Jump to content

Դդում

Մեծ դդումը շատ առողջարար բանջարեղէն է, հարուստ կենսանիւթերով` Սէ, Պէ, Էօ, Փէ Փէ եւ նոյնիսկ հազուագիւտ կենսանիւթերով`Թէ եւ Քա:

Բացի կենսանիւթերէն`դդումը հարուստ է հանքայիններով եւ «միքրօ էլեմաններ»ով, որոնք անհրաժեշտ են մարմինին բնական փոխանակութեան համար:

Դդումի յաճախակի օգտագործումը կը կանխարգիլէ եւ կը դարմանէ բազմաթիւ հիւանդութիւններ:

Դդումին բարիքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Դդումը միզեցնող է եւ թեթեւ լուծողական:
  • Դդումը կը զօրացնէ մարմինին դիմադրականութիւնը:
  • Մեծ մասամբ ջուրէ եւ բնաթելէ կազմուած դդումի պտղամիսը կ'օգնէ նիհարնալու:
  • Պեթա քարոթենը, Սէ կենսանիւթն ու բնաթելերը դդումը կը դարձնեն քաղցկեղի յառաջացումը կանխարգիլող մթերք:
  • Դդումին կուտերը կը նուազեցնեն օսթէոփորոզի յառաջացման հաւանականութիւնը:
  • Զինկով հարուստ դդումը կը կանխէ ոսկորներու փխրունութիւնը եւ, միւս կողմէ, կը մեղմացնէ ցաւերը յօդերու հիւանդութեան պարագային:
  • Դդումին իւղը կը նպաստէ վէրքերու արագ սպիացման, իսկ դդումով պատրաստուած ապուրը օգտակար է կոկորդի ցաւէ եւ կրիփէ տառապողներուն:
  • Դդումին հիւթը կ'օգնէ երիկամներու, միզապարկի եւ լեարդի քարերու արագ տարրալուծման:
  • Դդումի հիւթը կ'օգնէ քունին, կը հանգստացնէ ջղային համակարգը, կը կանոնաւորէ նիւթափոխանակութիւնը:
  • Դդումի հիւթը կը դարմանէ թութքը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]