթին համար, քանի որ կ'օգնեն կանխելու բշտիկներու եւ բորբոքումներու յառաջացումը:
  • Մեծ քանակութեամբ մանրաթելերուն շնորհիւ` դդումի կուտերը կ'օգնեն կարգաւորելու նիւթափոխականութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ աւելորդ ճարպերու այրման: Թէեւ դդումի կուտերը բաւական բարձր ջերմուժ կը պարունակեն, սակայն անոնք կը սանձեն անօթութեան զգացողութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ նիհարնալու[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]